ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ

Դէպի Տիարպաքըր ուխտագնացութիւնը ներկայ շաբաթավերջը դարձուցած է պատմական։ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծումն ու պաշտամունքի վերաբացումը տեղի կ՚ունենայ այսօր յետմիջօրէին, իսկ վաղը կը մատուցուի անդրանիկ Ս. Պատարագ։ Այս բոլորը Տիարպաքըրի մէջ համախմբած է աշխարհի զանազան վայրերէն հոծ թիւով ուխտաւորներ։ Բնականաբար, ուխտաւորներու շարքին կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն նախկին տիարպաքըրցիները։

Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երէկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուին։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Ս. Կիկակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք։ Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան Տիարպաքըրի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Եաղլը։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին կուսակալ Քարալօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ նաեւ քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ համար մշակուած վերանորոգութեան ծրագրին եւ համապատասխան աշխատանքներուն շուրջ։ Կուսակալութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծը արդէն անհրաժեշտ հաւանութիւնները ստացած է եւ կը նախատեսուի, որ այս ամիս վաւերացուի։ Պատրիարքական Աթոռը յառաջիկայ շրջանին պիտի հետեւի այս ծրագրի ընթացքին եւ կուսակալութեան հետ կանոնաւոր շփումները պիտի շարունակուին։

Երէկ Տիարպաքըր հասաւ նաեւ Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ օծման արարողութեան ընթացքին կը ներկայացնէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Ուխտագնացութեան կը մասնակցին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օծման արարողութեան ընդառաջ երէկ այցելեց Ս. Կիրակոս եկեղեցին, ուր հոգեւոր հայրերը իրեն ներկայանալով ստացան օրհնութիւնը եւ աշխատանքի լծուեցան պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն համար։

Երեկոյեան ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ ընթրիք մը սարքուեցաւ Տիարպաքըրի մէջ։ Այս ընթրիքը տեղի ունեցաւ «Սաքլը քոնաք» կոչուած համալիրէն ներս։ Սա պատմական շինութիւն մըն է, որ կառուցուած է 1317 թուականին ու անցեալի մէջ եղած է հայկական սեփականութիւն։ Այս համալիրը անցեալի մէջ եղած է նաեւ խուլերու եւ համրերու դպրոց։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը սեղաններու շուրջ հիւրընկալուեցան ջերմօրէն։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ազգականները։ Նորին Սրբազնութիւնը անոնց հետ եղաւ սեղանակից՝ մանաւանդ, որ ժողովրդական երգիչ Պետրի Այսելիի կատարումներով բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ ընթրիքի սրահէն ներս։

Յետմիջօրէին նախատեսուած օծման արարողութենէն առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուայ առաջին կէսին շփումներ կ՚ունենայ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022