ԳՈՀԱՐԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ

Գո­հարն ու իր ըն­տա­նի­քը ե­րէկ Ե­րե­ւան հա­սան: Պա­տե­րազ­մի դաշ­տէն ա­զա­տած Գա­լուս­տեան­նե­րը նոր կեան­քի մը պի­տի սկսին Հա­յաս­տա­նի մէջ: Բա­ւա­կան եր­կար ճա­նա­պարհ մը կտրե­լէ ետք Գո­հար իր եր­կու փոք­րիկ­ներն ու ա­մու­սի­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ե­րե­ւան­ցի ըն­տա­նի­քի մը կող­մէ, ո­րուն ան­դամ­նե­րը նոյ­նիսկ չու­զե­ցին ե­րե­ւիլ տար­բեր կա­յան­նե­րու հե­ռուս­տախ­ցիկ­նե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին հաս­նիլ ա­նոնց տու­նը:

Գո­հա­րը, որ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­ցաւ, իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց, բո­լոր ա­նոնց, որ օգ­նե­ցին ի­րեն, ծանր վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նը-ւած իր ծննդա­վայ­րէն փրկրկե­լու եւ ա­պա­հով ափ հաս­ցնե­լու հա­մար:

Գա­լուս­տեան­նե­րը նոր կեան­քի սկսան ու հա­կա­ռակ տա­րա­ծուած կարծ­րա­տի­պին՝ Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, լրագ­րո­ղա­կան դաշ­տը, Սու­րիոյ ա­ղէ­տեալ հա­յու­թեամբ հե­տաքրք­րուող հա­յոր­դի­նե­րը ա­ռան­ձին պի­տի չձգեն զի­րենք:

Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­նոնք պա­րու­րուած պի­տի ըլ­լան բո­լո­րին սի­րա­լիր մօ­տե­ցու­մով եւ օգ­նու­թեան պատ­րաստ ձեռ­քե­րով:

Այս բո­լո­րէն ան­դին Գո­հա­րին այս քայ­լը կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ կը փո­խան­ցէ:

Գո­հար, իր քայ­լով կ՚ամ­րաց­նէ այն տե­սա­կէ­տը, որ Հա­լէ­պի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը այ­սօր տագ­նա­պա­լի է ու յստա­կօ­րէն կ՚ը­սէ, որ հոն կան հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ կ՚ու­զեն հե­ռա­նալ պա­տե­րազ­մի դաշտ դար­ձած Հա­լէ­պէն:

Ու հա­կա­ռակ այս մօ­տեց­ման դէմ հնչող խօս­քե­րուն, հա­կա­ռակ մե­ղադ­րանք­նե­րուն եւ «մայր գա­ղու­թ­»ը ա­մէն գնով պա­հե­լու կո­չե­րուն, Գո­հար իր պարզ քայ­լով կը խօ­սի պարզ ճշմար­տու­թեան մը մա­սին: Ան կ­­՚ը­սէ «Օգ­նե­ցէք բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ժամ ա­ռաջ կը փա­փա­քին դուրս գալ Հա­լէ­պէ­նե»:

Մօ­տե­ցում մը, որ ոս­կի մի­ջի­նը ըլ­լա­լու բո­լոր դրոյթ­նե­րը ու­նի:

Ա­ռանց վի­ճար­կե­լու «Հա­լէ­պը յա­ւի­տե­նա­կան է», «Մայր գա­ղու­թը պէտք է պահ­պա­նուի» եւ այլ մօ­տե­ցում­նե­րը, ո­րոնց մա­սին կա­րե­լի է խօ­սիլ ա­ւե­լի ուշ:

Հի­մա փրկու­թեան պահն է: Փրկու­թիւն այն հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կ­­՚ու­զեն դուրս գալ «ա­ւե­րակ­նե­րուն մէ­ջ­»էն:

Հա­րիւր եւ ա­ւե­լի տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մենք, որ­պէս ազգ չսոր­վե­ցանք, որ մեր հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թիւ­նը կրնայ միայն պահ­պա­նել հայ զի­նուո­րը: Ու ա­ռանց շա­տա­խօ­սու­թեան Գո­հարն ու գո­հար­նե­րը այդ ըն­կա­լու­մին հա­ւա­տա­ցող հա­յոր­դի­ներ են:

Սու­րիան օրհ­նեալ հո­ղակ­տոր է: Հոն ծիլ տուին Ե­ղեռ­նի գե­հէ­նէն փրկուած մեր նախ­նի­նե­րը:

Այդ ա­ռու­մով մենք ե­րախ­տա­պարտ ենք:

Սա­կայն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ե­րե­ւե­լի դար­ձող մերթ ար­հես­տա­կան, մերթ խոր­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ու ստեղ­ծուող ու ստեղ­ծուե­լիք «ա­րեան հե­ղե­ղ»­նե­րուն առ­ջեւ մենք ան­զօր ենք:

Մենք չենք կրնար փո­խել դէպ­քե­րու ըն­թաց­քը ու ա­ւե­լի՛ն, ի­րա­ւունք չու­նինք հան­դի­սա­տե­սի դե­րով հե­տե­ւիլ, թէ ինչ­պէս մեր եղ­բայր­ներն ու քոյ­րե­րը կրա­կի ու եր­կա­թի զոհ կ­­՚եր­թան:

Այ­սօր մէկ ը­նե­լիք ու­նինք, փրկել այն հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին հե­ռա­նալ Հա­լէ­պէն:

www.arevelk.am

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016