ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Ս. Ծննդեան տօ­նին յա­ջոր­դած մե­ռե­լո­ցի օ­րը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցաւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դի­րը՝ հո­գե­լոյս Տիգ­րան Է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեան։

Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թե­նէն ներկայա­ցու­ցիչ­ներ, տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, կրթա­կան մշակ­ներ, յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ։

Հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը օ­րուան քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց, որ մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու շար­քին միայն Գա­րա­կէօ­զեանն ու Գալ­ֆաեա­նը կը կո­չուին տուն՝ ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս տա­րի Ս. Ծննդեան մե­ռե­լո­ցին զու­գա­դի­պած է Տիգ­րան Է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեա­նի ո­գե­կո­չու­մը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին վեր­յի­շուե­ցաւ նաեւ Տիգ­րան Է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեան, ո­րու ա­նու­նը ան­մա­հա­ցած է շնոր­հիւ իր կա­ռու­ցած որ­բա­նո­ցին։

Հարկ է նշել, որ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին յար­գան­քի այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ պի­տի տան հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րի շիր­մին։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2016