ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ԱՄԷՆ ՕՐՈՒԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐԸ

Եւորպական համալսարանները թափառող արաբ դասախօսը, որ երկար տարիներէ ի վեր գաղթած էր իր երկրէն՝ սովէն ու ահաբեկչութենէն փախչելով, գիշեր մը եւրոպական քաղաքներէն մէկուն մէջ կը պտտէր, մինչ իր շուրջ եղող քաղաքակրթութիւնը, արդարութիւնն ու կանոնաւորութիւնը կը փայլէին ու ներդաշնակ էին տօնածառի նման:

Հովանոցները գլուխներուն վրայ, հետիոտն քալողները մայթերուն վրայ, իսկ օրէնքը բոլորին վրայ: Ի՜նչ դաստիարակուած քաղաքակրթութիւն, քնքոյշ ընտանի կատուի նման:

Ճոխ ճաշարաններէն մէկը մտաւ, որպէսզի ընթրէ: Դիմաւորեց զինք սպասեակ մը՝ օտարներուն յատուկ իր ժպիտով: Անոր ներկայացուց կերակրատեսակներուն ցանկը եւ կանգնեցաւ՝ սպասելով իր պատուէրին: Օտար պարոնը ըսաւ անոր.

-Յոգնած եմ կարդալէ ու գրելէ: Խնդրեմ, կը կարդա՞ս ցանկը ինծի համար:

Սպասեակը ոգեւորութեամբ ըսաւ.

-Սիրո՛վ, պարոն: Սքոթլանտական ուիսքի ունինք, գերմանական գարեջուր, գանատական հաց, զուիցերական ապուր, ֆրանսական պանիր, արժանթինական միս, ռուսական ձկնկիթ, իտալական մաքարոն, սէյլոնեան թէյ, պրազիլական սուրճ: Իսկ գաւաթները չեխական են, իսկ սաւաններն ու սրբիչները՝ ամերիկեան:

Պարոնը շատ խիստ օտարութիւն մը զգաց սպասեակին կարդացածէն: Քաշողական կարօտ մը զգաց որեւէ մէկ բանի, որ կը յիշեցնէր իրեն իր երկիրն ու հայրենիքը:

Հարցուց անոր.

-Արաբական որեւէ մէկ բան ունի՞ք:

Սպասեակը ըսաւ.

-Ո՛չ, արաբական ոչինչ ունինք, բացի ծառաներէն:

Պարոնը առաջին օդանաւով իր հայրենիք վերադարձաւ, իր հետ տանելով իր վկայականներն ու կարօտները, որպէսզի այս տարիներու ընթացքին կորսնցուցածը ե՛տ բերէ: Հիւրանոց հասնելուն պէս ամէն ինչ դրաւ սենեակին մէջ, ձեռքերը դրաւ գրպաններուն մէջ եւ դուրս գալով մինչեւ ուշ գիշեր սկսաւ պտտիլ իր սիրած քաղաքին մէջ, ուրկէ գաղթած էր, առանց կշտանալու անոր օդէն, փողոցներէն, երկինքէն, աստղերէն ու անոր պատերուն ետեւէ կատարուող բարձրաձայն զրոյցներէն: Երկար պտոյտէն յոգնելէ ետք ճաշարան մը մտաւ, որպէսզի ընթրէ: Սպասեակ մը իր սովորական ժպիտով մօտեցաւ անոր, բարի գալուստ մաղթելով իրեն եւ իր պատուէրներուն: Օտար պարոնը ըսաւ անոր.

-Կարդա՛ ինծի ի՜նչ ուտելիքներ ու խմելիքներ ունիք: Երկար տարիներէ ի վեր բացակայ էի հայրենիքէն եւ կրնայ ըլլալ չգիտնամ, թէ ի՞նչ կը նշանակեն անունները հիմա:

Սպասեակը ըսաւ.

-Լիբանանեան օղի ունինք, սուտանական ֆուլ, հալէպական քէպապ, եգիպտական մոլոխ (nalta jute), սէուտական փիլաւ, իրաքեան ֆրիքէ, թունուսական քոսքոս, նապլուսական քընաֆէ, յորդանանեան ձմերուկ, ատանական1 սուրճ: Պատրաստուած կերակուրները իրենց տեսակներով ինչպէս կը տեսնէք բոլորն ալ արաբական են, արեւելեան խոհանոց է, վարագոյրներն ալ արեւելեան են, պարուհին ալ արեւելքցի է, երգերը արաբերէն են, ինչպէս նաեւ կահոյքը եւ հագուստներն ալ արաբական են: Տակաւին, ես եւ դիմաւորող պաշտօնեաները, խոհարարներն ու հաշուապահները, բոլորս ալ արաբ ենք, կատարեալ արաբ:

Պարոնը հանգիստ մը շնչեց ու ըսաւ.

-Կը նշանակէ ո՛չ մէկ օտար բան ունիք ձեր մօտ:

Սպասեակը.

-Բնա՛ւ, պարոն, ո՛չ մէկ օտար բան ունինք՝ բացի ճաշարանի տէրէն…:

***

Ան թեւերը սոթտեց եւ մինչեւ ականջներուն ծայրը քաղաքականութեան մէջ մխրճուեցաւ: Կուսակցութիւն մը մտաւ եւ ուրիշէ մը դուրս եկաւ: Կազմակերպութեան մը միացաւ ու հակառակեցաւ ուրիշ հոսանքի մը: Ընդդիմադիրներուն հետ ճաշեց եւ իշխանութիւններուն հետ ընթրեց: Աջակողմը շաղեց ու ձախակողմը թխեց: Շփուեցաւ բժիշկներու, փաստաբաններու, վաճառականներու եւ մատակարարողներու հետ: Կը պարզաբանէր, կը յայտնագործէր ու կ՚ըմբռնէր, դիտակէտ ունենալով արաբական քաղաքականութիւնը Քամբ Տէյվիտէն առաջ եւ ետք, առաջնորդուելով ընդլայնուած եւ փակ գագաթաժողովի որոշումներով, նկատի առնելով ընդդիմադիր եւ իշխանաւոր վարչակարգերուն տարակարծութիւնները կամ մերձեցումի կէտերը այս կամ այն ճամբարին հետ: Ապա, տարբեր ոլորտներու մէջ մի քանի նախագիծերու սկիզբ դրաւ: Ատկէ ետք ճաշարան մըն ալ բացաւ ու անոր դրան առջեւ կանգնեցաւ: Իւրաքանչիւր յաճախորդ մը մտնելուն ու հարցնելուն, թէ՝

-Ձեր մօտի միսերն ու հաւերը իսլամական ձեւո՞վ մորթուած են:

Ան կը պատասխանէր՝ անոր երկարելով դանակն ու պատառաքաղը.

-Բացի արաբ քաղաքացիէն, որ հազար ու մէկ ձեւով մորթուած է, ուրիշ ոչինչ ունինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 24

Վաղարշապատ


1 Եմէնական քաղաք, Ատան:

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024