ՕՐԱՑՈՅՑԸ…

Անակնկալ հեռաձայնը խանգարեց մեր տան մթնոլորտը: Սրտաբանիս գրասենեակէն վրդոված եւ քիչ մըն ալ բարկացոտ ձայնով պաշտօնեան կը յիշեցնէր, թէ ես դարձեալ ո՛չ միայն չէի յարգած ժամադրութիւնս, այլ նոյնիսկ չէի ներկայացած: Անվիճելի իրականութիւն: Ահա նոր ճշմարտութիւն: Ժամանակի գիտակցութեան պակաս: Ի՜նչ կ՚ուզէ՛ք, ըսէ՛ք: Միտքս կարծես երես դարձուցած էր ինծի: Իրապէս, որ մոռցած էի: Յայտնի էր, թէ յիշողութիւնս անգամ մը եւս զիս դաւաճանած էր: Անտեղի բան մը պատահած էր: Անընդունելի:

Ի՞նչ կրնամ ընել:

Ու յանկարծ, տեսայ որ երկու տղաքս, «առաջնորդութեամբ» անշուշտ կնոջս, սենեակէս ներս մտնելով, զիս շրջապատեցին: Գոյութիւն ունէր, ինչ որ աչքերս կը տեսնէին: Ահա հոգեկան նոր տագնապ մը: Իրենց աչքերէն կարելի էր կարդալ ամէն «բան»: Դատի կանչուած ամբաստանեալին կը նմանէի, երբ կասկածով լեցուն դէմքերով, բոլորն ինծի նայեցան, որմէ ետք երկար շարանով իրենց «ինչո՞ւ»ներու եւ «ինչպէ՞ս»ներու տարափները գլխուս թափեցին.

-Քա մա՛րդ, մեղաաաաա՜յ... ինչպէ՞ս կը մոռնաս... ասանկ ժամադրութիւն կը մոռցուի՞... սա «զըխըմը» տեղ մը գրէ՛... «մեծ մը» մարդ ես... չօճուխ չես ալ...:

-Պապ, «այ ֆօն» ունիս ինչո՞ւ չես արձանագրած... գոնէ օրացոյցին վրայ գրէիր...:

-Քեզի՛ ձեռքի թելեֆօն ալ առած ենք, պա՛պ... գործածէ՛... ամօթով կը մնանք կոր...:

Եւ տակաւին տեսակաւոր եւ լեղի խօսակցութիւն:

Իրապէս որ սենեակէս ներս ծնած էր տագնապ մը, որմէ ետք ալ ամէն ինչ գրուած ու անգիր «երգերու» նման՝ տեսարան:

Կեանքը անօրինակ թուեցաւ ու վայրկեաններս կարծես պահածոյ պտուղներու համը ստացած էին: Գիտէի որ բոլորին մօտ, այս ծանր կամ թեթեւ բոլոր նախադասութիւնները, որոնց մէջ կային նաեւ հրահանգի շերտեր, ծնունդն էին իրենց մտահոգութիւններուն: Իրաւունք ունէին:

Է՜հ, վերջապէս խաղալիք բան չէր սիրտ ըսուածը: Ինչպէ՞ս կրնայի մոռնալ նման էականը, յատկապէս այս օրերուն, երբ իմ կեանքս հիւանդութեան ճանկերուն մէջ բռնուած էր եւ երբ բժիշկիս տուած կամ տալիք դեղերը լոյսի չափ անհրաժեշտ նկատած էի:

Յիշել կամ վերյիշել: Բան մը որ շատ դժուար էր այս տարիքէն ետք: Ու թէեւ վայրկեաններս կորսնցուցած էին իրենց շրջագիծը, սակայն հաւատացէ՛ք, չփորձեցի հակադարձել եւ ո՛չ ալ ինքնարդարացումի դիմել: Յանցաւոր մըն էի եւ վերջ: Բայց միւս կողմէ կը մտածէի.- Է՛հ, մարդ ես. կրնաս մոռնալ... իրենք ալ կրնան մոռնալ... գործածս մեծ կամ ծանր ոճիր մը չէ՞ր եա...:

Զղջալը ամօթ մը չէ եւ ես մեղքս ընդունած էի: Ու մտովի ես ինծի հարց կու տայի. արդեօք այս առթիւ իմ ըսելիքներս, կամ ինծի համար արդար պատճառաբանութիւններս պիտի կրնայի՞ն զիրենք համոզել: Արդարացումներս պիտի հասկնայի՞ն: Պիտի բաւարարուէի՞ն: Չեմ գիտեր: Շուարումը պատած էր միտքս: Իսկապէս միտքերու պատկերաւոր ժխոր մըն էր, որ կ՚ապրէի: Թերացում՝ առաւել մոռացութիւն: Հաստատապէս մտքիս կեդրոնացումը խախտած էր: Բացայայտ էր, թէ ես ինծի հետ հաշտ չէի:

Նախ փորձեցի իրենց համար «ծերացած» ձայնովս ներկայութիւնս զգացնել: Ահա դարձեալ ինքնախաբէութիւն: Թէեւ սրդողած էի, սակայն ոչ՝ յուսահատած: Յետոյ քիչ մը կմկմացի: Փորձեցի ամփոփել մտածումներս, առանց բացայայտելու մտահոգութիւնս եւ անկէ ծնունդ առած «թեթեւ» յուզումս: Լաւապէս գիտէի, թէ կեանք եւ տարիք առընչուած էին իրարու: Բայց ես հպարտ էի իմ տարիքովս եւ մտովի ինքզինքս կը համոզէի ըսելով, թէ տարիքը չէ, որ կը ճշդէ ամէն բան եւ մեղք ըսուածն ալ հետեւանքով կը չափեն: է՜հ, աշխարհ:

Ուրեմն յիշողութեանս ներկայութիւնը հաստատող «յուշարարի» մը ձայնին անմիջական կարիքն ու պահանջքը ունէի, որպէսզի նման անտեղի եւ տխուր ու նոյնքան ալ անհաճոյ անակնկալներէ հեռու մնայի: Մէկ խօսքով՝ զիս «արթուն» պահող յիշողութեան աղբիւրի մը, եթէ կ՚ուզէք:

Ուստի ապրումներս ամփոփելով դիմեցի մեր խոհանոցի պատէն կախուած օրացոյցին: Ու լուծում մը ապահովող զարկերակը գտած էի:

Տարիներէ ի վեր, անկախ ազգային եւ տօնական օրերու ճշդումներէն, օրացոյցին դիմած էինք զաւակ, թոռնիկ, մօտիկ հեռու մտերիմներու ծննդեան եւ կամ ամուսնութեան թուականներու արձանագրութիւններուն, որոնք օրին կինս գրած կ՚ըլլար եւ ամէն դեկտեմբերին երբ նոր տարուանը ստանայինք, զանոնք հատիկ-հատիկ կը փոխանցէր նորին էջերուն վրայ:

Եւ որպէսզի ժամանակի գիտակցութիւնը չկորսնցնէի, սկսայ մէկ առ մէկ բժիշկներուս ժամադրութեան թուականները արձանագրել: Այս ձեւով որոշած էի վերաշինել կեանքս:

Ու յանկարծ, Աստուած իմ... այս ժամադրութիւնները ցուցադրող օրացոյցին էջերը, կարծես յուշատետրէս նախանձելով, դարձած էին խճողուած, չոր ու ցուրտ վերջակէտի նման պատկեր-գծագրութիւններ, որոնց տակ կորսուած էին տարեդարձներու եւ կարգ մը այլ յիշեցումներու թուականները: Նախ, քիչ մը զարմացայ բայց, կամաց-կամաց, ի տես այս մեծ «գիւտիս»՝ ուրախացայ: Այլեւս այս մէկը սովորական օրացոյց մը չէր, այլ՝ բժիշկներու անուններով զարդարուած ժամադրութիւններու ցուցակ:

«Երկուշաբթի սրտի բժիշկ, հինգշաբթի՝ ականջ, գալ երեքշաբթի՝ թոքերու, յաջորդ օրը՝ կնոջս արեան քննութիւն... եւ ասանկ իրերայաջորդ ամսուան օրերու քառակուսիներէն ներս, խճողուած ժամադրութիւններ:

Ուրիշ ճար չունէի: Ինքնահաճոյ մօտեցում մը, որուն շնորհիւ թերացումներէս պիտի փրկուէի: Հարուստ եւ սակայն հաւատարիմ յուշարար: Այսպէս, ամէն առաւօտ, հազիւ պատառ մը նախաճաշ ըրած, անպայման կը մօտենայի օրացոյցին, աւելի ճիշդ՝ յիշողութեան թուղթէ ցուցակիս, որպէսզի ես զիս փնտռէի այդ օրուան մէջ ու անոնց համաձայն ժամերս եւ գործերս դասաւորէի:

Օրացոյցս.- ինծի համար վստահութիւն ներշնչող յուշարար մը դարձած էր, որպէսզի ալ չմոռնայի, չշուարէի: Իսկապէս երբ ամէն անգամ զինք կը դիտեմ, կ՚ուրախանամ, որովհետեւ հոն տեղադրած արձանագրութիւններս կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն: Հիւանդ-բժիշկ յարաբերութիւնները ճշդող եւ ցուցադրող անխօս ներկայութիւն:

Ահա նոր զբաղումս: Միամիտ հաւատք: Ու հանդարտ անկեղծութեամբ միշտ բոլորին կ՚ըսեմ.-

Մի՛ ծերանաք... որովհետեւ որոշ տարիքէ ետք, կեանքը օրէ օր աւելի հետաքրքրական երեւոյթ կը սկսի դառնալ: Եւ որպէսզի ձեր մէջ ձեր յուշը միշտ պարէ... դիմեցէ՛ք ձեր ստեղծած «օրացոյցին»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2023