ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։ Խնամակալութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ ընտրութենէն ետք ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։ Անոնք յետվաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուին Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր խնամակալութեան անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր եւ կրթանուէր գործունէութեանց համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023