Ա­լան ­Յով­հան­նէս (­Չախ­մախ­ճեան). ­Հայ­կա­կանն ու Ա­րե­ւե­լեա­նը Դաշ­նա­ւո­րած Աշ­խար­հահռ­չակ Երա­ժիշ­տը

Յունիս 21-ին, 17 տարի առաջ, Սիաթըլի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։

Հայ երաժշտական հանճարի մեծատաղանդ ներկայացուցիչներէն է Ալան Յովհաննէս, որ չորս տարեկանէն գտաւ ինքնադրսեւորման իր հնչեղէն ուղին եւ ամբողջ կեանք մը լեցուց արտասովոր երաժշտականութեամբ, աւանդականն ու արդիականը, հայկականն ու ամերիկեանը, արեւելեանն ու արեւմտեանը իւրայատուկ յուզականութեամբ, խոհականութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ համադրող բարձրարժէք արուեստով։

Միայն ծագումով հայ մը չեղաւ ան, այլ թէ՛ իր կեանքով, թէ՛ աւելի քան 70 սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններով՝ հաւատաւոր եւ հաւատարիմ մշակը հանդիսացաւ հայկական իր ժառանգութեան։

Եղաւ, մանաւա՛նդ, հաւասարապէս թէ՛ հայ, թէ՛ ամերիկացի՝ սփիւռքահայու կրկնակ պատկանելութեան դրօշակիրներէն դառնալով։

«Ամերիկահայ»ու կրկնակ պատկանելութեան իր այդ կազմաւորումով ու համադրութեամբ՝ Ալան Յովհաննէս բնաւ անտարբեր չգտնուեցաւ աշխարհի ճակատագրին նկատմամբ, մօտէն հետեւեցաւ եւ դիրքորոշուեցաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներուն հանդէպ ու նուաճեց արժանաւոր քաղաքացիի իր մնայուն տեղը 20-րդ դարու ամերիկեան իրականութեան մէջ։ Ամերիկահայ «Արարատ» հանդէսին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, տակաւին 1971-ին, մեծանուն երաժիշտը կատարեց մերկացումը ամերիկեան մեծապետական մոլորանքին՝ ինչպէս այդ օրերուն, նաեւ մեր ժամանականերուն համար ուղի լուսաւորող հետեւեալ պատգամը փոխանցելով.

«Թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր հանգրուան մը։ Ինքնակործանման վտանգին առջեւ ենք, ինչ որ մեծ վախով կը համակէ զիս։ Հին սերունդը անխղճօրէն կը կառավարէ ու կ՚իշխէ։ Եւ ունիմ այն զգացումը, որ ատիկա մեծ սպառնալիք մըն է մեր քաղաքակրթութեան համար։ Հսկայական ընկերութեանց եւ կազմակերպութեանց ագահութիւնը կը հակակշռէ կեանքը տեսակ մը վայրագութեամբ։ Կացութիւնը հետզհետէ աւելի եւ աւելի վատթարացած է, որոշ իմաստով, որովհետեւ բնական գիտութիւնը մեզ տուած է աւելի ու աւելի մահացու զէնքեր եւ մարդկային ոգին կործանած է շատ մը պարագաներու… Ուստի՝ ի՜նչ օգուտ, որ ունինք աշխարհի ամենազօրաւոր երկիրը, երբ կործանած է հոգին։ Անօգո՜ւտ է»։

Յուշատետրի սիւնակը շատ սեղմ է՝ այսպիսի՛ տարողութեամբ մեծութիւնը իր կեանքով, ստեղծագործական ժառանգութեամբ եւ գաղափարական պատգամով մանրամասնօրէն ներկայացնելու համար։

Ալան Յովհաննէս ծնած է 1911-ի Մարտ 8-ին, Մասաշուսեթց (Միացեալ Նահանգներ)։ Զաւակն է Ատանա քաղաքէն եկած յայտնի քիմիագէտ Յարութիւն Վաննէս (Յովհաննէսի) Չախմախճեանի, որ դասախօս էր մեծահռչակ Թաֆթս համալսարանին մէջ։ Հայրը Թաֆթսի մէջ ծանօթացած ու ամուսնացած էր սկովտիացի Մատլէն Սքաթի հետ, որ մինչեւ 1931-ի իր մահը ընդդիմացաւ զաւակը հայ մեծցնելու Վաննէս Չախմախճեանի հետեւողական ճիգերուն։

Կենսագիրները կը վկայեն, որ 4 տարեկանէն երաժշտութեան նուիրուած Ալանը, մօր ճնշումին եւ ազդեցութեան տակ, վաղ տարիքի իր ստեղծագործութիւնները կը ստորագրէր Ալան Սքաթ Վաննէս։

Ալան 7 տարեկանին ի վիճակի եղաւ երաժշտութիւնը կարդալու եւ 14 տարեկանին արդէն սիմֆոնիք գործեր կը յօրինէր։ Բայց ինչպէս որ հետագային ի՛նք վկայած է, ծնողքը դէմ էին երաժշտութիւն յօրինելու իր բուռն ցանկութեան։ «Հետեւաբար ստիպ-ւած էի երաժշտական իմ յօրինումներս գրելու գիշերները, գաղտնի, բաղնիքի մէջ, եւ յետոյ զանոնք պահելու, որպէսզի ծնողքս չտեսնեն», խոստովանած է մեծ երաժիշտը։

Արլինկթըն գոլէճի աշակերտ էր, երբ արդէն գրեց իր առաջին երկու օփերաները, որոնք ներկայացուեցան գոլէճի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ։ Երգահանութեան նուիրուելու իր որոշումին մէջ, այդ տարիներուն, մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն հետ իր ծանօթացումին։ 1929-ին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ան ուսումը շարունակեց Նիու Ինկլընտի երաժշտանոցին մէջ։ Այդ շրջանին գրեց «Արեւածագ» սիմֆոնին, որուն համար արժանացաւ Samuel Endicott-ի մրցանակին:

Մինչեւ 1930-ականները եւ մօր մահը ստեղծած իր գործերը Ալան Սքաթ Վաննէս որոշեց փճացնել եւ կը պատմէ, որ օրերով իր նոթաները այրեց։ Որոշեց իր հայկական պատկանելութեան լիարժէք տէր կանգնիլ՝ առաջին հերթին մեծ հօր Յովհաննէս անունը ընտրելով իբրեւ ազգանուն։ Այդ մասին նաեւ առիթով մը խոստովանած է, որ ընտանեկան «Չախմախճեան» ազգանունը չընտրեց, որովհետեւ շրջապատին մէջ ոչ ոք ի վիճակի էր ճիշդ արտասանելու «զինագործ» բառին թրքացումով կնքը-ւած իր հարազատ ազգանունը։

Այդ շրջանին սկսաւ իբրեւ երգեհոնահար նուագել Ուոթըրթաունի Հայ Առաքելական Ս. Ճէյմս եկեղեցւոյ մէջ, միաժամանակ թափով ստեղծագործական աշխատանքի նուիրուելով եւ Tanglewood երաժշտանոցին մէջ երգահանի մասնագիտական պատրաստութեան հետեւելով՝ 1942-ին արժանանալով գիտական կոչումի։ Ամերիկահայութիւնը անմիջապէս փարեցաւ իր երիտասարդ երգահանին եւ նիւթական անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցոյց տուաւ անոր, որպէսզի ամերիկեան մեծազդեցիկ Mercury ձայնասկաւառակի արձանագրութեան ընկերութիւնը իրարու ետեւէ հրապարակ հանէ Ալան Յովհաննէսի գործերը, որոնք լայն ժողո-վըրդականութիւն ապահովեցին հայ երաժիշտին։

Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական կեանքին մէջ կարեւորագոյն դարձակէտ մը եղաւ անոր ծանօթացումը հայ երաժիշտ Ենովք Տէր-Յակոբեանի հետ, որ հայկական եւ արեւելեան նուագարաններու օգտագործման հմուտ էր եւ Ալանի առջեւ լայն բացաւ ոչ միայն հայկական, քրդական, պարսկական ու արաբական, այլեւ՝ հնդկական, չինական եւ ճաբոնական աւանդական նուագարաններու եւ ազգային երաժշտութեանց անեզր աշխարհը։

Այդ ուղիով ալ ընթացաւ Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական բեղուն կեանքը։

1946-ին, երբ Պոսթընի երաժշտանոցին դասախօս էր, տեղւոյն հայ համայնքի մղումով ստեղծեց իր «Էջմիածին» օփերան։ 1952-ին ան փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ուր միացաւ «Ամերիկայի Ձայն»ի խմբագրութեան, երաժշտական բաժնի պատասխանատուութեամբ։ Շարունակեց ստեղծագործել եւ շուրջ կէս դար իր տիրական դրոշմը դրաւ ամերիկեան երաժըշ-տական կեանքին վրայ՝ յատկապէս արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտութիւնները ինքնուրոյն համադրութեամբ մշակելու իր մեծ տաղանդով։

Ալան Յովհաննէս, իր հօր օրինակին հետեւելով, իր կարգին ամուսնացաւ օտարի հետ՝ ծանօթ սոփրանօ Հինաքօ Ֆուճիարայի հետ։ Ունեցան դուստր մը, որ իր մօր հետ միասին հպարտութեամբ տէր կանգնեցան հայ մեծ երաժիշտի ազգային պատկանելութեան եւ երաժշտութեան՝ 2004-ին ձեռնամուխ ըլլալով Հայաստանի մէջ Ալան Յովհաննէսի տուն-թանգարանի ըս-տեղծումին։ Ա՛յդ էր կտակը Ալան Յովհաննէսի, որ իր կենդանութեան միայն մէկ անգամ՝ 1965-ին բախտը ունեցաւ հայրենիք այցելելու եւ «իր սիրտը լեռներում թողնելու»…

Վկայութեանց համաձայն՝
«Ալան Յովհաննէսը Հայրենիք եկաւ 1965 թուականին: Հայրենիքի մասին առասպելները յօդս ցնդեցին այն պահին, երբ Երեւանում տեսաւ Լենինի արձանը: Իր հայաստանեան շրջագայութեան մասին Վարպետը քիչ էր պատմում: Միայն կրկնում էր, որ այնտեղ Քրիստոսը դարձել է սատանայ, իսկ Լենինը՝ աստուած: Խորհրդային Հայաստանում Ալան Յովհաննէսն անկեղծանում էր միայն այն ժամանակ, երբ հեռու էր յայտնւում մայրաքաղաքից, կարմիր դրօշներից ու կուսակցական «ընկերներից»…

«Ալան Յովհաննէսը հայրենիքում երկար չմնաց. ծանօթացաւ գործընկերներին, նուիրեց իր ստեղծագործութիւնները Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին ու հեռացաւ: Նրա հայաստանեան շրջագայութեան մասին պետական արխիւներում քիչ բան կայ:

«Երբ Խորհրդային Միութիւնը տապալուեց, եւ սկսուեց Արցախեան Ազատամարտը, Վարպետն արդէն ծեր էր ու, չնայած ցանկութեանը, չէր կարող գալ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Նա հայրենիք վերադառնալու այլ ճանապարհ գտաւ. գրեց «Արցախ» սիմֆոնիան՝ նուիրուած Արցախեան հերոսամարտի քաջերին»։

Ալան Յովհաննէս (Չախմախճեան) վախճանեցաւ 21 Յունիս 2000-ին եւ իր յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ սիւնակը կ՚արժէ եզրափակել «Ազգ» թերթի էջերուն Սառա Գասպարեանի հրատարակած հետեւեալ վկայութեամբ.-

«Նիւ Եորքի դասական երաժշտութիւն սփռող ռատիօալիքներով յաճախակի է հնչում Ալան Յովհաննէս անունը: Աշխարհում թերեւս ոչ մի կոմպոզիտոր այդքան խոր ու նրբօրէն չի զգացել արեւելեան ժողովուրդների ազգային նուագարանների արժէքը եւ վարպետօրէն հնչեցրել դրանք սիմֆոնիկ երաժշտութեան մէջ, որքան՝ Ալան Յովհաննէսը: Իր երկար, բեղուն ստեղծագործական կեանքում նա խորապէս ուսումնասիրել է հնդկական ազգային երաժշտական գործիքները, քորէական Ah-Ak ոճը, ճաբոնական Բունրակու եւ Գագակու երաժշտական ոճերը: Սիմֆոնիայի եւ արեւելեան մեղեդիների հետաքրքրական համադրութեան միջոցով կոմպոզիտորն արտայայտել է փիլիսոփայական խոհեր՝ բնութեան, տիեզերքի, աշխարհարարման մասին: Ծառի ու սարի նկատմամբ տածած իր յատուկ պաշտամունքը ծնունդ է տուել համանուն բազմաթիւ սիմֆոնիաների:

«Պատահական չէ, որ նրան համարել են դասական երաժշտութեան «Սոկրատէս»ը»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017