ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ

«ԼՈՅՍԻ ՍՏԻՆՔ՝ ՊԷՅՐՈՒԹ»

ԱՏՈՆԻՍ

Հատուած «Լոյսի Սստինք՝ Պէյրութ»
գիրքէն (2017, Դամասկոս):

Պէյրութ,

Այն ատեն՝ 1971-ին, երբ անունովդ նկարեցի Նիւ Եորքը, այն գերեզմանը որ աշխարհը սկսաւ նկարել, այսօր հարց կու տամ. «Ինչո՞ւ քեզի հանդէպ սէրս կ՚աւելնայ, մինչ սահմաններդ կը վիճին օրկաններուս աշխարհագրութեան մէջ: Որքա՜ն խոր է շշունջդ, որ կը սուզուի մէջս ամէն օր՝ մարելու մօտ աստղի մը կերպարանքով, իսկ գլուխս կը շարունակէ երթեւեկել ստինքներուն մէջ:

Խօսքը կը գրեմ Նիւ Եորքի մէջ, 3 մայիս 2017, յիշելով առաջին լուսատու ծառը Գասսապինի, որ ընկերացաւ ինծի Պէյրութ մեկնումիս ճամբուն՝ 1956, հոկտեմբեր, յիշելով դարձեալ առաջին հարցումիս նախնական ձեւը:

Ո՛վ ոտանաւոր, բախտ պիտի ունենա՞մ արդեօք, որ առիթը ընծայէ ինծի ալեկոծելու հովերուդ մէջ եւ յաւերժութեանց մասին ուղղելու բազմաթիւ այլ հարցերս, որոնք բանտուած կը խռովին իրականութեան եւ կեանքին մէջ եւ տեղ կը գտնեն իրենց կարդալ եւ ըմբռնել գիտցողներուն գիրքերուն մէջ. նկարներուն մասին, ուր կ՚երեւին միայն անոնք, որոնք իրենց դէմքերը չեն տեսներ. անոնց մասին, որոնք կը տիրեն հազարաւոր հայելիներու, բայց իրենք անդէմ են. սուլոցի մը մասին, որ պլպուլի վերածուած է, եւ արեւ դարձած գլխարկի մը մասին:

... Եթէ ծովը ծերանայ
Պէյրութը կ՚ընտրէ որպէս յուշ
Պէյրութ՝ պատկերներուն վերջինը,
Թխացուցին զինք, երկարեցին թխութիւնն անոր
Ան դիերը կը բնակեցնէ իր գիրկին մէջ եւ տարեց էջերով կը շրջէ իր օրերը
Պահեցէք իր տարածութեան վերջին պատկերները
Ան կը թփռտայ իր աւազին մէջ պատիւով շրջագծուած
Եւ մարմնին վրայ՝ մարդկային հառաչանքի հետքեր

ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆ՝ ՊԷՅՐՈՒԹ

ՆԻԶԱՐ ԳԱՊՊԱՆԻ

Հատուած «Աշխարհի գեղեցկուհին՝
Պէյրութ» ոտանաւորէն, որ հռչակաւոր երգ մըն է այս օրերուն բազմիցս հնչող:
Աշխարհի գեղեցկուհին՝ Պէյրութ
Ո՞վ ծախեց շափիւղահիւս ապարանջաններդ
Ո՞վ գրաւեց կախարդական մատանիդ
Եւ կոտրեց ոսկեայ եղունգներդ
Ո՞վ մորթեց կանաչ աչքերուդ մէջ քնացած երջանկութիւնը
Ո՞վ գծեց դէմքդ դանակով
Եւ կրակէ ջուր թափեց հիասքանչ շրթներուդ
Ո՞վ թունաւորեց ծովուն ջուրը եւ ոխ ցանեց վարդագոյն եզերաց վրայ

Ահա մենք եկանք... ներողութիւն խնդրելով... եւ խոստովանելով
Որ ցեղային ոգիով կրակ արձակեցինք վրադ
Եւ սպաննեցինք կին մը, որ «Ազատութիւն» կը կոչուէր  

ՊԷՅՐՈՒԹ

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ

Հատուած «Պէյրութ» քերթուածէն
Պէյրութը մեր վրանն է
Պէյրութը մեր աստղն է
Եւ պատուհան մը կապարագոյն ծովուն նայող
Կը գողնան մեզ փողոց ու երգ
Պէյրութը ստուերին ձեւն է
Իր քերթուածէն գեղեցիկ եւ մարդոց խօսքէն դիւրին
Կը գրգռէ մեզ հազարաւոր բաց սկիզբներով եւ նոր այբուբեններով
Պէյրութը մեր միակ վրանն է
Պէյրութը մեր միակ աստղն է

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020