Սա­յի­տին Ու­րա­խու­թիւ­նը

Իւ­րա­քան­չիւր Հա­լէպ ճամ­բոր­դու­թեան ան­պայ­ման պէտք էր կանգ առ­նէինք Մաա­րա գիւ­ղը` Հա­լէ­պէն ա­ռաջ եւ մօ­տա­ւո­րա­պէս 80 քի­լօ­մեթր հե­ռու: Եւ ա­սի­կա ձե­ւով մը ան­գիր օ­րէնք ե­ղած էր, կա­մո­վի պէտք էր հոն կանգ առ­նէին` թէ՛ քիչ մը հանգս­տա­նա­լու եւ թէ՛ համ­տե­սե­լու գիւ­ղին հա­մեղ ճա­շե­րը եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րը: Փոքր տա­րի­քէս եւ մին­չեւ չա­փա­հա­սու­թիւն` այս ե­ղաւ մեր սո­վո­րու­թիւ­նը: Մաա­րա գիւ­ղին հետ կը կամր­ջէի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ սոր­ված ա­րա­բա­կան գրա­կա­նու­թեան մե­ծե­րէն` Ա­պու Ա­լա Մաա­րին: Սի­րած էի այս բա­նաս­տեղ­ծը եւ ա­նոր հետ նաեւ կը սի­րէի (ու տա­կա­ւին) ա­նոր գիւ­ղը:

Մաա­րա գիւ­ղին ճա­շա­րան­նե­րը կը կո­չուէին հան­գիս­տի վայր, ա­րա­բե­րէ­նով` իս­թի­րա­հա: Այս ճա­շա­րան­նե­րը եր­բեք չու­նէին, այս­պէս ը­սած, բարձր մա­կար­դակ եւ ար­դիա­կա­նու­թիւն, ա­ւե­լի՛ն, հոն կրնա­յիր տես­նել խո­հա­նո­ցը ու մե­զի հրամ­ցուե­լու հա­մար պատ­րաս­տուող ճա­շե­րը: Հա­պա՞ լուա­ցա­րան­նե­րը եւ ա­նոնց ա­ռըն­չա­կից բնու­թեան մէջ բա­ցուող բաղ­նիք­նե՞­րը: Այս բո­լո­րը անն­կատ կը դառ­նա­յին, այն­քան ա­տեն երբ կար կե­րա­կու­րը, որ հա­մեղ էր: Բայց ի­րո­ղու­թիւն էր նաեւ, որ ա­նոնք` իս­թի­րա­հա­նե­րը, հան­գիստ վայր էին եւ կը հանգս­տաց­նէին մեզ:

Բայց կար տա­կա­ւին ա­ւե­լին. մարդ­կա­յին հա­ղոր­դա­կա­նու­թիւ­նը, ա­նոր ընդ­մէ­ջէն ստեղ­ծուած ջեր­մու­թիւ­նը: Վճա­րե­լու պա­հուն ան­պայ­ման կար յան­կեր­գը` «Խա­լի ա­լէյ­նա» (հա­շի­ւը մեր վրայ): Ճիշդ է, որ ա­սի­կա միայն խօսք էր, բայց նաեւ ի­րա­կան է այն, որ թէեւ պի­տի վճա­րէինք մեր կե­րա­կու­րին հա­շի­ւը, բայց կար այդ մարդ­կա­յին կա­պը, թէ­կուզ` խօս­քով, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն կը զգա­յիր, թէ մար­դը կը խօ­սի մար­դուն հետ, եւ թէ ան իր խօս­քին ճամ­բով կ՚ար­տա­յայ­տէ իր մարդ­կայ­նու­թիւ­նը:

Իմ քսան­վեց եր­կար տա­րի­նե­րու ճամ­բոր­դա­կան հեւ­քին մէջ չեմ տե­սած նոյ­նան­ման ար­տա­յայ­տու­թիւն, նոյ­նիսկ երբ ան  խօս­քի սահ­մա­նը պի­տի չանց­նի:

Կը յի­շեմ այս մարդ­կա­յին ջեր­մու­թիւ­նը եւ այս բո­լո­րը կ՚ա­ռըն­չեմ ներ­կա­յին: Ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ, որ այս ջերմ հո­գին պի­տի վե­րա­ծուի այ­սօ­րուան ա­տե­լու­թեան ու, տա­կա­ւին, մա­հուան ու քան­դու­մի:

Բայց կ՚ու­զեմ անց­նիլ, քա­նի Հա­լէ­պի մէջ ալ կայ իմ շատ մը յի­շա­տակ­նե­րուն շար­քին այլ ջեր­մու­թիւն մը:

Հա­լէ­պի եր­կու պար­տէզ­նե­րը` Մաշ­թա­լը եւ Սե­պի­լը:  Պա­տա­նե­կան օ­րե­րէս սկսած` իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թեանս պէտք էր, որ ան­գամ մը մտնէի այս պար­տէզ­նե­րը, եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ եր­կու պար­տէզ­նե­րը կը գտնուէին հօ­րեղ­բօրս Հա­լէ­պի տան շրջա­կայ­քը, դժուար չէր այդ մէ­կը ը­նե­լը: Պար­տէզ­նե­րը չու­նէին մաս­նա­ւոր բա­ցա­ռիկ գե­ղեց­կու­թիւն մը, բայց ու­նէին կա­րե­ւոր յատ­կա­նիշ մը` հանգս­տու­թիւն, ա­նոնք մար­դուն նե­րաշ­խար­հը կը հանգս­տաց­նէին ու կը մեղ­մէին ա­մէն տագ­նապ: Վեր­ջա­պէս Հա­լէ­պին նկա­րա­գիրն էր այդ` հանգս­տաց­նող քա­ղաք, յատ­կու­թիւն մը, որ նաեւ կ՚ապ­րէր ա­նոր պար­տէզ­նե­րուն մէ­ջէն:

Ու դար­ձեալ իմ ան­հան­գիստ հո­գին: Ինչ­պէ՞ս կրնար այս հանգս­տաց­նող քա­ղա­քը դառ­նալ այս­քան ան­հան­գիստ, ինք­նիր ու տա­կա­ւին` աշ­խար­հին հա­մար:

Սե­պիլ պար­տէ­զին մէջ կա­յին քա­նի մը փոքր վան­դակ­ներ, ո­րոնց մէջ` սի­րա­մարգ, նա­պաս­տակ­ներ եւ կա­պիկ­ներ, բայց մեր պա­տա­նե­կան օ­րե­րու նե­րաշ­խար­հին մէջ ա­նոնք բա­ւա­րար էին, որ տա­րած­քը կո­չուէր կեն­դա­նա­բա­նա­կան պար­տէզ, թէ­կուզ` քա­նի ա­նա­սուն­նե­րով:

Պի­տի սպա­սէինք, որ սի­րա­մար­գը բա­րե­հա­ճէր իր թաքս­տո­ցէն դուրս գալ ու բա­նար իր պո­չը, եւ մենք հիա­նա­յինք ա­նոր գե­ղե­ցիկ գոյ­նե­րով: Փոք­րիկ նա­պաս­տակ­նե­րը մէ­կը միւ­սը պի­տի հա­լա­ծէր, եւ մեզ  պի­տի զբաղց­նէին: Ու տա­կա­ւին, եր­կու կա­պիկ­ներ, ո­րոնք կը նա­յէին մեր աչ­քե­րուն եւ կար­ծես կ՚ու­զէին խօ­սիլ մե­զի հետ: Այս բո­լո­րը մեր պա­տա­նե­կան օ­րե­րուն մե­զի հա­մար ու­րա­խու­թիւն էր` պարզ, պզտիկ, անն­շան, բայց` գե­ղե­ցիկ եւ ու­րախ: Իւ­րա­քան­չիւր Հա­լէպ այ­ցե­լու­թեանս պի­տի ու­զէի եր­թալ պար­տէզ` տես­նե­լու հա­մար նոյն այս անն­շան վան­դակ­նե­րուն մէջ գտնուող ե­րեք տե­սակ ա­նա­սուն­նե­րը: Ճիշդ է, որ աշ­խար­հով մէկ այ­ցե­լած էի հսկայ տա­րածք­նե­րու վրայ գտնուող կեն­դա­նա­բա­նա­կան ան­տառ­ներ, ուր բնու­թեան եւ ա­նա­սուն­նե­րու հմայ­քը կը զգլխէ ու կ՚անց­նի ա­մէն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, բայց չեմ գի­տեր ին­չո՛ւ, Հա­լէ­պի Սե­պի­լի պար­տէ­զի այդ քա­նի մը ա­նա­սուն­նե­րը այդ­քա՛ն ու­րախ հետք ձգած են իմ հո­գիին մէջ… Ե­րե­ւի նոյն այս ջեր­մու­թի՞ւնն է, որ դրուած է յի­շա­տա­կի ան­մար կրա­կին վրայ, մին­չեւ այ­սօր, նոյ­նիսկ  երբ քա­ղա­քը ա­ւե­րուած է:

Ար­դէն ե­ղաւ ա­ւե­լի քան ութ տա­րի, որ Հա­լէպ չեմ այ­ցե­լած, բայց ի­մա­ցայ եւ կար­դա­ցի, որ Սե­պիլ պար­տէ­զին մէջ կան տա­կա­ւին այդ վան­դակ­նե­րը եւ ա­նոնց մէջ` գէթ մէկ հատ կա­պիկ: Հե­տաքրք­րա­կան էր ի­մա­նալ, որ կա­պի­կը ա­նուա­նած են Սա­յիտ, որ ա­րա­բե­րէ­նով կը նշա­նա­կէ ու­րախ: Քա­ղա­քի մը մէջ, որ ու­րախ չէ այս օ­րե­րուն…

Ե­րե­ւի Սա­յի­տը միշտ ալ ու­րա­խա­ցու­ցած է իր այ­ցե­լու­նե­րը, բան մը, որ զար­մա­նա­լի չէ, քա­նի իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թեանս միշտ ալ կա­պիկ սա­յիտ­նե­րը  ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծած են նաեւ իմ մէջս: Բայց Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մէն ի վեր մար­դիկ սկսած են նշմա­րել, թէ Սա­յի­տը տխուր է: Ե­թէ մէկ կող­մէ ան կորսն­ցու­ցած է իր կո­ղա­կի­ցը, բայց կան նաեւ ռում­բե­րը եւ քա­ղա­քին ա­հա­ւոր վի­ճա­կը: Սա­յի­տը ինք ալ կը վախ­նայ, ինք ալ տխուր է, ինչ­պէս` ամ­բողջ Հա­լէ­պը: Իր պզտիկ տնա­կէն դուրս չի գար, ոչ ալ կ՚ու­զէ տես­նել զինք այ­ցե­լող­նե­րը:

Եւ հե­տաքրք­րա­կան էր ի­մա­նալ Սե­պիլ պար­տէ­զը այ­ցե­լող­նե­րէն մէ­կուն զրոյ­ցը. «Սա­յի­տը ա­ռաջ շատ ու­րախ էր, մեզ ալ կ՚ու­րա­խաց­նէր: Պա­տե­րազ­մէն ի վեր տխուր է, պէտք է իր տու­նը` Ափ­րի­կէ եր­թայ, որ­պէս­զի գտնէ իր ու­րա­խու­թիւ­նը»:

Սա­յի­տը տխուր է եւ ու­րա­խու­թիւն կը փնտռէ, եւ այդ ու­րա­խու­թիւ­նը տուն վե­րա­դառ­նա­լուն մէջ է: Հա­պա՞ այդ մի­լիո­նա­ւոր սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րը: Հոս, հոն եւ քիչ մը ա­մէն տեղ: Ե՞րբ է, որ ա­նոնք ալ տուն պի­տի վե­րա­դառ­նան եւ ի­րենց ու­րա­խու­թիւ­նը գտնեն:

Չեմ գի­տեր` Սա­յի­տը ինչ­պէ՛ս դուրս պի­տի գայ իր վան­դա­կէն եւ վե­րա­դառ­նայ տուն` իր ու­րա­խու­թիւ­նը գտնե­լու հա­մար, չեմ ալ գի­տեր, թէ ե՞րբ եւ ինչ­պէ՞ս մի­լիո­նա­ւոր սու­րիա­ցի թէ այլ գաղ­թա­կան­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան ի­րենց տու­նե­րը` գտնե­լու հա­մար ի­րենց ու­րա­խու­թիւ­նը: Ու Հա­լէ՞­պը, որ ու­րախ եւ հանգս­տաց­նող քա­ղաքն է, չեմ գի­տեր ե՛րբ եւ ինչ­պէ՛ս պի­տի գտնէ իր ան­դոր­րու­թիւ­նը:

Բայց ե­րե­ւի պէտք է հա­մո­զուիլ, որ ու­րա­խու­թիւ­նը ի­րա­ւուն­քի նման կ՚առ­նուի եւ չի տրուիր, եւ թէ` մարդ պի­տի տքնի, որ­պէս­զի իր «տա­ն» մէջ ու­րա­խու­թիւն կեր­տէ, բայց նաեւ ու­րախ պա­հէ, եւ աշ­խարհ ա­ւե­լի լաւ տեղ մը ըլ­լայ ապ­րե­լու հա­մար:

Մինչ այդ Սա­յի­տը կը փնտռէ իր ու­րա­խու­թիւ­նը, եւ նաեւ մար­դիկ ու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ` Հա­լէ­պէն սկսած ու աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծուած, ա­նոնք ալ կ՚ու­զեն տուն վե­րա­դառ­նալ եւ ու­րախ ապ­րիլ:

Աս­տուած ստեղ­ծեց աշ­խար­հը`  մար­դուն հա­մար ա­նոր տու­նը եւ զայն «ԲԱ­ՐԻ» ո­րա­կեց, հոն, ուր մար­դը պի­տի կա­րե­նար ու­րախ ապ­րիլ: Բայց մին­չեւ ե՞րբ է, որ քա­ղա­քա­կան-տնտե­սա­կան ու տա­կա­ւին այլ միտք(եր)` մեկ­նե­լով այլ հա­շուար­կում­նե­րէ, պի­տի սա­կար­կեն նոյ­նինքն մար­դուն շնոր­հուած այս ու­րախ տու­նը:

Սա­յի­տին ու­րա­խու­թիւ­նը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան շնոր­հած ու­րա­խու­թիւնն է, ար­ժէ պա­հել զայն:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016