​ԱՐՄԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ «ԴԵՂԱՄԻՋՈՑ»Ը՝ ՔԱՓԹԱԿՈՆԸ

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՂ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ 

Իրաքի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմնի ՄԱԿ-ի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը վերջերս կը գտնուէր Երեւանի մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդ գործիչը, որ վերջին անգամ կը պաշտօնավարէր Յորդանանի «Ալ Զահթար»ի գաղթակայանին մէջ, այսօր փոխադրուած է Իրաքի Քիւրտիստանի հատուածի կեդրոնատեղի համարուող՝ Էրպիլ:

Ան ամէնօրեայ դրութեամբ կ՚այցելէ Մուսուլի այն հատուածները, որոնք վերջին ամիսներուն ազատագրուած եւ անցած են Իրաքի օրինական բանակի, ինչպէս նաեւ շիի գլխաւոր միլիս համարուող «Հաշըտ ալ Շահպի» տիրապետութեան տակ:

Հասկնալի պատճառներով իմ խօսակիցս կը նախընտրէ իր անունը չտալ ու պատմել այն դէպքերուն մասին, որոնց վերջերս ականատես եղած է ան: Խօսքը կը վերաբերի իրաքեան տարբեր «թէժ կէտեր»ուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակներուն եւ այդ հատուածներուն մէջ գտնուող զինեալներու ընդհանուր վարքին: Խօսակիցս կը պատմէ, որ վերջերս իր աշխատակիցներէն մին  ձերբակալուած է ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքար ծաւալող կողմի մը զինեալներուն ձեռամբ: Դէպքը տեղի ունեցած է նախքան Մուսուլ հասնիլը եւ իմ խօսակիցս արագօրէն միջամտած է փրկելու համար իր աշխատակցին կեանքը: Բաւական երկար տեւած քաշքշուքներէ ետք խօսակիցս յաջողած է ազատել ՄԱԿ-ի միւս պաշտօնեան եւ միասին վերադառնալ Էրպիլ:

Այս կարճ պատմութիւնը ներկայացնելու պահուն խօսակիցս կարեւոր տուեալներ լոյսին կը բերէ կապուած զինեալներու ընդհանուր վարքին: Անոր խօսքերով՝ «Պատերազմին մասնկացող զինեալներուն մեծ մասը թմրանիւթ կը գործածէ: Անոնց հետ խօսած պահուս շատ բացայայտ կերպով զգացի այդ մէկը, ու յստակ էր նաեւ, որ անոնց վարուելակերպը բնական չէր»:

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով պատասխանատու խօսակցիս հետ նիւթը եզրափակելէ առաջ խօսք կ՚ըլլար նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեր երկուքին ապրած միջավայրին մէջ եղած զինեալներու ընդհանուր վարքին մասին: Արեւելեան Պէյրութի մէջ, ուր մենք երկուքս հասակ առած էինք, գետնի վրայ «խօսք ունեցող» հիմնական ուժերը քրիստոնեայ զինեալ միլիսներն էին, որոնք շատ յաճախ կ՚ըլլային թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ: Կը պատահէր նաեւ, որ այդ զինեալները իրենց զօրակայաններէն դուրս գալով շրջագայէին քաղաքացիական թաղամասերու մէջ, ու չէր բացառուեր, որ անոնք եւս ըլլային թմրեցուցիչի տարբեր տեսակներու ազդեցութեան տակ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենէն թէժ փուլերուն եւ երկրի երկու՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ հատուածներուն մօտ «ընդունելի» դարձած էր, որ զինեալները ճակատ երթան թմրանիւթեր ստանալով, կռուին թմրանիւթ ստանալէ ետք, զոհուին կամ ապրին թմրանիւթի ազդեցութեան տակ ու յետպատերազմեան իրենց օրերը ապրին դարձեալ՝ թմրանիւթի տարբեր տեսակներու ազդեցութեան տակ: Ու այդ օրերուն էր նաեւ, որ Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութը դարձած էր պատերազմող զինեալներուն համար «թմրանիւթերու դրախտ» մը:

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՇԻՇԸ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՔԱՓԹԱԿՈՆ

Լիբանանեան պատերազմի օրագրութեան ծանօթ որեւէ անձ լաւ պէտք է յիշէ, որ Պէյրութը բզիկ-բզիկ ընող պատերազմին ընթացքին զինեալներուն կողմէ օգտագործուող հիմնական «դեղ»ը՝ հաշիշն էր: Լիբանանը օժտուած է Պեքաա անունը կրող դաշտային մեծ շրջանով մը, որուն ծայրամասերուն եւ շնորհիւ տեղւոյն գիւղացիներուն, հաշիշ ցանելու «մշակոյթ»ը դարձած էր ընդհանրացած երեւոյթ մը: Այդ թմրանիւթի ցանքը մեծ աճ կ՚արձանագրէր յատկապէս երկրին մէջ տասնհինգ տարի շարունակուած քաղաքացիական պատերազմի օրերուն: Պատերազմի առաջին տարիներուն ամենէն շատ «պահանջարկ» ունեցող հաշիշը, որուն ազդեցութեան տակ զինեալները, որոնց խօսքով, «կը հասնէին» շատ աւելի «փայլուն արդիւնքներու»: Լիբանանեան պատերազմի երկրորդ կէսէն սկսեալ Պեքաայի սարալանջի շրջանին մէջ գիւղացիներ կը սկսին մշակել թմրանիւթերու աւելի «կատարելագործուած» տեսակները: Աֆիոն բոյսին շնորհիւ, անոնք կը պատրաստեն շատ աւելի սուղ եւ ընդհանրացած հաշիշէն աւելի տարբեր զգացողութիւններ տուող թմրանիւթեր: Այդ հանգրուանին է, նաեւ, որ «հիմը կը դրուի» թմրանիւթերու բաւական «ուռճացած» առեւտուրի, որուն արմատները սկիզբ կ՚առնեն Լիբանանէն եւ կը տարածուին մինչեւ Սթոքհոլմ ու Պերլին: Նիրվանայի վիճակներու եւ զգացողութեան բարդ ոլորտներու տանող այս թմրանիւթերու առեւտուրը կը շարունակուի ցայսօր, սակայն սուրիական պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր լրատուական աղբիւրներ կը սկսին շրջանառութեան մէջ դնել «Քափթակոն» անուն թմրադեղ մը, որուն հիմնական եւ մնայուն յաճախորդները կը հանդիսանան ԻՇԻՊ-ի զինեալները:

Ի՞ՆՉ Է ՔԱՓԹԱԿՈՆԸ

Քափթակոն կամ գիտական անունով Ֆինիթիլին: Առաջին անգամ գործածութեան դրուած է 1919 թուականին, Ճաբոնի մէջ: Քսանհինգ տարի գործածութեան մէջ դրուած Քափթակոնը օգտագործուած է բուժելու կամ «հանդարտեցնելու» համար այն երախաները, որոնք գերաշխոյժ վիճակ կ՚ունենային: Նոյն հանգրուանին է նաեւ, որ Քափթակոնը կը տրուի այն հիւանդներուն, որոնք կ՚ապրին հոգեկան ծանր վիճակներ եւ տրամադրութեան անկումային պահեր: Աւելի ուշ 1961 թուականին եւ շնորհիւ գերմանական ընկերութեան մը, Քափթակոնը կ՚ընդունուի որպէս բժիշկներու կողմէ հոգեկան խնդիրներ ունեցողներուն տրամադրուող դեղամիջոց։ Բայց եւ այնպէս, համեմատելով մօտիկ անցեալին, Քափթակոնը այդ հանգրուանին կը տրամադրուի միայն բժշկական օրինական դեղագրով մը:

1960 թուականէն ետք, Քափթակոնը կ՚անցնի տարբեր փուլերէ եւ այսօր-ւան դրութեամբ ան դարձած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն համար «սիրելի» թմրատեսակ մը, որուն հիմնական նպատակն է անկումային տրամադրութիւններէ դուրս հանել պատերազմող զինեալները եւ զանոնք օժտել անվերջանալի թուացող ներուժով:

«ԿԱՐՄԻՐ» ՃԱԿԱՏՆԵՐԷՆ

Սալոմէ Անտերսընի ստորագրութեամբ, New York Magazine-ի մէջ լոյս տեսած՝ «Ասոնք են քափթակոնը պատրաստողները» խորագրեալ յօդուածը յաւելեալ լոյս կը սփռէ Քափթակոնի մոլին դարձած զինեալներու պատումներուն վրայ:

Անտերսըն, որ իր հրապարակումը պատրաստելու համար այցելած է Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածը՝ կը վկայէ, որ շրջանին մէջ Քափթակոնի գլխաւոր «պահեստանոց»ը Պեքաայի հովիտն է: Անտերսըն իր պրպտումներուն շնորհիւ հասած է այն եզրակացութեան, թէ Քափթակոն պատրաստող եւ ապա վաճառքի հանողներուն համար ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի թմրանիւթ-դեղը գնող կողմին ինքնութիւնը:

Այս կապակցութեամբ, ան կը մէջբերէ հատուած մը այն զրոյցէն, զոր ունեցած է Լիբանանի մէջ Քափթակոնի «վաճառականութեամբ» զբաղողի մը հետ. «Շիի, սիւննի, տիւրզի, քաթարցի կամ սէուտցի, ինծի համար կարեւոր չեն: Կարեւորը դրամն է: Ես դրամի համար է, որ այս գործը կ՚ընեմ ու երբեք չի տարբերիր, որ Լիբանանի մէջ իմ ծախած «դեղ»ս ո՛ւր կը հասնի, կամ ո՛վ կ՚ըլլայ անոր «տէր»ը»:

«ՔԱՓԹԱԿՈՆԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐԸ»

Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ ընթացող պատերազմներուն մասնակցող զինեալներուն համար ամենէն աւելի փնտռուած «զէնք»ը հակօդային ամերիկեան «Թաու» տիպի հրթիռները չեն, այլ Քափթակոնի այն պաշարները, որոնք Սուրիայէն ու Լիբանանէն «ճամբայ ելլելով» եւ յաճախ կտրելով ամբողջ Եւրոպայի սահմանները՝ կը վերադառնան դէպի Միջին Արեւելք: Այս առումով պէտք չէ մոռնալ տարբեր առիթներով եւ տարբեր քաղաքներու մէջ պետական մարմիններու կողմէ բռնագրաւուած Քափթակոնի բաւական մեծ պաշարները, որոնք նախքան իրենց հասցէատէրերուն հասնիլը կը դառնան մաքսային մարմիններու հերթական «որս»ը:

Քափթակոնի «աշխարհ»ը բաւական խոր արմատներ նետած եւ ցանցային մեծ «կարողականութիւն» ունեցող աշխարհ մըն է, որուն համար ստեղծուած են տարբեր «մարմիններ»: Եթէ Քափթակոնը «արտածող» կողմերուն համար դրամ ապահովելը հիմնական նպատակ է, սա բացորոշ է, որ զայն գնող եւ օգտագործող կողմերուն համար հիմնական նպատակ դարձած է աւելի «փայլուն» արդիւնքներ ապահովել պատերազմի դաշտերուն վրայ:

Այդ ըսելով պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Քափթակոն օգտագործող զինեալները կը դառնան աւելի առոյգ եւ մարտի դաշտին մէջ անզիջող ու կատաղի զինեալներ, որոնց համար չկան մարդկային նուազագոյն մօտեցումներ կամ պատերազմի անգիր օրէնքները գիտցող եւ յարգող բանակներու քաղաքակիրթ ընկալումներ:

Դրամ-ծայրայեղութիւն-ատելութիւն եռեակին շուրջ «պտտուող» պատերազմի օղակին մէջ այսօր կան կարեւոր նախադրեալներ, որոնց ամենէն ուշագրաւը 1919 թուականին որպէս դեղ եւ «հանդարտեցուցիչ» դեղատոմս հրապարակ ելած Քափթակոնն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017