ԱՄՆ-Ի ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնին (4 յուլիս) առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյքի եւ Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Ճուլի Ատէնի տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր ընդունելութիւնը, որուն մասնակցեցան Թուրքիայէն բարձրաստիճան դիւանակալներ, դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր, գործարարներ, մտաւորականներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ, Իսթինիէ, կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆլէյքի եւ Ատէնի անձին մէջ թրքահայութեան անունով յղեց շնորհաւորութիւններ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024