ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն վարիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր հետեւեցան յայտագրին, որու ընթացքին փոքրիկներու ծնողները յուզումնալի ապրումներ ունեցան։ Հուսկ, մանկապարտէզի տղաքը ստացան իրենց առաջին վիճակացոյցները։ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղն ալ հանդէս եկան շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024