ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ներկայ տարեմուտին աւանդութիւնները վերակենդանացան՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի պայմաններով։ Ս. Ծնունդի տաղաւարին առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթ մը, որով տօնական բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ այս ճաշկերոյթը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Գթութեան յարկի մնայուն բնակիչները ջերմօրէն շրջապատուեցան հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն, բժշկական դասու անդամներուն եւ վարչական անձնակազմին կողմէ։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ բոլորը ունեցան հաճելի ժամանց։

Ս. Ծնունդի առթիւ այս հաւաքոյթի ընթացքին բոլորը անկեղծ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին, որպէսզի տաղաւարի աւետիսով զիրար ողջունելու նոր առիթներու արժանանան։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2025