ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀՐԱՏԱՊ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԳԱՒԱՌԻ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԿՐԱԾ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Պատրիարքական Աթոռը այս առաւօտ հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Այս առաւօտ ժամը 04.00-ի շուրջ Քահրամանմարաշի կեդրոնով պատահած երկրաշարժը մեծ աւերներ գործեց Թուրքիոյ կարեւոր շրջանի նահանգներէն ներս։ Մանաւանդ պատահած է մարդկային կեանքի կորուստներ կարեւոր թիւով։

Երկրաշարժի պատճառած աւերները բնականաբար ցաւ յառաջացուցած են Թուրքիոյ տարածքին եւ պետութեան համակարգը անմիջական միջամտութիւններու ձեռնարկած է աւերուած շրջաններէն ներս։

Այս առաւօտ կանուխ ժամերուն Պատրիարքական Աթոռը Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայի եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայի միջոցաւ կապ հաստատած է այն շրջաններուն հետ, ուր կը գտնուին եկեղեցիներ ու համայնք եւ իրենց փոխանցուած է Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւններն ու ցաւակցութիւնները։

Առաջին առթիւ ստացուած տեղեկութիւնները կը տրուին ստորեւ։ Յառաջիկային ստացուելիք լուրերը պիտի հաղորդուին։

ՄԱԼԱԹԻԱ.- Համայնքի ընտանիքներէն մէկուն բնակարանը փլած ըլլալով մահ պատահած է. կեանքի կորուստ։ Զոհուածները այր ու կին են։

ԷԼԱԶԸՂ.- Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։ Համայնքի անդամերը թէեւ վրդոված են, սակայն անձի կորուստ չկայ։

ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ.- Յովհաննէս Կաֆֆուրէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, եկեղեցին վնաս չէ կրած։ Քաղաքին մէջ աւերուած են շէնքեր։

ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆ.- Տ. Աւետիս Քահանայէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, քաղաքի կեդրոնը աւերներ յառաջացած է։ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին հիմնայատակ կործանած է։ Սրբոց Քառասուն Մանկունք եկեղեցին եւս աւեր կրած է։ Անձի կորուստի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ.- Մտահոգիչ պարագայ չկայ։

ՍՎԱՍ.- Երկրաշարժը թէեւ զգալի դարձած է, սակայն համայնքի անդամները միայն վրդոված են։ Անձի եւ ինչքի կորուստ չկայ։

ԿԵՍԱՐԻԱ.- Երկրաշարժը զգալի ըլլալով հանդերձ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին որեւէ վնաս չէ կրած։

*

Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ մասնաւորապէս Իսքենտէրունի մէջ կան նաեւ վնասուած այլ քրիստոնէական սրբատեղիներ։ Հաթայի մէջ լատինաց եկեղեցին եղած է հիմնայատակ, լրջօրէն վնասուած է նաեւ յունաց եկեղեցին։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, այս երկրաշարժին հետեւանքով Սուրիոյ մէջ զոհուածներու շարքին կան նաեւ հայեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023