ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔ. «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՆՔՆԱՀԱՄԱՐԿՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ԱՒԵԼԻՆ…»

Սփիւռքահայ մտաւորականութիւն արտայայտութիւնը յաճախ տարողունակ ու որոշակի սահմանումով չպարփակուող հասկացողութիւն մըն է։ Ո՞վ է սփիւռքահայ մտաւորականը կամ ո՞ր չափանիշով ի յայտ կու գայ այն, դժուար հարց է։ Ի դէպ, այդ կ՚որոշուի համահայկական որեւէ խորհրդաժողովի կամ սփիւռքի յանձնակատարի պատրաստեալ որեւէ անուանացանկի արդիւնքով, կրնայ իրափաստիկ մարմնացում ստանալ (ինչ որ գնահատելի է ամէն պարագայի)։ Հոս մեր առաջադրանքը յաւակնոտ է ընդգրկելու «սփիւռքահայ մտաւորականութեան» ամենալայն զանգուածը, խոստովանելով հանդերձ, թէ ենթադրեալ համընդգրկող մարմնի կամ հաւաքի մը սահմաններէն դուրս համեմատօրէն կը մնայ վերացական անջրպետին մէջ թաւալող։

Փորձենք իրատեսել. ընդունուած դասական տպաւորութիւն կայ սփիւռքի մէջ, թէ մտաւորականը այն անձն է, որ գիր ու գրականութեամբ կը զբաղի։ Այո՛, բայց առաւել անոր սփիւռքի արդի կազմուածքին մէջ մեծ է թիւը այն անուններուն, որոնք հայ գրականութենէն դուրս գիտական կամ ակադեմական ասպարէզներուն մէջ կ՚աշխատին եւ որոնք երբեմն հայ չըլլալով հանդերձ յանձնագործուած են հայագիտական կամ հայամէտ աշխատանքներով։

Նախ կարիք կայ ճանչնալու այդ անձնաւորութիւնները եւ առաւել կարիք կայ այդ անձնաւորութիւններու տեւական համագործակցութեան։ Յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ կառոյցի պաշտօնական ջանքերը ի մի բերելու եւ համակարգելու ստուար թիւով սփիւռքահայ մտաւորականներու գործունէութիւնը, ընդգծենք, թէ անհրաժեշտութիւնը սփիւռքի մտաւորականութեան այսպէս ըսած՝ ինքնահամարկումն է, քանզի թէ՛ ռազմավարական (հայագիտական) եւ թէ գիտական (ընդունելով առարկայապաշտօրէն, թէ մտաւորականութեան առաքելութիւնը համամարդկային է) մակարդակներով առաքելապաշտ գործ է այդ մէկը։ Միայն անձնական կապակցութիւններով յարաբերութիւններ մշակելը այս ու այն մտաւորականի միջեւ անբաւարար է եւ այլ ծանօթացման շրջանակի ապահովումը կամ ենթադրեալ համագործակցութիւնը խորհրդաժողովներով սահմանափակելը նոյնպէս ժամավաճառութիւն է։

Պարզեցնելով առաջադրանքը ըսենք, թէ աշխարհի մէջ ապրող հայ ու հայամէտ մտաւորականներու անուանացանկի ու հասցէներու տարեգիրք մը հրատարակելը շնորհակալ ու ռազմավարական գործ է եւ այդ «սփիւռքեան մտաւորականութեան համապարփակ ինքնաճանաչումը» առաջին քայլն է ներուժի լիակատար գիտակցման, որ կը հետեւադրէ լայնածիր ու կատարելագործուած ոճով աւելի լուրջ գիտական ու հայագիտական նպատակներ։

Կրնայ այնպէս թուիլ, թէ ի յառաջագունէ որեւէ համասփիւռքեան գործ կ՚ենթադրէ համասփիւռքեան համապատասխան կառոյցի-կազմակերպութեան յառաջացում, որ վաւերականութիւն ու համընդգրկուածութիւն կ՚ապահովէ (տեղ մը շրջանցելով բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները)։ Շատ մելան հոսեցուցած է այս հարցը հայ մամուլին մէջ, բայց հոս բաւարարուինք նշելու, թէ կարելի չէ միշտ սպասել մեծածաւալ կառոյցներ կերտեն մեծածաւալ ծրագիրներ, յաճախ հակառակն է ճիշդը։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023