ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՕԾԵՑ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներն ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի … այս նշանաւ, Ս. Խաչիւս եւ Ս. Աւետարանաւս…» օրհնութեան եւ օծման աղօթքի բնաբանով։ Ան քարոզին մէջ ըսաւ, թէ տաճար մը կամ սրբազան առարկաներ Աստուծոյ ընծայուելու համար պէտք է սրբագործուին։ «Նման է պարագան Գուզկունճուքի չորս սրբապատկներուն։ Յետ նորոգութեան, անոնք պէտք է կրկին ընծայուին Աստուծոյ։ Պիտի աղօթենք եւ զանոնք Աստուծոյ վերանուիրենք», ըսաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ կատարուեցաւ նորոգուած սրբապատկերներու օծման կարգը։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։