ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ԻՐ ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋԷՆ
Հայկական մամուլը մեր հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան իր կարեւոր ներգործութիւնը ունեցած է մեր ազգային եւ մշակութային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ։ Եւ այս իմաստով՝ եւ երեւի մեծ եղեռնէն ետք՝ երբ սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներու մէջ մեր կեանքերը ուզեցինք վերաշինել՝ եկեղեցիի եւ դպրոցի կողքին՝ նաեւ զարկ տուինք մամուլին որպէս մեր գոյատեւելու մէկ գրաւականը։ Ահա թէ ինչո՞ւ մամուլը դարձաւ խիստ կարեւոր իրականութիւն մեր համահայկական կեանքերուն համար։ Եւ այս կէտին պէտք է կարեւորել եւ արժեւորել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մտայղացումը այս մեծ ժողովին՝ որովհետեւ մամուլը իր կարեւոր տեղը ունի մեր կեանքի շարունակականութեան մէջ։
Մամուլին դերը կ՚արժէ դիտարկել իր երեւցող ու տակաւին չերեւցող երեւոյթներով։ Եթէ երեւցողը լուրերու եւ տեղեկութիւններու ու տակաւին գրականութեան-հրապարակագրութեան եւ բազմազան թղթակցութիւններու սփռումն է իր տարբեր ձեւերով՝ տպագիր եւ անցումային՝ բայց կը մնայ չերեւցող երեւոյթը...։ Եւ այդ մամուլի շնորհած պատգամին եւ նոյն այդ պատգամին յանձնառութիւնը եւ ընկալումն է (եւ որուն կը յաջորդէ իւրաքանչիւրիս կեանքին համար այդ ընկալուած պատգամին կիրարկումը) ընթերցողին եւ հասարակութեան ընդհանրական կեանքերուն համար։ Եւ այս պատգամը եւ անոր ընկալում-կիրարկումն է, որ մամուլը կը դարձնէ խիստ կարեւոր միջոցառում՝ ի մասնաւորի մեզի՝ հայերուս, մեր շատ մը հիմնահարցերու մէջէն ու անոնց համար։
Իսկ պատգա՞մը։ Ունի զանազան շերտեր։ Կայ ներհայկական իրականութեան մէջ լեզուի ու ինքնութեան ու տակաւին մշակոյթի, եւ իր ամբողջական հասկացողութեանը մէջէն՝ պահպանումը եւ սատարումը։ Կայ մամուլի միջոցաւ զիրար հասկնալու՝ իմա «ուրիշը»՝ որ կրնայ տարբեր ըլլալ, բայց անհրաժեշտ է զայն ընդունիլը։ Եւ այս առանցքին եւ մեկնելով մեր սփիւռքեան իրականութեան պրիսմակէն՝ Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռք իրարու հետ գօտեպնդելու եւ գօտեպնդուելու անհրաժեշտութիւնը։ Արտաքին իրականութիւնը պիտի ընդգրկէ մամուլի միջոցաւ հայը զետեղել շրջանային ու միջազգային կեանքի մեծ քարտէսին վրայ՝ հասկնալու համար աշխարհը եւ անոր հետ առընչելու եւ առընչուելու գիտակցութիւնը։ Ահա՛, թէ ինչո՞ւ մամուլը կը դառնայ հաւաքականութեան հայելին, ուր իւրաքանչիւրս կը տեսնենք մենք մեզ, որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն, բայց նաեւ կը լսենք։ Կը լսենք խօսքը մեր կեանքերուն համար։ Խօսքը՝ ուր իւրաքանչիւրս կը լսենք եւ կ՚ընկալենք զայն՝ որուն միջոցաւ պիտի գիտակցինք հայկական ընդհանրական կեանքով նաւարկելու հրամայականը։
Եթէ այս բոլորը մամուլի դերին ու կարեւորութեան դիտանկիւնէն՝ բայց ի՞նչ է հիմնական կարեւորութիւնը եւ գործօն ներդրումը մամուլին յառաջիկայի տարիներու վրայ երկարած։
Մեր համահայկական հիմնահարցերը չեն նուազիր այլ կը բազմանան։ Եւ այս տարբեր մակարդակներու վրայ եւ նաեւ բովանդակութեամբ։ Այս իմաստով՝ պէտք է հարց տալ. ի՞նչ կրնան ըլլալ մամուլի դերը մեր այս բոլոր հիմնահարցերու մէջէն տոկալու ու շարունակելու հաւաքական մեր կեանքերուն մէջ եւ իր տարբեր ու բազմաբնոյթ հարցերու մէջէն։ «Տոկալ» կ՚ըսենք, քանի սկսած ենք «յոգնութեան» նշաններ ցոյց տալ մեր ազգային կեանքերուն տարբեր ոլորտներուն մէջ. ըլլայ այդ համահայկական կազմակերպչական մակարդակներու վրայ, նաեւ առաջնորդութեան եւ հասնելով հայկական անհատական կեանքերու։
Պէտք ունինք դրական ուժին ներգործութեան (positive energy)։ Եւ մամուլը պարտի այս դրական ուժի ներգործութիւնը սրսկել մեր ազգային կեանքերուն մէջ։ Այն «դրականը» ու այն «ուժը», որ պիտի մղէ մեզ երթալու հորիզոնէն անդին։ Եւ մամուլը ու իր պատգամ-խօսքը՝ եթէ մէկ կողմէ առարկայական, գիտական ու վերլուծական միտքով, բայց նոյնքան նաեւ ազգային հպարտութեան գիտակցութեամբ՝ օգնելու հայ հասարակութեան՝ հասնելու համար այս դրական ուժին։ Եւ այս դրական ուժով է, որ հայուն գոյապայքարի կեանքերը պիտի շարունակենք։
Եւ հայ մամուլը իր տարբեր ոլորտներուն մէջէն կ՚արժէ, որ շարունակէ սրսկել այս դրական ուժը մեր կեանքերուն մէջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ