ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Türkiye Florasına Katkıda Bulunan Ermeni Botanikçiler» գիրքին շնորհանդէսը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը լոյս տեսած է «Փարոս» հրատարակչութենէն։ Ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ այլ հիւրեր։

Յայտագիրը սկսաւ Մխիթարեանի մատակարար մարմնէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի ողջոյնի խօսքով։ Յաջորդեց «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսի ելոյթը։ Գիրքին շուրջ արտայայտուեցան՝ Էմինէ Ալչըթեփէ, Կալիփ Ալչըթեփէ եւ փրոֆ. Թորոս Ալճան։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ գիրքեր նուիրուեցան գիրքի հեղինակներուն, մեկենասներուն եւ ձեռնարկի ատենախօսներուն։ Հարկ է նշել, որ գիրքին մեկենասները եղած են՝ Դալար Հորոզօղլու եւ ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքի կողմէ գլխաւորուած Մխիթարեանի մատակարար մարմինը։

Յայտագրին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024