ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

6 փետրուար 2023-ի երկրաշարժի տարելիցին ընդառաջ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ հայ համայնքին։ Ան պատարագեց քաղաքի հայկական գերեզմանատան մատրան մէջ։ Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յատկապէս յիշատակուեցան երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած մեր համայնքի անդամները։ Այցելութիւններ տրուեցան նաեւ հանգուցեալներու շիրիմներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024