ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱԼԷԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ոգեւոր շրջան մը կ՚ապրի իրերայաջորդ ձեռնարկներով։ Այսպէս, շաբաթավերջին, Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պալէի ներկայացումներու եւ դաշնակի նուագներու ձեռնարկ մը։ Ըստ էութեան, միութեան կողմէ կազմակերպուած համապատասխան դասընթացքին մասնակիցները հանդէս եկան համերգի ընթացքին։
Տատեանցի փոքրիկներէն Ալվինա Աքըն, Արեւ Միթիլեան, Պիանքա Էօզտէմիր, Տեֆնէ Նայման, Լիտիա Աբրահամօղլու, Լոռին Սաքալեան, Լուսինա Ներսէսեան, Միշա Թոփճու, Նայիրա Էվլիք եւ Վանեսա Էզիքօղլու պալէի ներկայացումներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Անոնց պարուսոյցն էր Կարին Մարտիկեան։
Դաշնակի նուագներով հանդէս եկան նոյնպէս Տատեանի սաներէն՝ Առէն Թաշ, Սեւան Հապէր, Նորա Իփէքճի, Լարա Ճէրանօղլու, Աքսէլ Ճէրանօղլու, Արտա Եթէրօղլու եւ Լիտիա Աբրահամօղլու։ Այս վերջիններն ալ մարզուած էին Սէրլի Տէմիրի հսկողութեան ներքեւ։ Մինչ օրուան հանդիսավարը՝ Նաթալի Էօզքայա ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց այս փոքրիկները, Տատեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Ասլին Արամօղլու եւ իր ընկերներն ալ ջերմ վերբերմունք ցուցաբերեցին անոնց նկատմամբ, բաժնելով նաեւ իրենց ծնողներուն ուրախութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ ստացան Եսթէր Պիրոս, Օննօճան Հիւլեար եւ Սեւան Նիզամեան։ Այս վերջիններուն յուշանուէրները յանձնեցին Թորոս Փեհլիվան եւ Նաթալի Էօզքայա։
Այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքը հերթական անգամ ականատես ըլլայ իր տաղանդաւոր փոքրիկներու կատարումներուն, մանաւանդ որ թաղի հաստատութիւններէն վարչայիններ եւ պատասխանատուներ ալ մասնակցեցան այս ձեռնարկին։