ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած հանդէսը բացառիկ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Մանկապարտէզի հինգ դասարանները հանդէսի յայտագիրը այնպիսի ոգեւորութիւնով մը գործադրեցին, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքի տօնական հրճուանքը բազմապատկուեցաւ։ Մանկապարտէզի փոքրիկներէն վերջ, դպրոցի միւս սաներն ալ տարբեր օրերու հանդէսներով քայլ յարմարցուցին նոյն բարձր տրամադրութեան։ Այս բոլոր փուլերուն ներկայ էին Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ՝ մինչ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց աշակերտներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Ի լրումն այս բոլորին, վարժարանի ուսուցչական կազմն ալ առանձին հաւաքոյթով մը համախմբուեցաւ՝ բարեմաղթութիւններու փոխանակման մթնոլորտին մէջ։

Միւս կողմէ, այս տարի Տատեան վարժարանի բոլոր սաներուն նուիրուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Ամանորի գունաւոր բացառիկէն նմոյշներ։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2025