ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱՅԳՈՒՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց լիսէներու մտից քննութեան՝ LGS-ի այս տարուան Թուրքիոյ առաջիններէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանը, որ իրաւունք շահած է արձանագրուելու Ռոպերթ քոլէճ։ Ան Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն է։ Երէկուան հանդիպման ներկայ գտնուեցան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Չընար, փոխ-տնօրէնուհի Էմէլ Հեքիմօղլու եւ դափնեկիր աշակերտին մայրը։

Ջերմ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանի արձանագրած յաջողութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստմնալից պատանիին նուիրեց Ս. Գիրք եւ խաչ մը։ Ան թելադրեց, որպէսզի Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան Աստուծոյ խօսքին եւ Ս. Խաչի զօրութեան ապաւինի, երբ կեանքի մէջ նեղութիւններու կամ դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնայ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց յաջող պատանին եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ ուսման կեանքի շարունակութեան համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022