«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

 Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին ձօնուած «Հայ դպրոցը» ներկայացումը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատրոնի բեմին վրայ։ Պատուոյ հիւրերն էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ծրագրին հետեւեցան բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր եւ գեղարուեստասէրներ։ Ներկայ էին նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աշակերտները հերթական անգամ յաջողութեամբ ներկայացուցին «Հայ դպրոցը. անցեալէն դէպի այսօր» ծրագիրը։ Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի խօսքով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017