ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԱԿԱՆ ՑԱՆԿ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԱՄԱՐ

Թրքահայութիւնը Ս. Ծնունդի տաղաւարը նշեց մեծ ոգեւորութեամբ։ Մինչ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տօնական ուրախութիւն ստեղծուեցաւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ տաղաւարի աւանդական ընդունելութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ «Պէզճեան» սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալեց թրքահայ հաստատութիւններու վարիչները, բարերարներ եւ բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, որոնք փոխանակեցին անկեղծ բարեմաղթանքներ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչները։

Երէկուան ընդունելութիւնը բնորոշուեցաւ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան երկար ատենէ ի վեր սպասուած ընտրութեան նոր խմորումներու հրապարակումով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսք տուաւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուին, որ նշեց, թէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատասխանատուները յարմար կը դատեն իր հետ աշխատելով այս գործընթացը ի կատար ածել։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աւելի վերջ արտայայտուելու հրաւիրեց նաեւ Պէյօղլու սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեանը, որ տեղեկացուց համայնքէն ներս թեկնածուական նոր խումբի մը ձեւաւորման խմորումներուն մասին՝ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ղեկը ստանձնելու յաւակնութեամբ։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ աջահամբոյրով, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին նուիրեց նուռեր։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2025