ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

«Յիշելեաց քարոզ»էն ետք պատարագիչ քահանան քարոզ կը խօսի, ներկայ հաւատացեալներուն տալով օրուան հոգեւոր պատգամը: Քարոզին նիւթը ընդհանրապէս առնուած կ՚ըլլայ օրուան ճաշու ընթերցումներէն:

Քարոզը աւարտելէ ետք պատարագիչ քահանան դէպի Խորան կը դառնայ, եւ բարձրաձայն ու եղանակաւոր կ՚ըսէ.

Եւ արտօնէ մեզի համարձակ ձայնով բանալու մեր բերանը, կանչել Քեզի, երկնաւոր Հայր, երգել եւ ըսել.

Որմէ ետք դպիրները ժողովուրդին ընկերակցութեամբ կը սկսին երգել Տէրունական Աղօթքը՝ Հայր մերը:

Տէրունական Աղօթքը, արդարեւ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի մեզի՝ մարդոցս աւանդած աղօթքն է: Այս աղօթքին մէջ պարունակուած է գրեթէ այն բոլոր էական մասերը, որոնք մաս կը կազմեն մարդ արարածի առօրեային: Այսպէս, սկսելով Երկնաւոր Հօրմէն, խնդրել Անոր Արքայութիւնն ու կամքը, մեր ամէնօրեայ հացը, մեր մեղքերու թողութիւնը, փորձութեան չենթարկուիլ՝ այլ ազատիլ չարէն, եւ վկայութիւն, թէ Տիրոջն է՝ Արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը, յաւիտեանս յաւիտենից:

Աղօթքը, իւրաքանչիւր հաւատացեալի առօրեայ կեանքին համար աւելի անհրաժեշտ է քան ֆիզիքական մարմինի առողջութեան համար ջուրն ու սնունդը: Եթէ Ջուրն ու սնունդը մարմինին առողջութիւնն ու կենսունակութիւնը կ՚ապահովեն, ապա աղօթքը մարդուն հոգիին սնունդն ու բալասանն է, առանց որուն մարդուն հոգին անապատի եւ խոպան արտի կը վերածուի, ուր միայն փուշ եւ տատասկ կը բուսնի եւ կ՚աճի: Առանց աղօթքի կ՚աղքատանայ մարդ, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս եւ թէ՛ ալ հոգեւորապէս: Մինչ, երբ մարդ ինքզինք սորվեցնէ ու վարժեցնէ աղօթքի, ապա իր կեանքը կը ծաղկազարդուի, կը գունաւորուի եւ կը լուսաւորուի: Մանաւանդ Տէրունական Աղօթքը, որ կարգ մը գրիչներու կողմէ կոչուած է աղօթքներու աղօթքը, պէտք է ամէնօրեայ ընկերակիցը ըլլայ մարդուն, այսինքն, մարդ առնուազն օրը մէկ անգամ գիտակցութեամբ եւ ըմբռնումով այս աղօթքը աղօթէ, եւ հաղորդակցութեան մէջ մտնէ իր Երկնաւոր Հօր հետ:

Տէրունական Աղօթքին մասին շատ գրուած է, բազմաթիւ մեկնութիւններ կատարուած են այս աղօթքին մասին: Այստեղ, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Տէրունական աղօթքի մասին մեր մէկ գրութիւնը, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուողներուն համար կը յայտնենք, որ թերթիս արխիւին (9, 16, 30 օգոստոս, 6, 13, 20, 27 սեպտեմբեր, 4, 11, 18, 25 հոկտեմբեր, 1, 8, 15, 22 29 նոյեմբեր 2018) մէջ ընթերցողները կրնան կարդալ Տէրունական Աղօթքի մասին մեր կատարած մեկնութիւնը:

Ադամ Քահանայ Մակարեան պատասխանելով՝ ի՞նչն է Տէրունական Աղօթքին խորհուրդը, կը պատասխանէ.

• «Հայր մեր» աղօթքը Տէրունական կը կոչուի, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս՝ մեր Տէրը Ի՛նք սորվեցուցած է զայն: Տէրունական Աղօթքը ընդհանրապէս, ցոյց կու տայ աղօթքներու բովանդակութեան ճիշդ կարգաւորուածութիւնը: Այստեղ սկիզբը Աստուծոյ կամքին իրագործումը կը խնդրուի, Աստուծոյ Թագաւորութեան [Արքայութեան] գալուստը, ապա անցում կը կատարուի երկրային, նիւթական իրողութիւններուն՝ ինչպէս ամէնօրեայ հացի, մեղքերու ներումին, փորձութիւններէ հեռու մնալու խնդրանքները: Այս աղօթքը ցոյց կու տայ, թէ հաւատացեալի կեանքին մէջ ի՞նչ բաները պէտք է ըլլան անոր մտահոգութիւններուն առաջնահերթութիւնները:

Քրիստոս նաեւ կը սորվեցնէ՝ ըսելով. «Նախ խնդրեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլորը Աստուած ձեզի աւելիով կու տայ» (Մտ 6.33): Այսինքն, նիւթականի մասին մտորումը, նիւթականին փնտռտուքը չմերժելով՝ Քրիստոս Իր ուսուցումներով, նաեւ Տէրունական Աղօթքով նախ եւ առաջ կը սորվեցնէ նախանփախնդիր ըլլալ հոգեւոր, վեհ արժէքներու հանդէպ, եւ միայն յետոյ մտահոգուի նիւթական իրողութիւններու համար: Հետեւաբար, Քրիստոս արժէհամակարգի կատարեալ օրինակ մը կու տայ, դասաւորուածութիւն մը, եւ այդ արժէհամակարգին խախտումը, որ ցաւօք տեղ ունի նաեւ մեր հասարակութեան մէջ, մարդկային կեանքի, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւններուն ու ներդաշնակութեան խանգարումին: Մինչդեռ աւելի վեհ արժէքները նիւթականին չզոհելը, չստորադասելը, կ՚արդիւնաւորուի կեանքի ծաղկումով եւ յառաջընթացով:

Այստեղ, ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի ամփոփ մեկնութիւնը Տէրունական Աղօթքին:

Այս աղօթքը շատ պատուական եւ գովելի է, երեք պատճառներով.-

ա) Որովհետեւ Քրիստոսի կողմէ սահմանուած է։ Եթէ աղօթքները, որ մարդիկ սահմանած են, պէտք է սորվիլ ու աղօթել, հետեւաբար որքա՞ն աւելի պէտք է սորվիլ այս աղօթքը, որ Աստուած Իր իսկ բերանով սորվեցուցած է։

բ) Որովհետեւ կարճ ու գեղեցիկ է եւ ոչ ոք չի՛ կրնար չսորվիլ, պատճառաբանելով թէ երկար է։

գ) Որովհետեւ անհրաժեշտ ու բարեբեր է, որով այն ամէնը ինչ որ պէտք է մեզի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ալ մարմնաւոր, այս աղօթքի միջոցաւ խնդրած կ՚ըլլայ։

Այս աղօթքը տասը խօսքերէ բաղկացած է.-

ա) «Հայր մեր երկնաւոր». մարդուն համար մեծագոյն պարգեւը զԱստուած Հայր կոչելն է։ Քրիստոնեաներուն համար Աստուած Հայր է, որովհետեւ մենք Աստուծոյ Միածին Որդիի պատկերին կերպարանակից եղանք։ Իսկ «Հայր մեր» կ՚ըսուի, եւ ոչ թէ իմ Հայրս, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաներուն միութիւնը երեւայ։ Ընդհանրական աղօթքը աւելի լսելի է։

բ) «Սրբաբանուի՛ անունդ». այս կը նշանակէ, թող Քու անուանդ սրբարար զօրութիւնը մեր վրայ ըլլայ, որպէսզի մեզ բոլոր մեղքերէն մաքրէ։ Քրիստոնեայ կը կոչուինք եւ հաւատքով սուրբ ենք, մեր գործերով ալ մեզ սուրբ ըրէ։

գ) «Թող գայ Արքայութիւնդ». Աստուծոյ Արքայութիւնը կը խնդրենք, որպէսզի մեզ խաւարի իշխանութենէն փրկէ եւ Ի՛նք թագաւորէ մեր սիրտերուն, ոչ թէ մեղքը։

դ) «Թող կատարուի քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ նոյնպէս ալ երկրի վրայ». երկինքին մէջ հրեշտակները եւ երկնային բոլոր զօրութիւնները Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, իսկ մարդը յաճախ իր ինքնիշխան կամքով Աստուծմէ կը հեռանայ եւ մեղքերու մէջ կ՚իյնայ։ Այս խօսքով կը խնդրենք, որ մարդիկն ալ Աստուծոյ կամքը կատրեն։ Աստուծոյ կամքը, մեղաւորներուն դարձն է եւ հոգիներուն փրկութիւնը՝ մեղքի ու չարիքի բռնութենէն։

ե) «Ամէնօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր». որովհետեւ տակաւին մարմինին մէջ ենք՝ կերակուրի կարիքն ունինք, որ մարմինին կենդանութիւնը կը պահէ, որով հարկաւոր պէտքերը կը հասկցուի՝ կերակուր, խմելիք, հագուստ։ Մեր՝ այսինքն անհրաժեշտ եւ ո՛չ՝ աւելին, մեր արդար վաստակը եւ ո՛չ՝ օտարինը, ո՛չ անիրաւ կերպով ձեռք բերուածը։ Այսօրուանը կը խնդրենք, իսկ վաղը ինքն իրենը կը հոգայ։

զ) «Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են». այս նախադասութենէն կը հասկցուի, թէ երբ մենք մարդուն կը ներենք, Աստուծմէ թողութիւն կը ստանանք։ Այս նախադասութիւնը ուրիշ խորիմաստ իմաստ մըն ալ ունի. բոլոր բարի գործերը մենք Աստուծմէ կը սորվինք, իսկ այստեղ՝ Ա՛ն է, որ մեզմէ մարդասիրութիւն կը սորվի։ Եթէ մենք չենք ներեր, կ՚անիծենք մենք մեզ, թէ՝ ինչպէս որ ես ուրիշները չներեցի, դուն ալ զիս մի՛ ներեր։ Ոխը սիրտին մէջ պահելով՝ Աստուծմէ կը հեռանանք։

է) «Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք». խոնարհութիւն կը սորվեցնէ, յանգուգն կերպով փորձութեան չերթալ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օգնութիւնը կը խնդրենք նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու ընթացքին։

ը) «Այլ մեզ չարէն ազատէ՛». այսինքն՝ իւրաքանչիւր չարէ, նախ՝ սատանայէն. երկրորդ՝ չար մարդոցմէ, որոնք սատանային արբանեակներն են. երրորդ՝ աշխարհի մեղաւոր ցանկութիւններէն, որովհետեւ ատոնք Աստուծոյ նկատմամբ թշնամութիւն են. չորրորդ՝ չար մեղքերէ, դժոխքէ, չար մահէ եւ մեր հոգիին յաւիտենական տանջանքէն։

թ) «Որովհետեւ քուկդ են միշտ Արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեանս». այսինքն՝ երբ Անորն է Արքայութիւնը, մենք մեղքէն չենք վախնար. երբ Անորն է զօրութիւնը, ո՛չ ոք կրնայ յաղթել մեզի։ Աստուած ո՛չ միայն մեզ բոլոր չարերէն կ՚ազատէ, այլ՝ յաւիտենապէս կը փառաւորուի։

ժ) «Ամէն». բոլոր խնդրանքները կը հաստատէ։ Ինչ որ խնդրեցինք, ճշմարիտ է, թո՛ղ ըլլայ։

Տէրունական Աղօթքը եօթը խնդրանք կը պարունակէ, երեքը՝ հոգեւոր, չորսը՝ մարմնաւոր։ Չորս խնդրանքները այստեղ են եւ հիմա կը կատարուին, իսկ երեքը հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի կատարուին։ Եւ որովհետեւ հոգին աւելի պատուական է քան մարմինը, այդ պատճառով նախ հոգեւորը կը խնդրենք՝ Սուրբ անունը, Արքայութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարումը, ու ապա մարմնաւորը կը խնդրենք՝ ամէնօրեայ հացը, թողութիւնը եւ մեղքերու փորձութիւններէն ու չար պատուհասներէ ազատիլը։ Այս եօթը խնդրանքներէն աւելին պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ ասոնք բոլոր խնդրանքները կը բովանդակեն, որոնք հոգիին ու մարմինին օգտակար են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 10

20 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2022