ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութեանց մասին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր՝ վարժարաններու հանդէպ ցոյց տուած հայրական հետաքրքրութեան համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը լսելով այցելուներու փոխանցած տեղեկութիւնները՝ իր գաղափարները յայտնեց եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ։ Ան յիշեցուց, թէ համայնքը դժուարին շրջանէ մը կ՚անցնի համավարակի պատճառով եւ մաղթեց, որ համայնքային հաստատութիւնները նուազագոյն վնասով դուրս գան։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց թաղականներուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021