«ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԾԱՆՐ ԱԶԴԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՀԱԾՆԵՐԸ»

Նկարիչ ու հասարակական գործիչ Նշան Տէր-Գալուստեան երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան գաղթած է Այնճարէն եւ իր ընտանիքին արմատները կը հասնին Մուսա լեռ։ Նշան Տէր-Գալուստեան ցաւով կը յայտարարէ, որ այսօր քիչ են ճիշդ լուծում տուողները, իսկ զիրար այպանողները շատ։ Ան մեզի հետ բաժնեց զանազան մօտեցումներ, որոնք թարգման կը հանդիսանան Լիբանանի հայութեան այժմու զգայնութիւններուն եւ հոգեվիճակին։ Ստորեւ՝ իր խոհերուն սղագրութիւնը։

*

-Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, չէք խզած ձեր կապը Այնճարի հետ։ Ի՞նչն է անոր մագնիսական ուժը։

-Աներեւակայելի մագնիսական ուժ մը կը կապէ զիս Այնճարին։ Ես Այնճար չեմ ծնած, բայց ութ տարեկանիս հոն փոխադրուած եմ, հայրով եւ մայրով մուսալեռցի եմ։ Այնճարի մէջ յաճախած եմ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը։ Պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութիւնս հոն անցուցած եմ։ 1977-ին դասաւանդեցի «Ազգային Յառաջ» վարժարանին մէջ։ Ուսուցչութեան այդ մէկ տարին զիս աւելի կապեց Այնճարին եւ յատկապէս գիւղի տարեց խաւին հետ։ Այս ձեւով աւելի մօտէն ճանչցայ Այնճարը։

-Այս բոլորին զուգահեռ եւ հակառակ կենցաղային խնդիրներուն, ձեր կեանքին մէջ տեղ մը յատկացուցած էք նկարչութեան։ Ուրկէ՞ կը բխի նկարչութեան հանդէպ առկայ ձեր սէրը եւ ի՞նչն է ձեր ներշնչման աղբիւրը։

-Բնութիւնը կը սիրեմ, հետեւաբար նկարչութեան ներշնչման աղբիւրս բնութիւնն է, բնութեան տեսարաններն են։ Բաւական փոքր տարիքէս սկսած եմ նկարել։ Ծնողքս եւ բարեկամներս քաջալերած են զիս, բայց նկարչութեան լրջօրէն նուիրուեցայ Ամերիկա հասնելէս վերջ։ Երբ ամերիկեան համալսարանի մէջ կ՚ուսանէի, նկարչութեան նուիրուած ընտրովի չորս դասապահ վերցուցի։ Բաւական լաւ դասախօսներ ունեցայ, որոնց իմ վրայ ձգած ազդեցութիւնը հիմա կը զգամ։ Ինչպէս ըսի, նկարչութեանս թեման բնութիւնն է, իրապաշտ ոճով։ Բնութիւն նկարելը ինծի ուրախութիւն եւ հանգստութիւն կը պանճառէ։ Պատկերը դիտողն ալ հանգստութիւն եւ ուրախութիւն կը զգայ, քանի ինչ որ կը տեսնէ, այդ կը ստանայ, առանց որեւէ բարդութեան, առանց մտածելու, թէ այս նկարը ի՛նչ կը նշանակէ, կամ ինչ պատգամ կը հաղորդէ։ Այն ինչ որ կայ, շատ պարզ ձեւով ներկայացուած է։ Երբ 2000 թուականին Հայաստան այցելեցի, եկեղեցիներով շատ տպաւորուեցայ։ Երբ վերադարձայ Ամերիկա, որոշեցի իւղաներկով հայկական եկեղեցիներ նկարել եւ այդ ծրագիրը յաջողցուցի։ Անկէ ետք, որոշեցի Մուսա լեռը, Այնճարի ժողովուրդին կենցաղը, ապրելակերպը, Այնճարի բնութիւնը ներկայացնել կտաւներուս մէջ։

-Արդի դարուն մարդուն համար արուեստը առաջուան նման մտասեւեռում ըլլալէ դադրած է։ Առօրեայ բարդութիւններ, մեր դարու կեանքը դարձուցած են աւելի մակերսային եւ անիմաստ ըլլալու չափ անհետաքրքրիր։ Այս բոլորին ի տես ինչպէ՞ս կը շարժիք եւ ձեր առած քայլերը բաւարարութիւն կը բերե՞ն ձեր տագնապող հոգիին։

-Նկարչութիւնը, որ կ՚ընեմ, ինծի համար ապրուստի միջոց չէ։ Ան իմ ձիրքս է եւ կը սիրեմ անով զբաղիլ, միեւնոյն ատեն, այս ճամբով իմ ժողովուրդիս բան մը տուած կ՚ըլլամ։ Այս նպատակով կը ստեղծագործեմ։ Ճիշդ է, որ ժողովուրդը, այս օրերուն մշակոյթով շատ հետաքրքրուած չէ, եւ մեր՝ հայկական մշակութային կեդրոնները, կազմակերպութիւնները առաջուան պէս բարգաւաճ չեն, սակայն այս բոլոր պատճառները զիս ներշնչումէ եւ գծելէ չեն զրկեր։ Յաճախ կը նկարեմ, որոշ նկարներ ալ կը վաճառեմ, բայց ինչպէս ըսի, իմ նիւթական առօրեայ ապահովութիւնս նկարչութենէն չէ։ Երբեմն շատ կ՚արտադրեմ, երբեմն՝ աւելի նուազ, նայած տրամադրութեանս։ Նկարչութեան պիտոյքս միշտ մէջտեղն է, ամէն անգամ որ առիթը ունենամ, կ՚անցնիմ գործի։

-Վերջին շրջաններուն Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակը ազդած է նաեւ հայկական դիմագիծ ունեցող Այնճարի վրայ. իբր այդ, թէեւ ԱՄՆ հաստատուած էք, սակայն կը փորձէ՞ք օգնութեան ձեռք մեկնել Այնճարին։

-Ճիշդ է, որ տնտեսական բարդ իրավիճակը բաւական ազդած է Լիբանանի վրայ, ներառեալ՝ Այնճարի։ Որպէս ԱՄՆ հաստատուած մուսալեռցի, այո, կը փորձեմ նիւթապէս օգտական դառնալ Այնճարին։ Հոս կ՚ուզեմ յիշել, որ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ «Բոլորս Այնճարի համար» կամ “Together for Anjar” խումբ մը կազմուեցաւ ԱՄՆ-ի մէջ։ Աշխարհի տարբեր անկիւններ գտնուող մուսալեռցիներ մասնակցեցան այդ նախաձեռնութեան՝ Ֆրեզնոյէն ես մասնակցեցայ։ Երեք ամսուան մէջ, աւելի քան 170 հազար ամերիկեան տոլար կրցանք հաւաքել Այնճարի ժողովուրդին համար։ Երկրորդ հանգրուանին, միայն եօթ հոգիով, որոնց մէջ նաեւ՝ ես, կրցանք հաւաքել շուրջ 75 հազար ամերիկեան տոլար եւ ուղարկեցինք Այնճարի ժողովուրդին։ Միեւնոյն ատեն, ես Ֆրեզնոյի Մուսալերան հայրենակցական միութեան ատենապետն եմ։ Ամէն տարի, միութիւնը դրամական օժանդակութիւն կու տայ Այնճարի մէջ գտնուող միութեան մը, եկեղեցիի մը, կամ կազմակերպութեան մը։

-Կ՚ապրինք դժուարին օրեր, Հայաստանի մէջ ստեղծուած համայնապատկերը բաւական ծանր ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ սփիւռքահայութեան հոգիներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք հայութեան ապագան։

-Կը խորհիմ, որ աշխարհի բոլոր հայերուն հոգիներուն վրայ ծանր ազդած է Հայաստանի մէջ՝ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին պատահած խնդիրները։ Իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Ամերիկայի մէջ բնակող մուսալեռցիներուն վրայ։ Ֆրեզնոյի Մուսալերան հայրենակցական միութիւնը, պատերազմի ընթացքին որոշ օգնութիւն մը ուղարկեց Հայաստան։ Մեր երիտասարդութիւնը մտահոգ է եւ միշտ կը մտածէ ու կը խորհի Հայաստանի եւ Արցախի խնդիրներուն մասին։ Թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ խօսողները շատ են։ Կարծիքներ կու տան, թէ ղեկավարները աւելի ուշիմ պէտք է ըլլան, աւելի դիւանագէտ պէտք է ըլլան, եւ այլն։ Ճամբայ ցոյց տուողները շատ են, գանգատողները շատ են, բայց ճիշդ լուծում մը մատնանշողներուն թիւը շատ քիչ է, թէ՛ դիմատետրին եւ թէ մամուլին մէջ։ Զիրար այպանողներուն թիւը մեծ է, բայց խորքը մտնելով, լուծումներ առաջարկող չկայ։ Շատ բան կախեալ է քաղաքական վերնախաւէն։ Յոյսով եմ, որ կը կարողանանք գէթ ապահովել Հայաստանի հողին ամբողջականութիւնը, երբ կորսնցուցիք Արցախին մեծ մասը։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ սփիւռքի հայ ղեկավարներուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023