ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 2021-Ի ՇԵՄԻՆ

Սիրելի հարազատներ,

Նկատած եմ, որ մարդիկ եւ իրավիճակներ ինչքա՜ն իրարմէ կախեալ են եւ այդ փոքրիկ բառը՝ «ԱՌԱՆՑ»ը, որքան կարեւորութիւն ունի, երբ մարդ սկսի խորհրդածել կեանքի սա կամ նա հանգամանքին կամ երեւոյթին մասին: Ինչպէս ընդհանրապէս ամէն մարդ, ես ալ տարեվերջին հաշիւի կը նստիմ ես ինծի հետ եւ խորհրդածութեան առարկայ կը դարձնեմ զանազան նիւթեր: Այսօրուան բարեմաղթութեանս հետ, 2020-ի անկիւնադարձային տարուան ընթացքին պատահած դէպքերու ազդեցութեան ներքոյ՝ մի քանի խորհրդածութիւն կը բաժնեմ հարազատներուս հետ եւ կը մաղթեմ բոլորիդ՝ բարին ու միայն բարին:

Չկայ համաձայնութիւն առանց հանդուրժողութեան

Չկայ հարցի լուծում առանց համբերութեան

Չկայ միասնականութիւն առանց զիջողութեան

Չկայ զիջողութիւն առանց առարկայական մտածելաձեւի

Չկայ բարոյական յառաջխաղացք առանց ինքնաքննադատութեան

Չկայ յաղթանակ առանց յաղթելու կամքին

Չկայ մեծ ու անկեղծ սէր առանց փոխադարձ մեծ ու անկեղծ յարգանքի

Չկայ 2021 առանց 2020-ի

Եւ վերջապէս՝

Չկայ որեւէ իրագործում առանց Աստուծոյ կամքին

Ձեր Նոր տարին՝ բարի

Սուրբ Ծնունդը՝ շնորհաւոր

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

31 դեկտեմբեր 2020

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021