ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՆԱՒԹԱՅԻՆ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Իտալիոյ մէջ ամենէն նշանաւոր ֆութպոլի մարզիչը՝ պրն. Ռիֆին գնելէ ետք, աւելի հարուստ նաւթային պետութեան մը դրամապանակը, որ աւելի հեռուները կրնայ հասնիլ՝ գրգռուեցաւ ու նախանձեցաւ այսպիսի խելացի քայլի մը վրայ: Երկար մտածելէ ու ուսումնասիրելէ ետք, անոր կառավարութիւնը իր նաւթի եւ թատրոնի նշանաւոր մասնագէտներէն մէկը Անգլիա ղրկեց, ինչպէս նաեւ կարգ մը անձնական նամակներ ղրկեց քաղաքակիրթ աշխարհի մեծագոյն մայրաքաղաքներուն:
Բազմաթիւ դիւանագիտական կարգուձեւեր անցընելէ ետք, Անգլիոյ մշակութային հարցերով նախարարը արթնցուցին, որպէսզի հանդիպի այդ երկրի ներկայացուցիչին՝ կարեւոր խնդիրի մը համար: Շտապ կերպով պատրաստուած երկխօսութեան սեղանին վրայ, երկու յանձնակատարները՝ արաբ եւ անգլիացի նստան դէմ առ դէմ, մէկը ուրախութենէն իր ձեռքերը իրարու կը շփէր, իսկ միւսը անքնութենէն՝ իր աչքերը կը շփէր:
Անգլիացի ներկայացուցիչը. հրամմեցէք յարգարժան ներկայացուցիչ:
Արաբ ներկայացուցիչը. կ՚ուզենք Շէյքսփիրը գնել ձեզմէ:
Անգլիացին. որո՞ւ:
Արաբը. Շէյքսփիրը, ծե՜ր Շէյքսփիրը:
Անգլիացին. վստահաբար կը կատակէք յարգելի ներկայացուցիչ:
Արաբը. կատակ չեմ ըներ, եւ այս շտապ ճամբորդութիւնը խեղկատակութեան պատճառով չե՛մ կատարած:
Անգլիացին. կառավարութիւնս, սակայն, կը փափաքի այս զարմանալի դիմումին մասին յաւելեալ դրդապատճառներ ու լուսաբանութիւններ ստանալ:
Արաբ ներկայացուցիչը իր գաւաթը բարձրացուց ու ըսաւ. ինչպէս գիտէք, մեր երկիրը բաւական հարուստ է: Սակայն, երբ զայն կառավարելու գործը ստանձնեցինք, այնտեղ աւազներէն ու ուղտերէն բացի ուրիշ բան չկար: Քառորդ դարէն իսկ պակաս, սակայն, զայն սիգապանծ կանգնեցուցինք, որով երկաթն իսկ չի՛ կրնար ոլորել անոր քաղաքակրթութեան եւ զարգացման դռները, ինչքան որ մենք կամեցողութիւն եւ նաւթ ունինք: Այստեղ, այս շտապ հանդիպումին, չեմ ուզեր թուել բոլոր այն ձեռքբերումները, որոնք մենք կատարեցինք մեր երկրէն ներս՝ շինարարական, ճարտարապետական, արդիւնաբերական եւ զբօսաշջային առումներով: Բաւարար կը սեպեմ նշել, որ ամենէն նշանաւոր ինքնաշարժներու, օդանաւերու, կահկարասիներու, զարդեղէններու, անուշահոտերու եւ փողկապներու գործարաններուն արտարդութեան իննսուն տոկոսը մեր շուկաներէն ներս կը հոսին: Մենք իշխաններ ու հովանաւորողներ եղանք: Մեր խոհանոցներէն ներս ելեկտրական եւ թուային ամենէն արդիական գործիքները կը գործածենք միայն: Մեր մարմիններուն վրայ համաշխարհային հագուստ արտադրող սրահներու արտադրանքէն բացի՝ ուրիշ բան չենք կրեր, նոյնիսկ մեր երկրին դրօշակը, որ կառավարական կառոյցներուն վրայ կը ծածանի, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն, հաստատութիւններուն եւ պաշտօնական ինքնաշարժներուն, «Լիոնարտ» եւ «Լանֆան» տիպի արտադրութիւններէն են: Այս բոլորով հանդերձ, համագումարներու ընթացքին, համալսարաններ յաճախող մեր ուսանողներուն, մեր հովանաւորեալներուն՝ վաճառասրահներէն ու զբօսաշրջային կեդրոններէն ներս, բոլորը մեր ներկայացուցիչներուն կ՚ըսեն.
-Դուք, սակայն, յետամնաց էք: Ճիշդ է որ ամէն ինչ ունիք, սակայն ձեր քով մշակութային ու քաղաքակրթական հարստութիւն չկայ, ինչպէս կայ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ կամ եւրոպական որեւէ մէկ ուրիշ փոքր երկրի մը մէջ:
Այս պատճառով, մեր կառավարութիւնը որոշեց վերջնականապէս լուծել այս խնդիրը, ինչքան ալ սուղ նստի իր վրան:
Անգլիացին. սակայն դուք կարիք ունիք արաբ մտաւորականներու, որոնք ձեր միջավայրէն ու մշակոյթէն ըլլան: Եւ արաբական երկիրները նշանաւոր ու համբաւ ունեցող բազմաթիւ անուններ ունին:
Արաբը. անոնց մեծ մասը ծախուած են, կամ այդ ընթացքին մէջ են: Մենք ամէն տեսակի, որակի ու մակարդակի գնեցինք՝ բայց բան չփոխուեցաւ: Այդ պատճառով ալ մեր կառավառութիւնը որոշեց անմահ գրողներ գնել:
Անգլիացին. ինչո՞ւ ամօթով կը ձգէք կառավարութիւնս ձեր այս խնդրանքով, մինչ մարդկային ժառանգութիւնը հարուստ է Շէյքսփիրի մակարդակին եւ կամ աւելի բարձր մակարդակի մարդոցմով: Օրինակի համար, Կէօթէն կայ:
Արաբը. գերմանացիներէն գնեցինք Կէօթէն, իտալացիներէն՝ Տանթէն, Հնդկաստանէն՝ Թակորը, Սպանիայէն՝ Լորքան եւ Ֆրանսայէն ալ՝ Էմիլ Մազոլան:
Անգլիացին. Էմիլա Զոլա:
Արաբը. այո՛, Յունաստանէն ալ Էսքիլեսը: Ահաւասիկ, այդ բոլոր գործարքներուն փաստաթուղթերը:
Անգլիացին. իսկ Ռուսաստանէն որեւէ մէկ բան չգնեցի՞ք: Ռուսաստանը հանճարներուն եւ խելացիներուն երկիրն է:
Արաբը. անոնցմէ խնդրեցինք Թոլսթոյը, Չեխովը եւ Սթոեվսկին, սակայն մերժեցին, եւ անոնց փոխարէն «Լենին»ը ծախեցին մեզի:
Անգլիացին. Լենինը սակայն անհաւատ է, իսկ դուք պահպանողական իսլամական երկիր էք:
Արաբը՝ փսփսուքով. մեզի ինքնարժէքով «իսլամ Լենին» մը ծախեցին:
Անգլիացին. զարմանալի…: Լենին… եւ իսլա՞մ:
Արաբը. Մոսկուայի գաղափարախօսական առք ու վաճառքի տնօրէնը խօսեցաւ հետս ու ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր երկրի համար «յատուկ Լենին» մը ունին:
Անգլիացին. անոնց քաղաքականութիւնը մի՛շտ իրապաշտական ու հեռակայ է:
Արաբը. լսեցի նաեւ, որ անոնք ռազմական օդանաւեր ու հրթիռներ կը պատրաստեն Միջին Արեւելքի մէջ եղող իսլամական երկիրներուն եւ Ափրիկէի համար՝ եթէ անշուշտ անոնք ուզեն ձեռք բերել: Անոնց պայթիւնին ձայնը շա՜տ մեղմ է, ինչպէս Ապըտ ալ-Պասէթ Ապըտ ալ-Սամատին1 ձայնը:
Անգլիացին. այս զարմանահրաշ խառնուդը ո՞ւր կը բնակի ներկայիս:
Արաբը. մեր երկրի արօտներէն ներս:
Անգլիացին. անոնք ձեր մօտ ուրա՞խ են:
Արաբը. շա՜տ: Օրինակի համար, Տանթէն, աչք մը նետելէ ետք արաբական կարգ մը երկիրներու գրականութեան, մամուլին ու քաղաքականութեան, անմիջապէս ձեռնարկեց նոր ստեղծագործութիւն մը գրել, «Նաւթային կատակերգութիւն» անունով:
Անգլիացին. իսկ Էսքիլե՞սը…, ան որ պատմութեան խորերէն կու գայ, ինքզինք օտար չզգա՞ց այս նոր աշխարհին մէջ:
Արաբը. բնա՛ւ. կարգ մը արաբական քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ շրջելէ ու ուշադրութիւն դարձնելէ ետք անոնց ընկերական, քաղաքական ու մտածողական կեանքին, ինչպէս նաեւ այցելելէ ետք անոնց կարգ մը փողոցները, տուները եւ կիները, ցնծութեամբ ըսաւ.
-Ինչքա՜ն ուրախ եմ այստեղ. կարծէք տակաւին Ն.Ք. 2000 թուականը կ՚ապրիմ:
Անգլիացին. յաջող գործարք մըն է:
Արաբը. կը պակսի միայն անմահանուն Շէյքսփիրը: Ի՞նչ ըսիր:
Անգլիացին. ես առանձինն չեմ կրնար այս որոշումը առնել, այլ՝ պէտք է խորհրդակցիմ կառավարութեան կազմին, լորտերու եւ ծերակոյտին հետ:
Արաբը՝ պատրաստուելով հեռանալ. որու հետ կ՚ուզես խորհրդակցէ: Մենք կ՚ուզենք զինք: Մենք կ՚ուզենք մեր քաղաքակրութիւնը, մշակոյթն ու սերունդները կառուցել, կ՚ուզենք վերջ տալ յետամնացութեան…: Եթէ ուզես ինծի որեւէ մէկ բան փոխանցել, ես կողքի գինետունն (քապարէ) եմ…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 36
Վաղարշապատ
1 Քուրան ընթերցող եգիպտացի շէյխ մը, որ այս ոլորտին մէջ շատ նշանաւոր եղած է (1 յունուար 1927-30 նոյեմբեր 1988): Զինք կոչած են «Մեքքէի ձայնը»: