ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ՍՐԲՈՑ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պալաթի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուները եւ շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Թաղականները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ փութացած էին Պատրիարքարան՝ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար։

Տեսակցութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի անդամներուն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023