ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՆՈՐ ՀԱՅԵՐԸ

Պոլսոյ Գումգաբու թաղամասը միշտ ալ կարեւոր կեդրոն մը եղած է քաղաքի հայութեան համար։

Ոչ միայն հայահոծ եղած է երկարատեւ ժամանակ, այլ 1641 թուականին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս փոխադրուած է այնտեղ, զայն վերածելով հայկական համայնքի պաշտօնական ներկայացուցչութեան նստավայրին։ Մինչեւ օրս ալ Գումգաբուի մէջ կը գտնուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։

Գումգաբուն, որ շարունակ գաւառներէն եկող հայերու ապաստան եղած է թէ՛ Օսմանեան, թէ՛ Հանրապետական տարիներուն, մեծ մասամբ այլեւս պարպուած է թուրքիացի հայերէ։ Անցնող երկու-երեք տասնամեակներուն սակայն, այդ պարպումին զուգահեռ, դարձեալ «հայ ընդունող»ի դերի մը մէջ կը գտնուի, այս անգամ սակայն իր մօտ քաշելով ոչ թէ ներքին, այլ արտաքին հայ գաղթականներ։ Խօսքը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութենէն Պոլիս եկող հայերուն մասին է, որոնց առնուազն կարեւոր մէկ մասը բնակութիւն հաստատած են Գումգաբու թաղամասի մէջ։

«Թէ ինչո՞ւ Գումգաբու» հարցումը Հայաստանէն եկած եւ դեռ եկող հայերուն մասին հարցումներէն թերեւս ամենէն դիւրինն է։ Կը բաւէ անգամ մը քալել Ենիգաբուի մուտքէն մինչեւ Պատրիարքարան, եւ հասկնալի կը դառնայ թաղամասի ընտրութիւնը։ Թաղամասի հնութեան եւ երբեմն կից ծովու հոտի կողքին, անոր ամենէն աւելի աչքի զարնող յատկանիշներէն է գաղթակայանի նկարագիրը։ Անմիջապէս կարելի է նկատել, որ այնտեղ կեցութիւն հաստատած են ո՛չ միայն Հայաստանէն, այլեւ բազմաթիւ այլ երկիրներէ եկող մարդիկ։ Ափրիկեցի, էօզպէք, խրղըզ, եւ այլն։ Այս իրավիճակի թերեւս ամենէն մեծ ապացոյցները աջ-ձախ գտնուող այն խանութներն են, որոնք արտերկիր հեռախօսազանգերու դիւրութիւն կը տրամադրեն Գումգաբու հասած գաղթականներու։ Երբ կը տեսնես խանութի ցուցափեղկին դրուած երկիրներու դրօշակներու երկար շարքը, կը հասկնաս, թէ ժողովրդագրական առումով ինչքան բազմազան տեղ մտած ես։ Կարճ ըսած՝ Գումգաբուն առաջին կայան է ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ ուրիշ երկիրներէ եկող գաղթականներու համար եւս։ Հիմնական պատճառը այն է, որ թաղի ու շէնքերու հին ու յաճախ անխնամ ըլլալուն պատճառով, այլ թաղամասերու համեմատ աժան վարձով բնակարաններ կարելի է գտնել այնտեղ, ինչ որ աշխատանքային գաղթի ձեռնարկած մարդոց համար առաջնահերթութիւն է։

Սակայն ընթերցողներուս համբերութիւնը պիտի խնդրեմ պատասխանելու համար հետեւեալ աւելի բարդ հարցումներուն։ Ինչո՞ւ Հայաստանէն գաղթ։ Ինչո՞ւ դէպի Թուրքիա եւ ոչ այլուր։ Որքա՞ն է թիւը եկածներուն։ Ի՞նչ վիճակի մէջ կ՚ապրին։ Ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Ինչպիսի՞ փորձառութեան մէջէն կ՚անցնին։ Ի՞նչ յարաբերութիւններ ունին պոլսահայոց հետ։

Այս բոլորին քիչ-քիչ պիտի անդրադառնամ մի քանի յաջորդական յօդուածներով։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019