ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 9 - ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ ԴԱ, ԹԷ՞ Ա Բ Գ Դ…
Հայոց պատմութեան դասերուն ամենածիծաղելի պահը Գագիկ թագաւորին դասն էր, որովհետեւ սփիւռքահայերս օտար հողի վրայ ճիշդ հնչիւնները կորսնցուցած ենք։ Իսկ մայր հողի վրայ դասական ուղղագրութիւնը, այդ բոլորիս ծանօթ տխուր պատմութիւն է։ Եւ ոչ միայն ատիկա։ Արեւելահայերը ա, բ, գ, դ եւ այլն կ՚ըսեն, արեւմտահայերը՝ այբ, բեն, գիմ, դա եւ այլն։
Այդպէս ալ Հայոց լեզուի դասախօս ընկ. Մանուէլ Ասատրեանին հետ երբեք չհաշտուեցանք, աւելին մի՛շտ կռիւի մէջ մնացինք, վրան աւելցած իր կինը, որ ոչ միայն առոգանութիւնս չէր հասկնար կամ թերեւս հասկնալ չէր ուզեր, այլեւ խուլ էր։ «Էրիկ-կնիկ» կեանքս կերան։ Ես ալ իրենց կեանքը՝ անընդհատ ա, բ, գ, դ-ին այբ, բեն, գիմ, դա ըսելով։ Քննութեան սրահէն փառաւորապէս վռնտեց զիս Մանուէլ Ասատրեանը՝ յամառօրէն այբ, բեն, գիմ, դա ըսելուս համար։
Երբ խեղդուելու չափ յուզուած դուրս ելայ լսարանէն, լոյսի մէջ պարուրուած Մեսրոպ Մաշտոցը երեւցաւ ինծի հայերէն տառերը իրենց անուններով գրուած յանձնեց եւ օրհնեց զիս… Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Մովսէսին յանձնուեցան պատուիրանները… Եւ ես ուխտեցի հաւատարիմ մնալ այբ, բեն, գիմ, դա-յին մինչեւ կեանքիս վերջը։
Ինչ կ՚ուզէ թող ընէ Մանուէլ Ասատրեանը…
Առաջին տարին Հայոց լեզուի յատուկ խումբիս դասախօսը Ռուբէն Սաքապետոյեանն էր (Աստուած հոգին լուսաւորէ), հումորով կեանքս կերաւ (առոգանութիւնս եւ այլն)։
Շեշտադրութեան դասն էր.
-Շեշտը դնում ենք յատուկ անունի վերջին վանկին վրայ։ Նագգաշեան մի օրինակ տուր։
Ես ալ կարծելով, որ Սաքա-ն անունն է Պետոյեանը՝ մականունը, որովհետեւ մենք Պետոյեան բարեկամներ ունինք, ըսի.
-Սաքա՛…
-Էդ սաքան ի՞նչ օրինակ է։
-Ձեր անունն է… Սաքա՛ Պետոյեան…
-Աղջի իմ անունս Ռուբէն է, ազգանունս Սաքապետոյեան։ Էդ ինչեր ես յօրինում…
Չեմ գիտեր ո՞վ որո՛ւ վրայ խնդաց, բայց երկուքս ալ լաւ քահքահեցինք…
Այդպէս ալ օր մը երբ «մանիքիւր» եւ «մաքնիթաֆօն» հայացած բառերը իմ լսածիս համաձայն գրած էի, Սաքապետոյեանը ջղայնացաւ, ես աւելի.
-Նախ անոնք հայերէն չեն, երկրորդ դարձէք դասական ուղղագրութեան, այդ է ճիշդ հայերէնը։
-Այ աղջի, վաթսուն տարի գիրքեր ենք հրատարակել, ի՞նչ պիտի անենք։
-Ինչ որ ըրիք 1500 տարուան ուղղագրութեան հետ։
Լաւ է առանց կրակոցներու համալսարանս աւարտեցի։
Դառնալով մեր Գագիկ թագաւորին, բնականաբար Գագիկը մենք «Քաքիկ» կ՚արտասանենք։
Եւ ես Գագիկ անունով ծանօթ մը ունէի, այնքան անուշ տղայ մըն էր, ժպիտը ականջները կը հասնէր, երբ տեսնէր զիս, խօսելու նիւթ չունէինք, բայց որպէսզի երկարէր խօսակցութիւնը՝ նոյն հարցումները ամէն անգամ կը կրկնէր.
-Ո՞նց ես Անուշիկ ճան, դասերը ո՞նց են Անուշիկ ճան, հօ որեւէ նեղութիւն չունես Անուշիկ ճան, հայրիկից-մայրիկից լուր կա՞յ Անուշիկ ճան։ Եղբայրդ Ամերիկայում է չէ՞ Անուշիկ ճան, ո՞նց է։
-Լաւ եմ Քաքօ ճան, դասերս լաւ են Քաքօ ճան, նեղութիւն չունեմ Քաքօ ճան, հայրիկս-մայրիկս լաւ են Քաքօ ճան,այո՛, եղբայրս Ամերիկա է եւ լաւ է Քաքօ ճան։
Եւ այսպէս ամէն անգամ Անուշիկ ճա՛ն, Քաքօ ճա՛ն…
Եւ ամիս մը ճաներով խօսելնէս ետք, օր մը Քաքօ ճանին ժպիտը չերեւցաւ երեսին…
-Քաքօ ճան, կարծես բան մը պատահեր է, այսօր տարբեր ես աչքիս։
-Անուշիկ ճա՛ն, ախր մի բան եմ ուզում ասել, դու այնքան անուշ ես խօսում քո անունի նման, որ ես ամէն անգամ յետաձգում եմ քեզ ասել, բայց անցած օր, որ ընկերուհուդ հետ էիր եւ նա ծիծաղեց երբ անունս տուիր, մտածեցի անպայման ասել քեզ…
-Բայց ի՞նչ եղեր է Քաքօ ճան…
-Ախր իմ անունը Գագօ է ոչ թէ Քաքօ…
Վայ, Գագօ ճան, վայ… Փաստօրէն ամբողջ ամիս մը քեզի Քաքօ կանչեր եմ…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024