ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Ամբողջ աշխարհ մագնիսացած ուշադրութեամբ կը հետեւի Կազզէի պատերազմին։ Հայաստանի պարագային հետաքրքրութիւնը սահմանափակուած չէ այդքանով՝ քանի Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ գործընթացները հետզհետէ աւելի անմիջականօրէն կ՚առընչուին իրարու հետ։ Արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեանի կարծիքը շօշափեցինք պատերազմի ընթացքին եւ ապագայ հաւանականութիւններուն մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։
*
-Կազզէի մէջ ծանր պատերազմը կը շարունակուի։ Ի վերջոյ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ այս պատերազմը։
-Այո՛, այս պատերազմը աննախադէպ սրացման կ՚երթայ։ Կը փորձուէր հակամարտութեան տեղական բնոյթ տալ, պահել զայն Պաղեստինի եւ Իսրայէլի շրջանակին մէջ, բայց, կը տեսնենք, որ ան դուրս կու գայ այդ շրջանակէն եւ սա բաւական մտահոգիչ է։ «Համաս» փորձեց Պաղեստինի հիմնախնդիրը ետ բերել դէպի Մերձաւոր Արեւելքի ճարտարապետութեան օրակարգ։ Խնդիրը մթագնած ու դուրս մնացած էր ընդհանուր օրակարգէն։ Այդ մթագնումին պատճառը, թերեւս, Իսրայէլի հետ արաբական այլ երկիրներու յարաբերութեան խորացումն էր եւ, անշուշտ, կային այլ տարբեր պատճառներ։ Փաստօրէն, այս յարձակումով, նաեւ այլ հաշուարկներ ունենալով, «Համաս» ետ բերաւ այս հիմնախնդիրը, որ դարձած է թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի եւ թէ միջազգային օրակարգի շատ հրատապ բաղկացուցիչ մասը։
-Այս բոլորը որո՞ւ յօգուտ կը կատարուի, իսկ միւս կողմէ կը տեսնենք, որ Պաղեստինի ժողովուրդը ուղղակի կը ցեղասպանուի։
-«Համաս»ի ռազմական ներուժը հաւանաբար աւելի շատ քանակական բնորոշումներով կ՚առանձնանար, այսինքն՝ աննախադէպ էր իր ծաւալով, յարձակման ուղղութիւններով, զուգորդուած օդուժի, անօթաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ։ Այս բոլորը թէեւ նախապէս ալ կ՚օգտագործուէին, սակայն ո՛չ այս ծաւալով։ Կայ նաեւ գերիներու պարագան։ Հետեւաբար, քանակական առումով, կարծէք, «Համաս» ինքզինք կատարելագործեց եւ այս մէկը, ըստ իս, անակնկալ էր։ Իսկ որակական առումով, պարզ է, որ «Համաս»ը չի կրնար երկարաժամկէտ կտրուածքով լուրջ խնդիր ստեղծել Իսրայէլի համար։ Կը կարծեմ, թէ «Համաս» հաշուարկած էր, որ այս մէկուն պիտի հետեւէին ցամաքային գործողութիւններ եւ կռիւը պիտի տեղափոխուէր քաղաքային թատերաբեմ՝ փարթիզանական կռիւներու տեսքով։ Ներկայիս Կազզէ քաղաքի արուարձաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՚ունենան։ Քաղաք մխրճուելով ցամաքային թէժ բախումներ ալ կան, այդ փուլն ալ եկած է, սակայն, կարծէք, Իսրայէլի վերնախաւը կը պատրաստուի մինչեւ վերջ երթալ։ Եթէ անոնք շարունակեն Կազզէի մէջ գործողութիւննեը, արդեօք հաշուարկա՞ծ են, թէ ի՛նչ պիտի արժէ այս բոլորը իրենց համար։ Այստեղ մասնաւորապէս նկատի ունիմ, թէ Իսրայէլի զոհերուն թիւը մեծ պիտի ըլլայ։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, անոնք կը նախատեսեն Կազզէն բաժնել երկուքի՝ հիւսիս եւ հարաւ ու պիտի փորձեն այնտեղ «Համաս»ի ուժը ոչնչացնել։ Իսրայէլի նպատակներէն մին է նաեւ գերիներու վերադարձը։ Բայց, մենք չենք գիտեր, որ այդ փարթիզանական կռիւները ո՛ւր կը հասցնեն այս հակամարտութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ «Համաս» այդ գետնանցումներով, քաղաքային բնակավայրերուն մէջ մխրճուած ըլլալով, իր ցանցերով լուրջ խնդիր կրնայ ստեղծել Իսրայէլի բանակին համար։ Բայց միւս կողմէ ալ ականատես կ՚ըլլանք, որ Իսրայէլի բանակը արդէն մուտք գործած է տեղւոյն խորհրդարանը։
-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները բազմաբեւեռ հանդիպումներ կը կազմակերպէ։ Արաբական մամուլը օրերս կը գրէր, թէ կարգ մը պատրաստութիւններ կան, որպէսզի վերստին իրաւական խաղացողի կարգավիճակ մը տրուի Պաղեստինի Ինքնավարութեան իշխանութեան՝ Մահմուտ Ապպասի գլխաւորութեամբ։ Այս բանին կրնան աջակցիլ նաեւ Եգիպտոսն ու Թուրքիան։ Պլինքըն այցելած է նաեւ Անգարա։ Կա՞յ արդեօք քաղաքական հանգուցալուծման համար յոյս մը, թէ թնդանօթներուն ձայնը տակաւին երկար պիտի լսենք։
-Կը կարծեմ՝ յոյս կայ եւ Պլինքընի տարածաշրջանային այցը կը միտի այս բանին։ Անոր հանդիպումներէն կարելի է հետեւցնել, որ ԱՄՆ կը փորձէ ապահովել հրադադարի հաստատումը։ «Համաս» ցոյց կու տայ, որ տարածաշրջանին մէջ ո՛չ միայն պետութիւնները խաղի մէջ են, այլեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները՝ ինչպէս ինքը, «Հիզպուլլահ»ը եւ այլն։ Այսինքն ո՛չ միայն տարածաշրջանի պետութիւնները պէտք է համոզել հրադադարի մը համար, այլեւ պէտք է խօսիլ եւ եզրեր գտնել այս կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք ցոյց կու տան իրենց գործօն ըլլալու հանգամանքը։
-Ծանօթ է նաեւ Լիբանանի պարագան։ Այս առումով յստակ է, որ «Հիզպուլլահ» շատ կարեւոր փուլի մը մէջ է։ Մինչեւ այս պատերազմին ծագիլը բոլորը գիտէին, որ «Հիզպուլլահ»ը միայն Լիբանանի խաղացող մը չէ, թաթեր ունի Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ։ Ան այսօր, կարծէք, չ՚ուզեր այս պատերազմին ներգրաւուիլ։ Գուցէ նաեւ այստեղ Իրանի ազդեցութիւնը ըլլայ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել «Հիզպուլլահ»ի դերակատարութեան մասին։
-Նախ, «Հիզպոլլահ»ի ներկայ պահուածքը պէտք է բացատրենք Լիբանանի ներքին իրողութիւններով։ Գիտենք, որ այսօր Լիբանան նախագահ մը չունի, ժամկէտանց կառավարութիւն մը կայ, արդէն նախկին կառավարութեան ղեկավարը այժմ կ՚իրականացնէ գործադիր իշխանութիւնը։ Հետեւաբար, կայ ճգնաժամ եւ կը կարծեմ՝ «Հիզպուլլահ» հաշուի առնելով Լիբանանի այս իրողութիւնը կը փորձէ հեռու մնալ պատերազմէն։ Ի վերջոյ, եթէ «Հիզպուլլահ» ներքաշուի պատերազմին, սա պիտի նշանակէ, որ ամբողջ Լիբանանը նոյնպէս ներքաշուած պիտի ըլլայ։ Սա կրնայ վնասել «Հիզպուլլահ»ին՝ Լիբանանի ղեկավարութեան մէջ իր դիրքերը ամրապնդելը խոչընդոտելով։ «Հիզպուլլահ» նաեւ կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ իր դիրքերը պահպանել, որովհետեւ արդէն Սուրիոյ պատերազմին մաս-նակցելով՝ բաւական վնաս պատճառեց Լիբանանին։ Կը կարծեմ՝ որքան երկարի հակամարտութիւնը եւ Պաղեստինի խնդիրը անորոշ մնայ ու անմեղ պաղեստինցիներ զոհուին, կառոյցներու մակարդակով պատերազմի ներքաշուելու կամ չներքաշուելու որոշումը պէտք է համաձայնաբար տեղի ունենայ։
-Արաբական աշխարհի կեցուածքներն ալ անհասկնալի են։ Երկար ժամանակ արաբները Պաղեստինի դատին հովանաւորը եղած են։ Այսօր, կարծես, այնքան ալ խանդավառ չեն։ Չինաստանի հովանաւորութեամբ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովուած համաձայնութիւնը պիտի շարունակէ՞ ներուժ մը ներկայացնել, թէ ոչ պատերազմը բոլոր դերերը փոխած է ու խաղաքարտերը խառնած։
-Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները, կը կարծեմ, լուրջ ազդեցութիւն չեն կրեր այս պատերազմին պատճառով, որովհետեւ անոնք զիրար կը դիտեն՝ որպէս խաղացողներ եւ հաշուի կը նստին իրարու հետ։ Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ կարգ մը արաբական երկիրներ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորեցին Իսրայէլի հետ։ Անոնց շարքին էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը, Մարոքը եւ այլն։ Պէտք է ըսել, որ այսօրուան հակամարտութիւնը նաեւ խառնեց այս քարտերը եւ, գոնէ յայտարարութեան մակարդակով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պաղեստինամէտ դիրքորոշումներով հանդէս եկաւ։ Չեմ կարծեր, թէ անոնք Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութեան մէջ որեւէ փոփոխութեան երթան, բայց համաարաբական օրակարգը սպասարկելու առումով՝ անոնք այս պահուն կը շարունակեն Իսրայէլի դէմ ճնշումներ բանեցնել, որպէսզի հրադադար հաստատուի եւ բոլորը նստին բանակցային սեղանի շուրջ։
-Վերադառնալով Կազզէին, պարզ է, որ Նեթանիյահուի գըլ-խաւոր նպատակը «Համաս»ը վերացնելն է՝ յատկապէս Կազզէի շրջանէն։ Ձեր կարծիքով սա կարելի՞ է՝ նկատի ունենալով, որ «Համաս» միայն զէնքի գաղափար մը չէ, այլեւ գաղափարախօսութիւն եւ կրօնական ուսմունք է։
-Շատ բարդ է «Համաս»ը ջնջելը։ Կազզէն ունի շուրջ երեք միլիոն բնակչութիւն, որու տրամադրութիւնները կը միտին «Համաս»ի։ Շատ դժուար է լեզու գտնել։ Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութեան եւ Մահմուտ Ապպասին, ապա կը կարծեմ, թէ կարգ մը նոր բեմագրութիւններ կը մշակուին՝ մասնաւորապէս փնտռելու համար նոր առաջնորդներ, որոնք այս կամ այն չափով հեղինակութիւն ունին թէ՛ Արեւմտեան ափին եւ թէ Կազզէի հատուածին մէջ։ Ծանօթ է, որ Պաղեստինի կարգ մը առաջնորդներ բանտերուն մէջ են։ Կրնայ պատահիլ, որ տարբերակ մը գտնեն եւ այդ առաջնորդներէն մէկը ազատ արձակեն եւ անոր վրայ կառուցեն Կազզէի՝ Պաղեստինի հիմնախնդրի տեսլականը՝ այնպէս, ինչպէս ներկայիս կը պատկերացնեն Նեթանիյահուի գլխաւորած իշխանութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
*
ԻՍՐԱՅԷԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ԿԱԶԶԷԻ «ՇԻՖԱ» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ԴԷՄ
Իսրայէլի բանակը հաղորդեց, որ Կազզէի հատուածէն ներս «Շիֆա» հիւանդանոցին վրայ կ՚անցնի յարձակման։ Այս գործողութենէն առաջ պնդուեցաւ, որ հիւանդանոցի շարքային քաղաքացիները, մասնագիտական անձնակազմը եւ հիւանդները չեն թիրախաւորուիր։ Հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը տեղեակ պահուեցաւ այս բոլորէն ու պահանջուեցաւ, որ գործողութենէն առաջ հիւանդները դուրս բերուին եւ ապաստանարաններն ալ դատարկուին։
Կազզէի կառավարութիւնը պատերազմական յանցագործութիւն որակեց «Շիֆա» հիւանդանոցին դէմ ձեռնարկուած գործողութիւնը։ Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ հիւանդանոցի մէջ գտնուողներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի բռնագրաւման ուժերուն։