ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՎՈՍՓՈՐԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց Պալթալիմանըի «Փորթաքս» ճաշարանին մէջ։ Վոսփորի գեղատեսիլ մթնոլորտին մէջ այս հաւաքոյթի մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Յանուն Ծնողաց միութեան ներկաները ողջունեց Թամար Քարաքաշ, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իրենց գործունէութիւնը եւ կոչ ուղղեց՝ զօրավիգ հանդիսանալու համար համայնքային բոլոր վարժարաններուն։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած հիւրերը երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ունեցան հաճելի ժամանց։ Հաւաքոյթի կազմակերպիչներն էին հետեւեալ անունները.

Թամար Քարաքաշ, Նայեադ Պալճըօղլու, Հիլտա Աւատան, Մինէ Քիլճի, Թալին Չիչէքօղլու, Իլտա Ճաւաք, Լեռնա Չալկան, Լինէթ Մալխասեան, Քարօլին Տեմիրճի։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017