ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՓԱՓՈՒԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋՈՑՈՎ

Անցեալ տարեշրջանին Չինաստանէն երեք ժապաւէններ մեծ արձագանգ ստեղծեցին, ժապաւէններ, որոնց ետին կանգնած էր քաղաքական նպատակ, որ կ՚արտացոլացնէր Չինաստանի յետագայ քայլերը՝ տնտեսական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Այս հակիրճ յօդուածով կ՚ուզեմ անդրադառնալ այս ժապաւէններուն:

Առաջինը «Չինաստանի առեւտրականը» (China Salesman) ժապաւէնն է: Ժապաւէնը կ՚անդրադառնայ, թէ ինչպէ՛ս չին առեւտրական մը Ափրիկէի մէջ ճնշումներու եւ հարուածներու կ՚ենթարկուի եւրոպական ընկերութիւններու կողմէ, որոնք կը փորձեն զայն սպաննել, սակայն կը ձախողին: Չին առեւտրականը տարբեր միջոցներով կը բացայայտէ անոնց փտածութիւնը, եւ անոր գործը կ՚արժանանայ գնահատանքի՝ բաւական մեծ զոհողութիւններէ ետք: Ժապաւէնին միջոցով Չինաստանի պետութիւնը յստակ պատգամ մը կը յղէ արեւմտեան պետութիւններուն, որ ներկայիս ինք հզօր տնտեսական շահեր ունի Ափրիկէի մէջ, եւ միեւնոյն ատեն կը զգուշացնէ զանոնք որեւէ հակաչինական արկածախնդրութենէ:

Երկրորդ ժապաւէնը «Կարմիր ծովու գործողութիւն»ն (Operation Red Sea) է, որուն նիւթը կը վերաբերի Եմէնի մէջ ծաւալած պատերազմին, Չինաստանի մարդասիրական օժանդակութեան եւ իր զինուորներուն պատրաստակամութեան՝ օգնելու ժողովուրդին եւ հարուածելու ահաբեկիչները: Ըստ ժապաւէնին, աւելի քան 250 օտար եւ 650 չին քաղաքացիներ, ներառեալ՝ դիւանագէտներ, պաշարուած են Եմէնի Ատէն քաղաքին մէջ՝ ահաբեկիչներուն կողմէ, սակայն չինական ծովուժը գործակցելով կառավարական եւ օրինական ուժերուն հետ՝ կը յաջողի ազատել զանոնք: Ժապաւէնին միջոցով Չինաստան որոշ տուեալներ տուաւ իր ծովուժին պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ որոշ պատգամներ հասցուց շրջանին մէջ ամերիկեան ծովուժին: Նշենք, որ այս շրջանին մէջ ամերիկեան ծովուժը բաւական գործօն է, իսկ Չինաստան վերջերս արդէն իսկ Ճիպութիի մէջ ռազմակայան մը կառուցած է:

Վերջապէս, «Չին խաղաղապահ ուժերը» (Chinese Peacekeeping Forces), որուն հիմնական նպատակն է դիտողը ծանօթացնել չին խաղաղապահ ուժերու մարդասիրական գործունէութեան: Չինաստան այս ժապաւէնով կը փորձէ համոզել Ափրիկէի երկիրները, որ ինք կայսերապաշտական քաղաքականութիւն չի հետապնդեր, այլ իր ուժերը խաղաղութիւն եւ կարգ ու կանոն կը հաստատեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան դրօշին տակ: Ժապաւէնին մէջ նաեւ գնահատելի են չինական խաղաղապահ ուժերուն կարգապահութիւնն ու զոհողութիւնը՝ պաշտպանելու համար ճնշուած գիւղացիներուն իրաւունքը ահաբեկիչներուն դէմ:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Չինաստան կ՚օգտագործէ շարժապատկերի աշխարհը՝ մեզի ծանօթացնելու համար իր յետագայ նպատակներուն: Հեռու չէ, որ այս բոլորը օր մը իրականութեան վերածուին: Չինաստան կ՚աշխատի այս ուղղութեամբ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019