ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդը փութացած էր փոխադարձել տեղապահ սրբազան հօր կողմէ իրեն տրուած այցին։ Գումգաբուի մէջ երկու հոգեւոր առաջնորդները ունեցան ջերմ զրոյց մը։ Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը ասորի մետրապոլիտին նուիրեց գիրք մը։

Պատրիարքարանի զրոյցէն վերջ, հիւր մետրապոլիտը եւ իր ընկերները իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը այս փուլին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի մասին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017