«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՏԻՆՔՃԵԱՆԻ ԵՐԳԵՐԸ
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ հետաքրքրական գիրք մը։ «Արա Տինքճեանի երգերը» կը կոչուի այս նոր գիրքը։ Թրքերէն եւ անգլերէն՝ երկլեզու գործ մըն է այս մէկը, որու խմբագիրը եղած է Պուրճու Եըլտըզ։
Այս մէկը թէեւ զուտ գրական գործ մը չէ, սակայն, ցարդ «Արաս»ի կողմէ հրատարակուած գործերու շարքին իսկապէս կրնայ եզակի համարուիլ եւ հաւասարազօր հետաքրքրական ու շահեկան է։ Ինչպէս ծանօթ է, Արա Տինքճեան աշխարհահռչակ ուտահար մըն է եւ երաժշտական աշխարհէ ներս ձեռք բերած է մեծ համբաւ։ Որպէս երաժիշտ իր ապահոված համբաւին ի շարունակութիւն՝ իր յուշագրութիւնները, կեանքի ոդիսականին վերաբերեալ խորհրդածութիւններն ալ ինքնաբերաբար կը ստանան մեծ նշանակութիւն։ Արա Տինքճեան Թուրքիոյ եւ Յունաստանի մէջ իր ուտով երաժշտասէրներու սիրտը գրաւած յայտնի անուն մըն է։ Նոյնպէս Իսրայէլի մէջ ալ ան մեծ համակրանք կը վայելէ։ «Նայթ արք» անունով իր ստեղծած քառեակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը վայելէ մեծ համբաւ։ Այս բոլորին հանրագումարն է, որ Արա Տինքճեանի կենսագրութիւնը, յուշագրութիւնները առանձնայատուկ կը դարձնեն եւ ահա «Արաս» հրատարակչատունը այս կարեւոր գործը ներկայիս դրած է ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ։
Նոր գիրքը ծանօթացնելու ժամանակ «Արաս»ի ընտանիքը ընդգծած է, որ «Արա Տինքճեանի երգերը» անուն այս գիրքը մասնաւորապէս ներշնչանքի աղբիւր կրնայ հանդիսանալ երիտասարդ երաժիշտներուն տեսակէտէ։