ՎԱՆԻ ՄԷՋ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
«Մեզոփոթամիա» բժշկական միութիւնն ու Վան-Հաքքեարի բժշկական հիմնարկը միասնաբար կազմակերպեցին բժշկագիտական, ատամնաբուժական եւ դեղագործական երեք անջատ գիտաժողովներ։ 4-6 Յունիս թուականներու միջեւ Վանի մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքներուն մասնակից դարձան 13 երկիրներէ աւելի քան 700 մասնագէտներ։ Մասնակիցներու կարգին էին եօթ հայ մասնագէտներ. Իրաքէն դեղագործ Մարիամ Սարգիսեան, ատամնաբոյժ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճան, Տքթ. Արա Ուղուրլուեան, Տքթ. Համբարձում Մերկերեան, Տքթ. Սարգիս Ատամ։ Անոնք իրենց զեկուցումները ներկայացուցին հայերէնով։
Գիտաժողովի աւարտին հրատարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, ուր կը յիշատակուի Միջին Արեւելքէ ներս ապրուած տառապանքն ու ողբերգութիւնները՝ շեշտելով մարդկային կեանքի եւ առողջութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը։