ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ (1)
Թուրքիա-Եւրոպա համագործակցութեան արդի պատմութիւնը կը սկսի 1963-ին, երբ Թուրքիա արդէն այդ ժամանակուայ կազմաւորուած եւրոպական տնտեսական կառոյցին համագործակցող անդամ էր՝ համանախագահ տասն անդամ եւրոպական երկիրներու կողքին: Մէկ կողմէ Թուրքիոյ շարունակական եւրոհամարկման քաղաքական ընտրանքը, միւս կողմէ եւրոպական զանազան կառոյցներու Թուրքիոյ հանդէպ համագործակցական մօտեցումը երկար ճանապարհ հատած են: 1993 թուականի Մաասրիխթի համաձայնագրէն ետք երբ Եւրոպական Միութիւնը ստացաւ իր ներկայ կառուցուածքը, Թուրքիա յամառօրէն շարունակեց անոր անդամ դառնալու իր փորձը: 1999-ին Թուրքիա ստացաւ պաշտօնական թեկնածութիւն ԵՄ-ի կողմէ, որ պայմաններ դրած էր Թուրքիոյ կատարելու շարք մը բարեկարգումներ ու փոփոխութիւններ իր քաղաքական, հասարակական ու տնտեսական համակարգին մէջ:
Թուրքիոյ լիիրաւ անդամ դառնալու փափաքին ու ԵՄ-ի պարզած պայմաններուն մէջ կը կայանայ համագործակցութեան ձեւաչափ մը, որ քաղաքականի ու տնտեսականի երկար լարախաղ մըն է: Թուրքիոյ յաճախակի պնդումները, որ ԵՄ իրեն աւելի կարիքն ունի՝ քան ինքը, ԵՄ-ի մէջ չեն ամրացուցած անոր դիրքերը ու տակաւին Գերմանիան, Ֆրանսան եւ շարք մը այլ եւրոպական երկիրներ դէմ են Թուրքիոյ անդամակցութեան: Թուրքիան ԵՄ-ի մէջ ներառելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ ջանքերը ձախողած են:
Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութեան առանցքային խնդիրները զանազան են ու անցած են շարք մը վերիվայրումներէ, որոնք վստահաբար երկկողմանի շահ ապահովող են ու կրնանք երկու ենթաբաժանումով տեսնել՝
1- Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութիւնը կը դրսեւորուի առաւելաբար տնտեսական ոլորտով եւ այդ իրողութիւնը ունի իր հիմնարար երկու պատճառները.
ա- Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները եւ անոնց յառաջացուցած լայն հակասութիւններն ու բարդութիւնները տնտեսականէն հեռու են եւ ունին արժէքային, հասարակական ու քաղաքակրթական բովանդակութիւն։ Ուստի, տնտեսական ոլորտն է շահագրգռուածութեան հիմնական ու, կարելի է ըսել, առանձնացուած գործօնը Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ:
բ- ԵՄ՝ իբրեւ կառոյց աւելի յատկանշուած է տնտեսական ակումբ մը ըլլալու հանգամանքով, իր տնտեսական լայն նուաճումներով ու յստակ տնտեսական արժէքաբանութեամբ ու քաղաքականութեամբ: ԵՄ յարաբերաբար հեռու կանգնած է լիիրաւ քաղաքական ներգրաւուածութենէն՝ նկատի ունենալով անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութիւնները ու պարզած արժեհամակարգային ընդհանուր իրավիճակը: Տակաւին ԵՄ նոյնինքն քաղաքական համակարգով չէ պարզած վերջնական քաղաքական միաւոր ըլլալու փաստը:
Հակառակ 1995 թուականի մարտի 6-ի Թուրքիա-ԵՄ մաքսային միացեալ դաշտի կազմաւորման համաձայնագրին, տեւաբար նոր բաժիններ բացուեցան կնքուած համաձայնագիրներուն մէջ, ուր Թուրքիոյ քաղաքական դիրքորոշումները ԵՄ-ն դրաւ դժուար կացութեան դիմաց ու տնտեսական կարեւոր ազդակը ենթակայ դարձաւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան: Թուրքիա չիրագործեց տնտեսական համագործակցութեան մէջ նշուած լիիրաւ անդամ յունական Կիպրոսի՝ նաւերուն ու օդանաւերուն դիմաց ազատ մուտքն ու ելքը եւ յաճախ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ յայտարատեցին, որ ԵՄ Կիպրոսի հարցով նեղ կացութեան չի կրնար մատնել Թուրքիան, քանի ամէն պարագայի երկրի կեցուածքը Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան ի նպաստ պիտի մնայ՝ ի գին ԵՄ-էն հրաժարելու:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան