«ԵՍ ԵՄ...»

«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6

Արդէն եղաւ մօտաւորապէս մէկ ամիս, որ նստած եմ տուն՝ Քուէյթ, եւ չեմ ճամբորդեր։ Երեւի իմ աւելի քան երեսուն երկար տարիներու ճամբորդական աշխատանքիս մէջ ամենէն երկար ժամանակն է, որ տունը կը մնամ եւ սկսայ տեսնել, թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել «տան կալանաւորում», որ երբեմն կը վճռեն դատարաններ՝ կարգ մը մեղադրեալներու, որպէս պատիժ։ Բայց մինակս չեմ այս մեղադրեալներու շարքին։

«Տուն մնացիր» կարգախօսը բոլոր աշխարհ դրաւ տան կալանաւորումի վիճակին մէջ։ Աշխարհ ամբողջ դէմ յանդիման է քորոնաժահրի, որ վերածուած է համավարակի եւ ստեղծած՝ համաշխարհային տագնապ։ Այս իմաստով տագնապը կ՚ընդգրկէ «բոլորը(ս)՝ այսինքն բոլորը(ս)»։ Եւ այս համավարակը ստեղծած է սպառնալիք ու տակաւին վախ եւ մահ, որ կը հնձէ կեանքեր՝ տարեց թէ երիտասարդ։

Շատ են ենթադրութիւնները ու դաւադրական վարկածները՝ քորոնաժահրին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքերու վրայ անոր ազդեցութիւնը, ինչ որ աւելիով կը սրէ ճգնաժամային մթնոլորտը։ Մարդիկ այսօր կը խօսին, որ ներկայ տագնապը աշխարհ նոր համակարգի մը կը տանի։ Բայց ի՞նչ տեսակ նոր համակարգ մը, որ տարբեր պիտի ըլլայ ներկայէն։ Տարբեր, ուր մարդը եւ մարդկութիւնը աւելի ապահով պիտի զգան։

Այնպէս կ՚երեւի, թէ այս տարի Յարութեան տօնի եկեղեցական պատարագներուն եւ պաշտամունքներուն պիտի հետեւինք մեր բնակարաններուն մէջ՝ համացանցին միջոցաւ։ Համացանցի միջոցաւ թէ այլ, հիմնականը այսօր այն է, թէ Յարութեան պատգամը պէտք է դարձնել ապրող իրականութիւն մը, ուր մարդկութիւնը եւ աշխարհը կրնան գտնել իրենց փնտռած ապահովութիւնը։

Քրիստոս կու տայ այդ ապահովութիւնը։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ յատուկ առաքելութեամբ մը, որ մարդուն եւ աշխարհին տայ ամբողջական կեանք մը, որ տարբեր է աշխարհէն։ Աստուածաշունչին մէջ Քրիստոս եօթն անգամ տարբեր առիթներով ըսաւ. «Ես եմ»։ Այս եթէ մէկ կողմէ զօրաւոր եւ խիստ արտայայտութիւն էր՝ իր անձին նկատմամբ, բայց նոյնքան նաեւ նպատակասլաց է։ Հոն ուր Քրիստոս կը ձգտի իր անձը առընչել կեանքին հետ եւ անոր մէջ որոշակի եւ հաստատ իրավիճակներու հետ։

Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Քրիստոսի այս ճշմարիտ ճամբան կը ստեղծէ կեանք մը, որ կը տանի զայն յաւիտենականութեան, որովհետեւ «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 11։25)։ Եւ կայ ապրելու եւ յաւիտենականութեան միացնող օղակը։ Եւ ինչպէս որ Քրիստոս հաստատեց. «մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 14։6)։ Քրիստոսի ճշմարիտ կեանքի ճամբան կը միացնէ մարդուն ապրած երկրային կեանքը անոր երկնային իրականութեան հետ՝ իմմա Հօր Աստուծոյ, որ կը տանի մարդը յաւիտենականութեան։ Այս ձեւով ֆիզիքականը հոգեւորին հետ միաձուլելով Քրիստոս կը ստեղծէ մարդուն համար ամբողջական էութիւն մը, որուն միջոցաւ մարդուն կեանքը կ՚իմաստաւորուի։

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան իւրայատկութիւնը կը կայանայ ճիշդ այս իրականութեան մէջ. «Ես եմ»։ Չկայ ուրիշ իրականութիւն մը, որ յանդգնած է Քրիստոսի նման ճշմարիտ կեանքի ճամբան ամփոփել ինք իր անձին մէջ եւ իր միջոցաւ։ Այս իրական է եւ իւրայատուկ, որովհետեւ Քրիստոս կերտեց զայն իր անձնական կեանքով։ Ան իր կեանքը տուաւ, եթէ մէկ կողմէն խաչին վրայ՝ իր մահուամբ, բայց նաեւ իր յարութեամբ, երբ ան պատերազմեցաւ մահուան դէմ եւ յաղթեց անոր։

Քրիստոս իր կեանքը շնորհեց, որպէսզի մարդ արարածը առանձնաշնորհումը ունենայ իւրացնելու եւ ապրելու այս նոր կեանքը։ Այս նորին մէջ մարդը պիտի վերագտնէ իր երբեմնի նկարագիրը՝ իմմա Ստեղծողին «պատկեր»ը, որ Բարի է։ Աշխարհ եթէ նոր համակարգ կ՚ուզէ ստեղծել այսօր, կայ Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբան, որ կը տանի մեզ բոլորս կեանքի մը, որուն հիմքը Բարի է։ Եւ այս Բարին է եւ Բարիին միջոցաւ է, որ մարդ դէմ կը կենայ չարին։ Որովհետեւ չարը՝ ներկայ օրերու տագնապը, աշխարհէն տակաւին վերացած չէ։

Տագնապ բառը չինարէնի մէջ երկու իմաստ ունի՝ վտանգ եւ պատեհութիւն։ Աշխարհ այսօր՝ ես, դուն, եւ բոլորս, կ՚ապրինք այս տագնապը եւ անոր ստեղծած վտանգի ահաւոր մթնոլորտը։ Ոչ ոք բացառուած է այս անգամ։ Իսկ վտանգը՝ քորոնաժահրն է։ Սարսափ, վախ, եւ մահ՝ ամէն կողմ։ Աշխարհ այսօր պատերազմ յայտարարած է անոր դէմ։ Կայ նաեւ անոր ստեղծած պատեհութիւնը՝ եկրորդ իմաստը, թէ ի՞նչ զինամթերք պիտի գործածենք, որպէսզի դէմ դնենք այս ժահրին։ Բայց մանաւանդ, ի՞նչ տեսակի համակարգ մը պիտի ստեղծենք, որպէսզի աշխարհ դառնայ աւելի խաղաղ, աւելի Բարի։

Ներկայ տագնապը կը տեսնենք որպէս վտանգ թէ՞ պատեհութիւն։

Քրիստոսի «Ես»ը կը շնորհէ այս կեանքը՝ Բարին։ Այս կեանքով կրնանք այսօր դէմ կենալ բոլոր տագնապներուն եւ շինել նոր կեանքեր, ուր աշխարհ կրնայ տեսնել կեանքի իրական Արժէքը։ Հոն, ուր աշխարհը կը վերագտնէ մարդկայինը ինք իր մէջ։ Այսինքն Բարին, որմէ աշխարհ հեռացած է այսօր։

Ընտրանքը մերն է։ Վտանգ թէ՞ պատեհութիւն։

Երանի «տագնապ»ը տեսնենք որպէս պատեհութիւն, որովհետեւ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Անոր Յարութիւնը մեզի դրաւ ճշմարիտ ճամբու մը մէջ, որ կը տանի դէպի նոր կեանք։

Քրիստոսի Յարութիւնը օրհնեալ է, որովհետեւ Նոր Կեանքով մարդը եւ աշխարհը կրնան կերտել Բարին, որ օրհնեալ է։

Ընտրանքը մերն է։ Վտանգ թէ՞ պատեհութիւն։

Անպայմանօրէն պատեհութիւն, որովհետեւ Քրիստոս մեզի տուաւ ապահովութիւն եւ ըսաւ. «Ես եմ»։ Եթէ աշխարհ ապահովութիւն պիտի ստեղծէ, կը նշանակէ պարտի կառչիլ Քրիստոսի «Ես»ին, որ մեզ կը տանի ճշմարիտ կեանքին՝ Բարիին եւ Քրիստոսի ստեղծած ճշմարիտ ճամբուն։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ապրիլ 2020

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020