«Օ՛Ձ, ԿԱՇԻԴ ՆՈՐ Է, ԲԱՅՑ ԹՈՅՆԴ՝ ՀԻՆ»

Օձը միակ սողունը չէ, որ իր կաշին, մաշկը կամ մորթը կը փոխէ. մարդն ալ նոյնպէս ժամանակի ընթացքին իր մորթը կը ձեւափոխէ։ Սա աստուածային ստեղծագործութեան մէկ հրաշալիքն է։

Կենդանաբնական աշխարհին մէջ ամենէն խաբեբան ու փորձանաւորը օձն է նկատուած։ Դարեր շարունակ օձը համարուած է առեղծուածային արարած մը, որ թէ՛ հիացմունքի եւ թէ սարսափի առարկայ է դարձած։ Հին քաղաքակրթութեանց մէջ այս սողունը առասպելներու եւ ծիսական արարողութիւններու գլխաւորագոյն «անձն» էր։  Օձը այլ կենդանիներէ կը զատորոշուի իր ոլորապտոյտ մարմնով, սուր նայուածքով, երկսայրի լեզուով ու նամանաւանդ թոյնով, որմէ կը սարսափին շատեր։ Օձը նաեւ ունի իր տեսակները, որոնցմէ ամենէն վտանգաւորը քարբ կամ իժ կոչուած օձատեսակն է, որ նշանաւոր է իր մահացու թոյնով։

Աստուածաշնչական պատումներուն մէջ օձը ներկայացուած է իբրեւ փորձիչ, որ պատեհ առիթը կը փնտռէ դերակատար անձը փորձելու եւ իր թակարդին մէջ առնելու համար։ Նոյն այս փորձիչն էր, որ իր ստայօդ խօսքերով խաբեց առաջին մարդը՝ Ադամը, պատճառ դառնալով անոր դրախտէն արտաքսման (Հմմտ. Ծն 3.1-13)։ Նոյն այս սադրիչն էր, որ փորձեց երկրորդ Ադամը՝ զՔրիստոս, զԻնք հրաւիրելով քարերը հացի վերածելու, Երուսաղէմի տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ կանգնեցնելով՝ իր յերիւրածոյ խօսքերով փորձեց համոզել Աստուածորդին՝ ինքզինք վար նետելու համար, եւ վերջապէս չարադաւան հնարքներով խոստացաւ աշխարհի թագաւորութիւնները Քրիստոսի տալ, պայմանաւ որ զինք պաշտէր (Հմմտ. Մտ 4.1.-11)։ Նոյն այս բանսարկուն էր, որ Քրիստոսի մատնութեան պատճառ հանդիսացաւ՝ Յուդա Իսկարիոտացիի միտքն ու հոգին աշխարհի սին հարստութեամբ պարուրելով (Հմմտ. Մտ 26.14-15)։ Նոյն այս քարբն էր, որ Յիսուսի խաչելութեան ընթացքին ներկայ մարդոց ընդմէջէն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Դուն տաճարը պիտի քանդէիր եւ երեք օրէն շինէիր, հա՞. եթէ Աստուծոյ Որդի ես՝ դուն քեզ ազատէ եւ վար իջիր խաչէն» (Մտ 27.42)։ Նոյն այս ապիրատն է, որ ցայսօր Քրիստոսի Խորհրդական Մարմնին՝ եկեղեցւոյ մէջ պառակտումներ ու երկփեղումներ կը ստեղծէ։ Նոյն այս ստախօսն է, որ բազում պղծաշուրթն հայհոյիչներու՝ աղանդներու ծագման պատճառ կը հանդիսանայ։ Նոյն այս չարածինն է, որ ընկերութիւններու ու բարեկամներու միջեւ շարունակաբար թշնամութիւն ու իր մահստուեր թոյնը կը սերմանէ։ Նոյն այս Սադայէլն է, որ իր սեւամաղձ թոյնով մեր հոգիի շուշաններուն վրայ սեւ վարագոյր կը շպրտէ։ Նոյն այս իժն է, որ ընտանիքներու եւ զոյգերու միջեւ վիհ կը յառաջացնէ՝ անոնց օճախը հիմնապէս քարուքանդ ու փլատակ ընելով։ Նոյն այս պղծաբարոյ արարածն է, որ երիտասարդութեան միտքը հաճոյաստեղծ հնարքներով կը պղտորէ՝ զանոնք առաջնորդելով դէպի թմրամոլութիւն եւ պէս-պէս ախտեր…։

Խաբեբայութիւնը, ստութիւնը, կեղծաւորութիւնն ու մեղմեխանքը օձին նկարագրին միայն կը պատշաճին։ Սակայն մարդ գիտակցբար եւ անգիտակցաբար վարակուած ու ընդօրինակած է օձին վայել ու միայն օձին պատկանող նկարագրային գիծերը։ Քծնող ու խաբեբայ մարդիկ արդեօք չեն գտնուի՞ր մեր համընդհանուր կեանքէն ներս։ Անկա՛սկած։ Օձաբարոյ մարդիկ անյապաղ կը ներկայանան մեզի մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին՝ մեզ դիւթելով իրենց խաբեպատիր խօսքերով ու օձահմայ վարուելակերպով։ Օձուկներ, որոնք չունին նկարագիր ու խօսք, պարզապէս կը ջանան իրենց իբրեւ որս ներկայացող անմեղ ոչխարները իրենց մագիլներով ու ճապուռներով լափել։ Ի զուր չէ, որ մեր նախնիք օձին ու օձանկարագիր ունեցողներու համար ըսած են. «Օձը իր կաշին կը փոխէ, մարդ իր բնութիւնը չի փոխեր»։ «Օձը հողով կը սնանի, չի չափազանցեր որ երկար ապրի»։ «Օձին խայթածը կ՚աղիկնայ, լեզուին կճածը չ՚աղեկնայ»։ «Օձին չսիրած բոյսը իր ծակին առջեւ կը բուսնի»։ «Օձին ձագը առաջ զինք պահողը՝ մեծցնողը կը խայթէ…»։

Գիտութիւնը ինք կը վկայէ, թէ մարդ էակը մարմնական, իմացական եւ հոգեկան եռեակ գոյացութիւններու սքանչելի ամբողջութիւն մըն է, հրաշալի միութեան մը մէջ բռնուած անզատելի ու անքակտելի երրորդութիւն մը։ Բայց իր բնութեան կառոյցին ու շինուածքին մէջ մարդ արարածը ենթակայ է մեղանչումի, այլ բացատրութեամբ՝ հակամէտ է օձաշապիկ հագնելու եւ մեղք գործելու՝ թէ՛ թանձրական արարքով, թէ՛ խօսքով եւ թէ պարզ մտածումով։ Այո՛, մարդ, իրբեւ բանաւոր եւ ապրող գործօն էակ, անհրաժեշտօրէն պէտք ունի թէ՛ նիւթական կամ մարմնական, թէ՛ իմացական եւ թէ մանաւանդ հոգեկան ամէնօրեայ առողջ սնունդի։ Սակայն փոխանակ իմաստուն տնտեսի մը պէս իր մարմինը, միտքն ու հոգին համապատասխան կերպով սնուցանելու, առհասարակ մոռացութեան տուած է հոգեկան սնունդը, մասնաւորապէս հակակրօն եւ նիւթապաշտ ընկերային դրութեանց մէջ։ Նուազագոյն յոգնութեամբ առաւելագոյն նիւթական բարիքներ եւ մարմնական վայելքներ ունենալու իր ճիգին մէջ, մարդ կամայ թէ ակամայ օձագալար հնարքներով ու միջոցներով կ՚անիրաւէ, կ՚ամբարոյանայ, կը խարդախէ, կը նենգէ, կը նախանձի, կը ստէ, կը չարախօսէ, կը զրպարտէ, կը բամբասէ, կը հեգնէ, կը նախատէ, կ՚անուանարկէ, չարիք կը հասցնէ, մէկ խօսքով՝ մեղք կը գործէ մեղանչելով Աստուծոյ, իր նմանին եւ ինքն իր անձին դէմ։

Քրիստոս Իր ուսուցումներուն մէջ իսկ զգուշացուց մեզ՝ ըսելով. «Խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս» (Մտ 10.16)։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ ու ըմբռնումով, այն քրիստոնեան եթէ իմաստուն է, բայց չունի միամտութիւն՝ խորամանկ է, իսկ եթէ իմաստութիւն չունի, բայց միամիտ է՝ ապա յիմար է: Օձին իմաստութիւնը կը կայանայ այն արարքին մէջ, որ ան իր գլուխը կը պահէ վտանգի ընթացքին՝ զայն չվնասելու համար, իսկ հակառակ պարագային եթէ պոչը կտրուի՝ դարձեալ կ՚աճի։ Պոչը կը խորհրդանշէ առաքինութիւնները, զորս եթէ կորսնցնենք՝ կրնանք վերստին ձեռք բերել, իսկ գլուխը, որ խորհրդանիշ է մեր քրիստոնէական հաւատքին, եթէ խորտակուի՝ կրնայ կործանել մեր ողջ էութիւնն ու կերտուածքը։

Մեր եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Գրիգոր Տաթեւացի օձին խորագիտութեան մասին խօսելով՝ կը մասնաւորէ հետեւեալ կէտերը. «Ա) Օձը պատրաստ է իր ամբողջ մարմինը զոհելու՝ իր գլուխը փրկելու համար. այնպէս ալ քրիստոնեան պարտաւոր է իր բոլոր ունեցուածքը տալու, նոյնիսկ մարմինը չարչարանքներու ենթարկելու, միայն թէ իր հաւատքը փրկէ, զոր կը հանդիսանայ մեր գլուխը: Բ) Օձը Եւան խաբելով հնազանդութեան կերպարանք ստացաւ. այդպէս ալ մենք պէտք է Աւետարանը հնազանդութեամբ քարոզենք: Գ) Երբ Ադամը հեռացած էր Եւայէն, այն ատեն է որ օձը մօտեցաւ Եւայի ու խօսեցաւ անոր հետ. նոյնպէս ալ մենք խօսելու ճիշդ ժամանակն ու տեղը պէտք է գիտնանք ու ընտրենք: Դ) Օձը կը մերկանայ իր հին եւ մեռեալ մորթէն. այնպէս ալ մենք պէտք է ձերբազատինք տեսակ-տեսակ ախտերէ, որոնք մեր հոգիները ապականողներն են: Ե) Օձը կը սողայ ոլոր-մոլոր, բայց եւ այնպէս իր բոյնը մուտք կը գործէ ուղիղ. նոյնպէս ալ մենք մեր կեանքի ընթացքին կը սխալինք աջ ու ձախ երթալով ու խոտորելով: Սակայն հաւատքի մէջ, երբ մարդիկը կը հրաւիրենք դէպի հոգեւոր կեանք, պէտք է ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս ըլլանք, որպէսզի ուրիշներու գայթակղութեան պատճառ չդառնանք: Զ) Օձը կը լուսաւորէ իր խաւար աչքերը. այնպէս ալ մենք պէտք է լուսաւորենք մեր հոգիները՝ հաւատքով ու իմաստութեամբ: Է) Ջուր խմելու ժամանակ օձը կը թափէ իր թոյնը. նոյնպէս ալ մենք նախքան հոգեւոր կեանք մտնելը, պէտք է մեր մէջէն թափենք նենգութիւնը, խոստովանինք մեր մեղքերը եւ ապա ընդունինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը»:

Կատղած փիղէ մը վախցած մարդ մը, իբրեւ ապաստանարան կը գտնէ ջրհոր մը, որուն բերանին վրայ երկարած ծառի մը ճիւղին կառչելով՝ մէջը կը կախուի։ Ոտքերը ջրհորի ոտնատեղերուն մէջ դնելէ ետք, վար կը նայի եւ կը տեսնէ չորս օձեր, որոնք իրենց բոյներէն գլուխնին դէպի իրեն տնկած էին։ Ջրհորին մէջ կը տեսնէ վիշապ մը, որ դէպի իրեն բացած էր բերանը։

Յետոյ աչքը վեր կը դարձնէ եւ կը տեսնէ, որ ծառին ճիւղին վրայ կային երկու մուկեր, սեւ ու ճերմակ, որոնք անդուլ կը կրծէին իր կառչած ճիւղը։ Այս բոլորը տեսնելով, ան կը սկսի մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, որպէսզի ազատի։ Մինչ այդ, իր մօտ կը նշմարէ խորիսխ մը մեղր, զոր մեղուները պատրաստած էին։ Ախորժակը կը բացուի, կը փափաքի քիչ մը ուտել։ Մեղր ուտելու փափաքը զինք կը զբաղեցնէ եւ իրեն մոռցնել կու տայ հնար մը գտնելու եւ այդ վիճակէն ազատելու մտածումը։ Կը մոռնայ, որ երկու մուկեր տակաւին կը շարունակեն կրծել իր կառչած ճիւղը, որ շուտով կը կտրի, եւ իր մտացիրութեան ու անհոգութեան պատճառով ջրհորին յատակը կ՚իյնայ, ուր վիշապը կը լափէ զինք (Քաղուած` «Քալիլա Եւ Տումնա» հատորէն):

Առակագիրը ջրհորը կը նմանցնէ աշխարհին, որ լեցուն է ապականութեամբ, չարիքով, փորձանքներով եւ վախով։ Չորս օձերն ալ կը նմանցնէ մարդու մարմնին մէջ գտնուած հիմնական չորս նիւթերու, որոնցմէ որեւէ մէկը երբ գրգռուի՝ կը նմանի օձի խայթոցի եւ մահացու թոյնի։ Երկու մուկերը կը ներկայացնեն գիշերն ու ցերեկը, որոնք իրարու յաջորդելով, մուկերուն ծառին ճիւղը անդադար կրծելուն պէս, կը կրծեն մարդուն օրերը ու կը փճացնեն կեանքը, որ մեր ամրոցն է։ Հեղինակը շարունակելով վիշապը կը նմանցնէ մահուան, որմէ փախուստ չկայ։ Մեղրն ալ կը նմանի քաղցրութեան, զոր կը վայելէ մարդ՝ հոտոտելով, ուտելով, լսելով եւ շօշափելով։

Սիրելի՛ ընթերցող, օձը բնոյթով ու նկարագրով ապերախտ, երախտամոռ ու ապաբարոյ սողուն մըն է, որ մինչեւ իսկ նախանձեցաւ Աստուծոյ փառքին։ Ի՞նչ օգտակարութիւն ունի Սատանան քեզի, որ կը փորձես նմանիլ իրեն ու ընդօրինակել անոր չարատունկ արարքները, որոնք քեզ միայն մէկ վայր կ՚առաջնորդեն՝ դէպի դժոխք։  Իւրաքանչիւր վայրկեան ան չորսդիդ է ու պատրաստ է քեզ ընկլուզելու ու յաջողութիւնդ ձախորդութեան վերածելու։ Մարդկային ուժերովդ եւ մտային հասողութեամբդ չես կրնար յաղթել Սատանային ու անոր գործակիցներուն, բայց միայն ամբողջականօրէն Աստուծոյ հնազանդելով եւ Անոր ապաւինելով։ Զուր տեղ մի՛ չարչրկեր դուն քեզ, այլ ապաւինէ՛ Աստուծոյ ու պիտի յաջողիս գետին զարնել առիւծի նման մարդիկ՝ որոնք քեզ գետին զարնել կ՚ուզեն (Սղ 17.11-13)։ Օձը օձ է, չի՛ փոխուիր…։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2017