Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

Ծաղկաձորի մէջ կը շարունակուի Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական երիտասարդաց հաւաքը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ «Դէպի Հայաստան, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքը այս շաբաթավերջին իր աւարտին պիտի հասնի։ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած այս մեծ հաւաքին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն կը մասնակցին բազմահարիւր եկեղեցասէր հայ երիտասարդներ։

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւս մասնակցութիւն կը բերէ այս երիտասարդաց հաւաքին։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Ծաղկաձոր մեկնած են՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Սիրունիկ Ժպիտ Վարդանօղլու եւ փարալիմփիք լողորդ Գարին Էօճալ։ Պոլսահայ մասնակիցները հաւաքի եզրափակումէն վերջ յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի վերադառնան քաղաքս։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի։ Ծաղկաձորի մէջ Նորին Սրբութիւնը հայրական ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուց պոլսահայ երիտասարդները։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018