ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՆՈՒՐԷՅՆՊԵՐԿԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Յանձնաժողովի նախագահ. Անունդ:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Հօրդ անունը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Մօրդ անունը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Կեցութեանդ թուականն ու վայրը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ամուրի՞ ես, թէ՞ ամուսնացած:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ինչո՞վ կը զբաղիս:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Տարբերող նշաններ:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Արեան խմբաքանակը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Նիւթական վիճակդ:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Նախապէս ի՞նչ հիւանդութիւններ ունեցած ես:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Արաբական երկիրները ե՞րբ ասպատակուեցան:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Անցեալին ո՞ր պատերազմը եղած է արաբներու ամենէն նշանաւոր պատերազմը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Նոր ժամանակներուն:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Միջին դարերուն:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞վ է Խալէտ Ըպըն Ուալիտը1:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Թարէք Պըն Զիատը2:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ալ-Զիր Ապու Լէյլա ալ-Մուհալհել3:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ալ-Քատիսիէի4 պատերազմը ե՞րբ տեղի ունեցաւ:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Եարմո՞ւքը5:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Հըթի՞նը6:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞վ է Մութանապին7:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ապու Ալլա ալ-Մաարի՞ն8:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ապու Խալիլ ալ-Ֆարահիտի9:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ են եօթը մուաալաքաները10:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ինչո՞ւ Ալ-Քաապային վրայ կը կախուէին:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞ւր կը կախուէին:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Որո՞նք են Արաբական աշխարհի գրական դպրոցները:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Քանի՞ կուսակցութիւններ կան:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Քանի՞ յարանուանութիւններ կան:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ապըտ ալ-Նասէրը ե՞րբ ծնած է:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ե՞րբ մահացած է:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞վ է Ապըտ ալ-Նասէրը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ադամը ե՞րբ ելաւ դրախտէն:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞վ է Ադամը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞վ է Եւան:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է քաղքենիութիւնը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է դրամատիրութիւնը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է ընկերվարութիւնը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞վ է առաջին մարդը, ով լուսին ոտք դրած է:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է լուսինը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ են աստղերը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է անձրեւը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է գարունը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ են չորս եղանակները:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ են չորս կողմերը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է ծովը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է հովը:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է թթուածինը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Իսկ հիմա, քանի՞ քիլօ կը կշռես:
Քննութեան մասնակից. Չեմ գիտեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Երկարութի՞ւնդ:
Քննութեան մասնակից. Չեմ յիշեր:

Յանձնաժողովի նախագահ. Աչքերուդ եւ մազերուդ գո՞յնը:
Քննութեան մասնակից. Մոռցայ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Բացառիկ, զարմանալի, անհաւատալի փորձառութիւն: Զաւակս, այս կը նշանակէ որ ընդհանրապէս ո՛չ մէկ բա՞ն կը յիշես:
Քննութեան մասնակից. Այո՛, բացառութեամբ մէկ բառի:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ի՞նչ է:
Քննութեան մասնակից. Պաղեստին:

Յանձնաժողովի նախագահ. Պաղեստի՞ն: Գլխատում:
Քննութեան մասնակից. Շնորհակալ եմ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Մէկ քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնիր:
Քննութեան մասնակից. Եւ մէկ:

Յանձնաժողովի նախագահ. Զաւակս, ո՞ր գիւղէն ես:
Քննութեան մասնակից. Մեր քով գիւղեր չկան:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞ր քաղաքէն ես:
Քննութեան մասնակից. Քաղաքներ ալ չունինք:

Յանձնաժողովի նախագահ. Ո՞ր ժողովուրդէն ես:
Քննութեան մասնակից. Ժողովուրդներ չունինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 12

Վաղարշապատ


1 Իսլամ հրամանատար, ուղեկից: Ծնած է 592, մահացած է 642-ին: Ուղեկից կոչուած է, որովհետեւ Մուհամմէտ մարգարէին ուղեկիցներէն եղած է: Մարգարէն զինք կոչած է իր պատեանէն դուրս եկած Աստուծոյ սուրը: Պատերազմական դիւանագիտութեամբ յատկանշուած է: Իրաքի եւ Պիլատ ալ-Շամի նուաճումները իր շնորհիւ եղած են: Կը համարուի այն քիչ հրամանատարներէն մէկը, ով իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պատերազմի չէ պարտուած:

2 Իսլամ նշանաւոր հրամանատար (679-720): Գլխաւորած է Պիրենեան թերակղզիի իսլամական յարձակումներն ու յաղթանակը 711-718 թուականներուն: Իրեն կը վերագրուի նաեւ Ճիպլարթարի նուաճումը, որ կը համարուի Անտալուսի նուաճումին սկիզբին առաջին վայրը, ուր իսլամական զօրքը հանգրուանեց: Իր հմուտ զինուորականի համբաւը պատմութեան ամբողջ ընթացքին կը համարուի ամենէն նշանաւորներէն մէկը:

3 Ուտէյ Պըն Ապի Րապիաա (443-531): Նախաիսլամական ժամանակներու նշանաւոր արաբ բանաստեղծ:

4 Պարսկաստանի դէմ մղուած իսլամական պատերազմներէն մէկը: Տեղի ունեցած է 16-19 նոյեմբեր 636-ին: Այդ պատերազմին իսլամներուն ղեկավարը եղած է Սաատ Պըն Ապի Ուքաս, իսկ պարսիկներունը՝ Ռըսթոմ Ֆարխազատ: Քատիսիէ կոչուած է, որովհետեւ տեղի ունեցած է Իրաքի մէջ եղող Քատիսիէ քաղաքին մէջ: Պատերազմը աւարտած է իսլամներու յաղթանակով եւ Ֆարխազատի մահուամբ:

5 Տեղի ունեցած է 636-ին, իսլամներուն եւ բիւզանդացիներուն միջեւ: Որոշ պատմաբաններ զայն կը նկատեն ամենէն կարեւոր պատերազմներէն մէկը պատմութեան ընթացքին, որովհետեւ եղած է առաջին յաղթանակներէն մէկը իսլամներուն՝ Արաբական թերակղզիէն դուրս: Պատերազմը տեղի ունեցած է Մուհամմէտ մարգարէի մահէն չորս տարիներ ետք: Իսլամներուն ղեկավարը եղած է Խալէտ Պըն ալ-Ուալիտը: Եարմուքը Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսին մօտ շրջան մըն է:

6 Նշանակալի պատերազմ մը խաչակիրներուն եւ իսլամներուն միջեւ: Իսլամներուն ղեկավարը եղած է Սալահ ալ-Տին Էյուպին: Տեղի ունեցած է շաբաթ, 25 յուլիս 1187-ին: Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցած է: Աւարտած է իսլամներուն նշանակալից յաղթանակներով եւ խաչակիրներուն կողմէ բռնագրաւուած բազմաթիւ հողերու ազատագրութեամբ:

7 Ապու ալ-Թայեպ ալ-Մութանապի (915-965): Ծնած է Իրաքի Քուֆա քաղաքին մէջ: Արաբ նշանաւոր բանաստեղծ: Ինն տարեկանէն սկսած է բանաստեղծութիւն գրել: Աւելի քան երեքհարիւր բանաստեղծութիւն գրած է, որոնց մեծ մասը թագաւորներու գովերգութիւն եղած է: Իր բանաստեղծութիւնները նաեւ շօշափած են պատմական նշանաւոր դէպքեր, պատերազմներ, փիլիսոփայական միտքեր: Իսլամ տիրակալները զինք յաճախ հրաւիրած են իրենց մօտ, որպէս բանաստեղծութիւն ըսող՝ իրենց գովքը հիւսելու:

8 Ծնած է Սուրիոյ Մաարէթ ալ-Նուըման շրջանին մէջ: Իսլամ քաղաքակրթութեան ամենէն նշանաւոր մտածողներէն, բանաստեղծներէն ու փիլիսոփաներէն մէկն է: Արաբ ու արաբական ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը: Մաարին բազմաթիւ բանաստեղծական ժողովածուներ ձգած է:

9 Ալ-Խալիլ Իպըն Ահմատ ալ-Ֆարահիտի (718-790): Ծնած է Իրաքի մէջ: Արաբ բանասէր: Ալ-Պասրայի լեզուաբանական դպրոցի նշանաւոր ներկայացուցիչ: Արաբական աւանդական լեզուաբանութեան հիմնադիր:

10 Մուաալաքաները եօթը բանաստեղծութիւններ են, որոնք ծնունդ են նախաիսլամական շրջանին: Կոչուած են նաեւ ոսկէ տառեր, նկատի ունենալով որ ոսկեջուրով գրուած են: Մուաալաքաները յայտնի են իրենց երկարութեամբ, բառերու պերճախօսութեամբ, իմաստներու առատութեամբ եւ բազմազանութեամբ: Գրական մեծ արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ իրենց մէջ կը պարունակեն նախաիսլամական դարաշրջանի կեանքը, միջավայրի, ինչպէս նաեւ մարդոց եւ անոնց սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ: Այս մուաալաքաներուն հեղինակները նախաիսլամական դարաշրջանի ամենէն նշանաւոր բանաստեղծները կը համարուին: Այդ բանաստեղծներն են՝ ալ-Քէյս Պըն Հաճար, Թուրֆա Պըն ալ-Ապըտ, Զուհէյր Պըն Ապի Սալմա, Անթարա Պըն Շատատ, Լուպէյտ Պըն Րապիաա, ալ-Հարէս Պըն Հալզէ Ալեաշքրի եւ Ամրու Պըն Քալսում: Այս եօթը մուաալաքաները կը կախէին իսլամներու սրբատեղի՝ Ալ-Քաապայի վրայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024