ՄԵՐԸ ԵՒ ԻՐԵՆՑԸ…

Տարիներ առաջ էր: Տիթրոյիթ կ՚ապրէի: Լաւ կը յիշեմ: Իբրեւ պատասխանատու վարչականներ՝ այս անգամ ես ու Լեւոնն էինք, որ միասին օդանաւով Նիւ Եորք ժողովի մը կ՚երթայինք: Հաճելի երիտասարդ մը ըլլալով հանդերձ, ինծի համար Լեւոն լաւ զրուցակից մըն ալ էր, նոյնիսկ միւս բոլոր ժողովականներէն տարբեր անձնաւորութիւն մը: Իր մօտ ամէն ինչ վայրկեանին կը հայանար:

Եթէ հանդիպէինք հողատարածքի կամ անհատի մը, անպայման ի՛նք հայկական անուն մը «պիտի փակցնէր» անոր ճակտին: Այսպէս.

-Եթէ ֆութպոլի այս դաշտը Հայաստան ըլլար, անունը «Նաւասարդ» կրնար ըլլար, փոխանակ «Միշիկընի»:

Աւելին.

-Եթէ այս աղջիկը հայ ըլլար, անունը Աստղիկ պիտի ըլլար...:

Ու շարքը երկար էր: Ու ես հաճոյքով մտիկ կ՚ընէի իր գուշակութիւնները: Եւ որովհետեւ ճամբանիս բաւական երկար էր, առ ի զբաղում սկսած էինք զրուցել, ձեւով մըն ալ՝ շաղակրատել: «Հոսկէ-հոնկէ» բաներ պատմել եւ քիչ մըն ալ միութենական կեանքի ապագայ ծրագիրներու մասին մտորումներ կատարել:

Ճիշդ այդ պահուն էր, նիհարակազմ ու սեւ աչքերով, օդանաւէն ներս սպասարկող աղջիկը, մէկ խօսքով «հոսթէս»ը, մեզի մօտենալով հարցուց, թէ կը փափաքէի՞նք ոգելից ըմպելի մը ունենալ:

Չմերժեցինք: Ու երբ սպասեակը իր ափին մէջ դրած թուղթին վրայ բաներ մը գրել սկսած էր, փորձեցի իր կուրծքի վրայի անունը կարդալ:

«Էնի» գրուած էր: Այդ անունը մեր Լեւոնին փսփսացի: Իսկ մեր խելացին, ըստ իր սովորութեան, ինծի դառնալով եւ քիչ մըն ալ բարձրաձայն, ըսաւ համարձակօրէն.

-Եթէ՛ այս աղջիկը հայ ըլլար, անունը «Էնի»ի տեղ, Անահիտ պիտի ըլլար:

Ու յանկարծ պատահեցաւ անսպասելին: Սպասեակը վայրկեանին մեր ապսպրածը գրելէ ետք, կանգ առաւ ու մեզի դառնալով անմիջապէս պատասխանեց.

-Այո՛, իրենց համար «Էնի» եմ, իսկ մեզի՝ Անահիտ: Ուրկէ՞ գիտցաք… «ռայթ»… անունս, Անահիտ է…, ե՛ս ալ հայ եմ:

Իր արտասանած բառերը, որոնք իր բերնէն մեղմաձայն հնչած էին, կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն: Ինքնաճանաչում։ Ամբողջ նախադասութիւնը ըսած էր մէկ շունչով, իր կոտրտած ու «խառն» հայերէնով, սակայն հասկնալի:

Ապա անմիջապէս անյայտացաւ:

Իսկ գալով մեզի, նոր հայ մըն ալ գտած էինք՝ այդ ալ մեծ օդանաւի մը մէջ, հազարաւոր մղոն բարձրութեան վրայ եւ մանաւանդ՝ Լեւոնին գիւտին շնորհիւ: Վայրկեանի մը համար գլխուս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին «երգել». «Ե՛ս ալ հայ եմ…»:

Իր արտասանած բառերը մտքիս մէջ նոր ձեւ ստացած էին, միաժամանակ բանալով մտածումիս դռները: Իմ եւ Լեւոնին դէմքերուս վրայ անակնկալ զարմանքն էր, որ բոյն դրած էր: Քանի մը վայրկեան երկուքով մնացինք լուռ եւ անխօս:

Աղջկան յանկարծակի բառերը մեզի անակնկալի բերած էին: Զգացի, որ Լեւոն յաղթանակ տանող հերոսի մը նման սկսած էր ինծի նայիլ եւ իր աչքերով ըսել կ՚ուզէր. «Ես քեզի չըսի՞… գիտեմ»:

Գուշակութեան շատ յաջող, նոյնքան ալ զարմանալի խաղ մը: Քիչ ետք, մեր նոր հայուհին մեզի մօտենալով իր հետ բերաւ մեր ապսպրած խմիչքները ու բաւականին պզտիկ տոպրակներով պիստակ: Չէ՞ որ բոլորս ալ հայ էինք:

«Յուզիչ է մեր ազգային պատկերը», կ՚ըսեմ մտովի ու անմիջապէս Լեւոնէն առաջ կ՚անցնիմ հարցումներուս:

Ո՞վ էր ինք, ուրկէ՜ ուր եւ հո՛ս հասած ու տակաւին շատ ու շատ բաներ:

Ու մենք երկուքս ալ, խելօք եւ հնազանդ աշակերտներու նման, մեր նստած տեղէն բացարձակ լռութեամբ եւ սրած ականջներով ու աչքերով, սկսած էինք հետեւիլ իր կեանքի պատմութիւններուն: Իր հայու ճակատագրին։

Ինք՝ մեզի բոլորովին անծանօթ Նիպրասքա նահանգէն էր: Տարիներ առաջ՝ իբր տաղանդաւոր ուսանող, Միջին Արեւելքի իր ծննդավայրի պետութեան նպաստով երաժշտութեան՝ յատկապէս դաշնամուրի կատարումներու մէջ մասնագիտանալու համար այդ նահանգը ուսանելու ղրկուած էր: Բայց, պայմաններու բերումով տարիներէ ի վեր «հոսթէս»ի պաշտօն վարելով իր կեանքը կը դասաւորէր:

Որքա՜ն հաճելի էր հետը զրուցելը եւ նոյնքան ալ՝ իմաստալից։ Տեսակ մը պարզութիւն եւ անմեղութիւն կար բառերուն մէջ: Յաճախ ձայնը կ՚անուշնար ու միտքս կը տանէր պտոյտներ կատարելու: Հաստատապէս իր խօսքերը մեզ կապած էին իրեն: Ձեւով մը կախարդուած էինք կարծես՝ իր արտասանած բառերով. բառեր, որոնք մտքիս պատերուն վրայ կառչած մնացին օրեր շարունակ:

Ու անկէ ետք, ամբողջ ճամբուն ընթացքին ես ու Լեւոնը իրարու հետ ո՛չ մէկ բառ փոխանակեցինք: Իսկ օրեր ետք, տանս մէջ, սենեակէս ներս, մինակութեանս պահուն, ես ինծի փորձեցի վերլուծել օդանաւէն ներս ստեղծուած այդ պահը, տեսարանն ու պատահականութիւնը:

Մեր «Անահիտ»ը եւ իրենց «Էնի»ն: Հայուհի մը: Պարզ: Բոլոր սփիւռքահայերուս նման «գաղթական» մը, որ այդ օր բանալով իր մտքի դռները՝ մեզի համեստօրէն կարդացած էր իր կեանքի էջերէն պարբերութիւններ: Իրականութիւնը այն էր, որ երեքով հայու ճակատագրական հրաբուխէն ժայթքած հայեր էինք այդ հսկայ օդանաւին մէջ: Բայց ուրկէ՞ ուր Նիպրասքան: Ինծի համար Պոսթըն, Տիթրոյիթ, Լոս Անճելըս հասկնալի էին, իսկ այս մէկը…։

Մէյ մը աշխարհի քարտէսը զննեցէ՛ք։ Ո՞ւր հայ չկայ: Մենք ամէն տեղ ենք: Տուն կը շինենք, բնակարան կը կառուցենք եւ հազիւ տեղաւորուած՝ եկեղեցի, դպրոց եւ հայ կեդրոն կը կառուցենք, գաղութ կը կազմենք ու այնպէս կը կարծենք, թէ մենք զմեզ ապահոված ենք եւ երբեք չենք մտածեր վերջնականապէս մեկնիլ ու հաստատուիլ հոն, ուր հայրենիք կը կոչուի:

Հայ ենք, կը կրկնեմ շարունակ: Երազ ունեցող անհատներ ենք մենք ազգովին: Մեր հոգին ամէն տեղ է: Չենք անդրադարձած, որ մեր ապահովութիւնը մեր պապենական հողին վրայ է միայն: Յաճախ մոռցած ենք, որ մեր ազգը աշխարհի ծնունդէն ի վեր ապրած է այն բարձրավանդակին վրայ, որ Հայաստան կը կոչուի եւ արիւն թափած՝ անոր պաշտպանութեան համար:

Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս յանկարծ ներքին ձայն մը սկսած էր յուշել զիս ու մտածումներս: Կը զգայի, որ դարձեալ միտքս կը տառապէր մեր ազգային հին ու նոր ցաւերով՝ նմանելով հովերէն քշուած տերեւներու:

Լեւոնը եւ ես, ինչպէս այժմ Անահիտը, ամէն մէկս նահանգի մը մէջ գրեթէ իրարմէ հեռու եւ «կորսուած»: Բոլորս ալ հայօրէն ապրելու յուսալիր բառերով կը փորձէինք գոյատեւել:

Ինծի համար էական էր, թէ ո՞վ պիտի փրկէր Անահիտը եւ կամ իր նմանները: Անահիտ, պարզապէս կորսուած մը՝ հազարաւոր «Անահիտներու» նման: Իբրեւ հայ՝ թերեւս մինակն ալ կ՚ապրէր այդ անծանօթ նահանգին մէջ:

Կը ցաւինք, բայց ի՜նչ օգուտ:

Է՜հ, մենք հայերս այսպէս ենք: Կը սիրենք՝ կորսնցնելէ ետք: Կը գնահատենք՝ կոտրելէ ետք: Կ՚արժեւորենք՝ անհետանալէ ետք եւ ապա իբրեւ գիտակիցներ՝ կը տառապինք:

Անոր համար կ՚ըսեմ. խե՜ղճ Անահիտ… եւ ինչու չէ ու անպայման՝ խե՜ղճ հայութիւն...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022