ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՄԸ, ՈՒՐ ԱԼ ՍԵՒ ՎԱՐԴԵՐ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆ...

Յաճախ բառերը կը դաւաճանեն, իսկ մտածումները կը խորշին մեզմէ։ Դժուար օրերու մէջ ենք բոլորս։ Մեծ հարցումներ կը պտտին ու յաճախ այդ հարցումներու ծայրերը երիզուած են սեւ պսակներու ժապաւէններով։ Սեւ վարդեր են բացուած աշխարհի չորս ծագերուն, Հռոմէն, Միլանօ, Փարիզ, եւ մինչեւ աւելի հեռուներ՝ Նիւ Ճըրզի եւ Նիւ Եորք։

Տխուր գարուն մըն է այս տարի, ոչ անոր համար, որ հազարաւոր մարդիկ հողին պահ տրուեցան, այլ անոր համար, որ ամլանալու չափ ծանր թաղանթ մը նստած է մեր հոգիին վրայ։

Կեանքը կարծես երկարող արձակուրդ մ՚ըլլար եւ օրերը նոյն գնացքին մէջ նետէին մեզ՝ անորոշութեան եւ սպասումի մեծ գնացքին, որ չես գիտեր ո՛ւր կը տանի...

Բոլորը շուար են, շուար են տակաւին անոնք, որոնք մեծ պատասխանատուութիւններ ունին, երկիր կը ղեկավարեն, ժողովուրդներուն բան կը հասկցնեն, ապահովութիւն կը պահպանեն ու անոնք, անոնք այդ սպիտակ շորերով «սուրբերը», որոնք ամէն օր նոր հիւանդներ կը բուժեն։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ մարդկութեան այս նոր տագնապին զենիթի մը հասնիլը կը համընկնի Սուրբ Զատկուան օրերուն։

Քրիստոնաէական օրացոյցի ամենէն շէնշող, ամենէն ապրեցնող,  ամենէն բոցավառ օրերուն։ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքէն, մինչեւ վերջին ընթրիքի տեսարանը, մատնութիւնը՝ Յուդայի ձեռամբ, չարչարանաց Աւագ ուրբաթը, Խաչին վրայ բարձարցուիլը Մեր Տէրոջ ու երեք օր ետք Յարութիւն առնելը։

Քրիստոնէական աւանդոյթներու, իրադարձութիւններու, զարգացումներու եւ պարզեցուած բառերով ու իմաստներով՝ հանուր մարդկութեան Տիրոջ միտք բանին հասցնելու ընթացքները, մատչելիութիւնը եւ հասանելիութիւնը մեր կրօնքը դարձուցած են ամբողջ աշխարհի վրայ տիրական ներկայութիւն, որուն մէջ ամենէն աւելի կը շեշտուի մահուան յաղթելու վաւերական իմաստը։

Միակը չէ քրիստոնէութիւնը, որ հանդերձեալ կեանքի, փրկութեան, վէրքերէն մաքրուելու ու առաւել մեղքերէն քաւուելու յղացքները կ՚ընդգրկէ, սակայն այն երեւի միակն է, որուն կեդրոնական դէմքը եւ Աստուածը (Որդին Մարդու) իր երկրային ժամանակով կ՚ապրի այդ ամբողջ ընթացքը, ոչ միայն կ՚ապրի, կը քարոզէ, կը բժշկէ ու ճանապարհ ցոյց կու տայ, այլ նաեւ մեռելներէն յարութիւն կ՚առնէ ու կը յաղթէ մահուան։ Հոս է էականը եւ հոս է անշրջանցելին, որովհետեւ ի սկզբանէ մարդուն համար, երկրի բնակիչ արարածին ու ապա Մարդու Որդիին համար խորհուրդն ու էականը յաւիտենութիւնն են։

Էականը՝ վերերկրային կեանքը, լոյսին եւ յաւիտենութեան մէջ բնակելու եւ ապրելու շեշտերն ու շողերը։

Ու այս բոլորին մէջ, ինչքան հզօր է հայութեան սրտին մէջ տաջուած Քրիստոսի սէրն ու անոր յարութեան յոյսով ապրելու բերկրանքը։

Չմեռնելու մեծութիւնը, վէրքերէն ու արիւնէն փրկուելու իմաստը, մաքրուելու սրբութիւնը եւ ամենակարեւորը յաւիտենութեան լոյսին մէջ ապրելու իրական ըղձանքը։

Քիչ մը կրօնաբոյր գրութեան մը ծայրերուն դեգերեցայ, բայց եւ այնպէս, յաւիտենութեան լոյսին համար վազող ու ապրող ամէն մարդու համար, քրիստոնէութեան յոյսի անկորնչելիութեան կը դառնան ճանապարհի, ընթացքի եւ դէպի հեռուն մեկնող իրական ճանապարհի մը յենարանները։

Առանց Քրիստոսի կերպարին, չիք յաւիտենութիւն։

Քրիստոսի աչքով, անոր սիրով, անոր սիրտով է, որ պիտի մտնենք յաւիտենութեան նեղ դռնէն ներս ու բանանք մեր հոգիի պահարանները, մեր հագուստները հանենք, պատրաստուինք մեծ ճամբորդութեան ու թողնենք այստեղ, այն ամէն ինչը, որ գնայուն է ու ժամանակաւոր։

Այն ատեն մեզի յաւիտենական պսակներ պիտի տան, այն ատեն սեւ վարդեր ալ պիտի չտեսնենք, այն ատեն պիտի հասկնանք, որ այս աշխարհը, որուն մէջ ապրեցանք, եւ ուր մեր մարմինը թափառեցաւ, փուճ էր ու անհեթեթ։

Ու կարեւորը, որ մենք այսօր այս դժուարին ժամանակներուն ալ, որքանով ենք պատրաստ այդ ճամբորդութեան։

Որքանով ենք պատրաստ այդ ամէն ինչին, երբ մեզմէ շատեր իրենց սիրելիները հողին կու տան, ու մենք միամտաբար վախցանք մեր հիւանդներուն այցելելու, կամ սրդողեցանք երբ հիւանդացած ընկեր մը տեսանք...

Որքանով էինք մենք պատրաստ այդ լոյսերուն, որ մեր թոքերուն վրայ բացուեցան, կամ դիմակներուն, որոնք մեզ կը պահէին մարմնի անցողիկ վարակէն, մինչ մենք մէկդի թողած մեր հոգին պատող վահանը, փնտռեցինք ու փնտռեցինք վաղ-ւան համար խոստացուած հացը եւ խուասփեցանք իրական հացէն։

Ու պահ մըն ալ մտածեցինք ու սարսափեցանք, թէ այս բոլորը, որ մերն են, ընդմիշտ մեզի պիտի մնան...

Վազեցինք տաք հացին համար, վազեցինք տաք հացին ետեւէն, վազեցինք դրամին ետեւէն, մոռցանք, որ այդ ճամբորդութեան ատեն նոյն այդ հացը ա՛լ մեզի պիտի չտան, ո՛չ հացը, ո՛չ ալ դրամը մեզի պիտի օգնեն այլեւս։

Մենք պիտի լռէինք, մեր լռութիւնը պիտի տարածուէր թաղէ թաղ, մայթէ մայթ, գիւղէ գիւղ եւ աւանէ աւան։

Մեր լռութիւնը մեզմէ պիտի խլէր մեր ինքնութիւնը ու մենք փոխակերպուած պիտի դառնայինք դէպի նոր ճանապարհը, որուն համար երկար ատեն կը վիճէինք նախ մենք մեր հետ, ապա մերիններուն, ապա շրջապատին ու աշխարհին հետ։

Մեր աշխարհը պիտի մնար մշուշին մէջ, մեր կեանքը պիտի մնար այդ մշուշին տակ, որովհետեւ մենք դեռ, նոյնիսկ այդ ճամբորդութեան ատեն, տակաւին չէինք հասկցած, որ օր մը պիտի հեռանանք այստեղերէն։

Պիտի լքէինք մեր գիրքերը, մեր շապիկները, որոնցմէ շատ-շատերը լաւ արդուկ-ւած ալ չէին, պիտի մնային մեր պահարաններուն մէջ, մեր ակնոցները, մեր համրիչները, մեր համակարգիչը, մեր հեռախօսները, մեր սիրուն փողկապները (մանաւանդ կարմիրները ատոնց) պիտի մնային նոյն կախուած վիճակին մէջ, պահարանին միւս ծայրը...

Մենք, երեւի ինչպէս աշխարհն է այսօր, պիտի չսորվինք այս կեանքին գնայուն ըլլալը, պիտի ուզենք կառչիլ այս կեանքին, մինչեւ վերջին կաթիլը, մինչեւ վերջին բառը, մինչեւ սերմի վերջին կաթիլը, մինչեւ վերջին բաժակը քոնիաքի (հաւանաբար տաս տարեկան), մինչեւ ստեղնաշարի վերջին հարուածը եւ սիրոյ վերջին համբոյրը։

Մենք այս բաներէն պիտի չկարողանանք ձերբազատուիլ կամ հասկնալ, թէ ո՛ւր ենք մենք այս ամէնինչէն։

Խա՞ղ է մեզի համար կեանքը. կամ ալ կը փորձենք ամէն ինչը խաղի պէս առնել ու այնպէս մը հասկնալ ու բացատրել, թէ մենք մնայունին կարիքը չունինք, մեզի համար այսօրն է կարեւորը՝ ու ըսենք. «Հեսա նայէք աշխարհին, թաւագլոր ու անկայուն, հեսա՜ վաղը նորէն խցանումներ եւ սպասումներ, հանդիպումներ ու քայլեր, բառեր, տետրեր, նոր գիրքեր, նոր ծրագիրներ ու շատ հաւանաբար նոր ճամբորդութիւններ...»։ Ա՜խ, այս փոքր կէտն է որ չհասկցանք, չհասկցանք ու դեռ կը փորձենք արշաւել, առանց մեր ետին նայելու, առանց հարց տալու, առանց ճանապարհին սլացքը տեսնելու, առանց իմանալու գուցէ եւ գուցէ իմանալով ու անտեսելով, այն յաւիտենական ճշմարտութիւնները, որոնք օրին մեր ծնունդին հետ, մեր սիրտին մէջ անթեղուած-մնացած էին...

Գուցէ մենք քրիստոնէութեան կեղեւին միայն հասանք, գուցէ մենք չհասկցանք այն ամէնինչը, որ ինչպէս վերը գրեցի արդէն մեր մէջն էր օրէն։

Գուցէ, որովհետեւ մենք չուզեցինք լսել այն ձայնը, որ մեզ կը կանչէր, տեղէ մը բարձր ու անհասանելի...

Գուցէ, որովհետեւ մենք աղօթելը մոռցանք, ու մոռցանք, թէ կտոր մը հացը, որ աղբին մէջ նետեցինք, մեզի հարեւան աղքատին համար էր...

Գուցէ, որովհետեւ մենք սիրեցինք այս աշխարհը ու հաւատացինք, որ այն աւարտելու չէ երբեք ու մեր հետ խօսողներուն ալ ըսինք, որ աշխարհը անվերջ է ու անհատնում...

Գուցէ այս բոլորը, ճիշդ էին ու մենք սխալ, սակայն մեր մէջ բնակող բոլոր փոքրոգութիւնները մեր կոկորդը խեղդեցին, որովհետեւ հաւատացինք մեր եսին.

Ու ինչ մեծ ամօթ էր մեզի, որովհետեւ մեզի համար իր արիւնը մատաղ ընողը մէկդի դրինք, հանեցինք անոր սուրբ երեսը մեր սրտերէն ու մոռնալու պէս ըրինք։

Ու գուցէ անոր համար, որ անոր պատկերը միայն մեր դժուարին պահերուն յիշեցինք, ու անոր գիրքը միայն օրհասի ատեններուն բացինք։

Ինչքան տկար էինք մենք, ինչքան խեղճ էինք, որ միայն տարաժամերուն ողորմութիւն խնդրեցինք ու հիմա այս նեղ օրերուն դարձեալ ծունկի ենք եկած ու աղքատի աղօթքով պիտի ըսենք ՝ «Ո՜վ տէր ողորմեա մեզ...»։

Ամէ՜ն։

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020