ՀԱՄԱԽՄԲԵԼ ՈՒ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, որ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ, երէկ այցելեց Շիշլի մարզակումբ։ Օրուան տեւողութեան ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի տնօրէն Պուրհանետտին Հաճըճաֆէրօղլուին։ Յետմիջօրէին Իշխան Զաքարեան եւ իր ընկերակիցները այցելեցին Շիշլի մարզակումբ, ուր տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ներկայ էին հիւրընկալ ակումբի վարչայինները, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներէն Տիգրան Ալթուն եւ Վրէժ Շառոյեան, Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ներկայացուցիչները, «Մարալ» երգի-պարի համոյթէն եւ «Մարալ» միութենէն պատասխանատուներ, մեներգչուհի Սիպիլ եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի մամլոյ խորհրդական Աննա Վարդանեան։

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի ուղեկցութեամբ Իշխան Զաքարեան շրջայց մը կատարեց հաւաքատեղիէն ներս։ Ան ծանօթացաւ պատմական յաջողութիւններուն, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեց այժմու գործունէութեան շուրջ։ Վերյիշուեցան հոգելոյս Ղազարոս Ունանն ու նորոգ հանգուցեալ Նազար Հանչէրը, որոնք Համահայկական խաղերուն Իսթանպուլէն մասնակցութեան համար մեծ ջանք ներդրած էին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իշխան Զաքարեան տեղեկացուց, որ նախապէս Համահայկական խաղերը չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպուէին։ Յառաջիկային խաղերը տեղի պիտի ունենան երկու տարին անգամ մը՝ ամրան եւ ձմրան։ Այս ամառ խաղերու ծրագրին պիտի ընդգրկուին նաեւ նոր մարզաձեւեր։ Այսպէս, ֆութսալի եւ ֆութպոլի կանանց կազմեր ալ պիտի մասնակցին մրցաշարքին։

5-19 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Համահայկական խաղերը, որոնց բացումը նախատեսուած է Կիւմրիի մէջ։ Հաւանական է, որ մազիկներուն համար հնարաւորութիւն ընձեռուի Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանէն անցնելու։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին «Մարալ» համոյթը հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։

Իշխան Զաքարեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենց նպատակն է խրախուսել Համահայկական խաղերուն մասնակցութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ երիտասարդներու համախմբման։ Ան յիշեցուց, թէ համահայկական խաղերու մասնակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023