ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 11 - ՅՈՒՆԻՍ 17…

Թուական մը, որ կը կարծես իրաւունք չունիս ուրիշ որեւէ բանի մասին գրելու կամ մտածելու… Պարոյր Սեւակի եղերական մահուան թուականը…

Կու գայ ժամանակ, երբ բոլոր հանելուկները կը լուծուին… Ժողովրդական լեզուով կ՚ըսենք «Ճշմարտութիւնը ջուրի երես կ՚ելլէ»։ Թերեւս ճշմարտութիւնը յայտնի է, բայց բոլորին հասանելի չէ…

Յամենայնդէպս, թշնամիներ երբ կ՚ուզեն անունդ պղտորել կամ մէջտեղէն վերացնել քեզ, չեն անդրադառնար, որ այդպիսով աւելի նշանաւոր կը դարձնեն քեզ եւ աւելի կը յիշուիս…

Յունիս 17-ը Պարոյր Սեւակի անմահութեան օրն է… Բոլոր մեծերուն մահուան կամ անմահութեան թուականները կը յիշուին, բայց Սեւակինը յատուկ կը յիշուի, որովհետեւ իր թշնամիները զայն ամենամեայ հանդիսութեան վերածեցին։

Յունիս 17, 1980…

Ամբողջ տարին անհամբեր կը սպասէի այդ օրուան, թէեւ քննութեան մէջ կ՚ըլլայինք, բայց ընկերներս խոստացած էին իրենց հետ զիս ալ տանիլ Չանախչի՝ Սեւակի ծննդավայրը, ուր թաղուած էր իր ձեռքով տնկած ծառին տակ։

Ընկերներէս Յովսէփն էր, որ ամենաշատը կը պատմէր այս դժբախտ պատահարներուն մասին… Իրմէ լսած էի Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլոց իր գիտցած տեղեկութիւններուն մասին։

Յովսէփը Լիբանանէն եկած էր, Մելգոնեան աւարտած։ Երրորդ տարին էր արդէն եւ առաջին օրը համալսարան իրեն հետ գացած էի։

Առաջին օրէն շատ լաւ տպաւորուած էի Յովսէփէն։ Իւրաքանչիւր հանդիպումի պատմութիւն մը ունէր փոխանցելու եւ ես անհամբեր կը սպասէի։ Շատ հպարտ էի, որ կը վստահէր ու կը պատմէր։ Բաներ մը կը պրպտէի ու կը վազէի Յովսէփին հարցնելու։ Պտոյտներուն հայրենասիրական, ժողովրդական երգերու նոյն ցանկը ունէինք եւ ամբողջ օրը առանց նոյն երգը կրկնելու կ՚երգէինք։ Մեր բարեկամութիւնը կառուցուած էր ամուր ու խորունկ հիմքերու վրայ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Ազգային յուզող հարցեր տակնուվրայ կ՚ընեն մեզ, կը խոստանանք աւելի անհոգ ըլլալ, բայց յաջորդին աւելի մտահոգ կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը… Շնորհակալութիւն դիմատետրի հեռախօսակապին։

Այդպէս ալ այդ օրը ես չկրցայ մասնակցիլ մեծ գրողին անմահութեան տարեդարձին, որովհետեւ ինչպէս յիշած էի ասկէ առաջ, անցաթուղթի պատճառով յունիս 20-էն առաջ պէտք էր Յորդանան մտնէի՝ աւելի բարդութիւններ չունենալու համար։

Յատուկ հրամանով քննութիւններս կանուխ յանձնեցի եւ ամսու 17-ի թռիչքով պիտի ճամբորդէի, ուրեմն թէ ինչե՜ր պիտի պատմէի այդ օրուան մասին Երուսաղէմ վերադարձիս, թէ ինչպիսի՜ հանդիսութիւններ կ՚ըլլան Սեւակի գերեզմանին շուրջ, թէ ովքե՜ր ելոյթ կ՚ունենան՝ բոլորը փորս մնաց…

Բայց այդ օրը դարձաւ անմոռանալի եւ իր պատճառած սարսափով եւ կեանքս չկարենալ խլելու ուրախութեամբ։

Պարզապէս չէք գիտեր ու չէք կրնար երեւակայել այդ տարիներուն Երեւանի օդակայանը չորեքշաբթի օրերուն։ Աստուած իմ…

Գաղթականնե՞ր էին իրարու վրայ… Պատերազմէ՞ն կը փախչէին…

Ո՜չ… Պարզապէս եթէ օդանաւին մէջ հարիւր աթոռ կար, երկու հարիւր տոմս ծախուած կ՚ըլլար։ Փաստօրէն միշտ ալ աթոռակռիւ եղած է…

Անոր համար ուսանողներ յաջորդ առաւօտեան ժամը 11-ի թռիչքին համար նախորդ գիշերէն կու գային եւ գիշերը պայուսակները անկողինի տեղ գործածելով կը լուսցնէին։

Առօք-փառօք հասայ օդանաւ, կեցցե՛ն ընկերներս։

Ընդհանրապէս թռիչքը ծանր կը տանէի… Այսինքն եթէ չորս ժամ էր թռիչքին տեւողութիւնը՝ երկու ժամ դուրս կու տայի։ Անոր համար «Տրամամին» անունով քնաբեր դեղ մը կ՚առնէի։

Եւ քնացայ…

Չհասկցայ երա՞զ էր թէ արթուն էի, իրարանցում մը, պոռչտուք մը, աթոռներու վրայի դարակները բացուեցան, պայուսակներ ինկան։ Ուղեւորները իրենց տեղերէն ելած առջեւ-ետեւ կ՚երթան-կու գան… Օդանաւի հիւրընկալողները կը փորձեն հանդարտեցնել, բարձրախօսէն կ՚աղաչեն, որ իւրաքանչիւր ուղեւոր իր տեղը նստի… Մտիկ ընողը ո՞վ է։

Քովս նստող ընկերս կ՚արթնցընէ զիս.

-Արթնցիր, օդանաւը գէշ վիճակի մէջ է։

Ես դեղին ազդեցութեան տակ եմ, կէս քուն-կէս արթուն…

-Այսինքն…

-Չեմ գիտեր, բան չեն ըսեր։

-Ինչո՞ւ ոտքերս վեր՝ գլուխս վար է… Ի՞նչ կ՚ըլլանքկօր, կարծեմ օդանաւը պիտի իյնայ… Կրնա՞յ ըլլալ պիտի մեռնինք…

-Լռէ քա, կեցիր նայինք ի՞նչ պիտի ըլլայ…

Անմիջապէս պայուսակէս ընտանիքիս նկարը հանեցի.

-Եթէ ես մեռնիմ, իրենց կ՚ըսես, որ զիրենք շատ կը սիրեմ եւ անուննին տալով մեռայ։

-Ինչ խենթ բաներ կը խօսիս։

-Եթէ դուն մեռնիս ես ողջ մնամ, մի՛ մտածեր, նոյնը ես կ՚ըսեմ իրենց քու անունովդ։ Օդանաւը կը դառնակօր, բան մը կ՚ըլլամկօր… Վերջացաւ պիտի մեռնինք, լսէ՛, չեմ ուզեր տխուր մեռնիլ, ճոք մը գիտե՞ս… Հաճիս ճոք մը պատմէ… Չեմ կրնար ասանկ մեռնիլ։

-Ճո՞ք… Իրական տարօրինակ բան մըն ես… Կարծեմ խենթ ես։

-Լսէ՛… Ձուկը ձուկին ըսեր է «Ծարաւ եմ» հահահահահահա…

-Բնաւ խնդալիք չէր…

-Որովհետեւ խնդալ չես գիտեր…

Աղմուկ-աղաղակը անտանելի էր, կին մը շունչ չէր կրնար առնել, ուրիշ մը անդադար կը պոռար։

-Ժողովուրդ, ո՞վ կրնայ պատասխանել, «Ձուկը ձուկին տարեդարձին ի՞նչ նուէր կը տանի»։

Լռութիւն…

-Անձեռոց…

Խնդուք մը փրթաւ…

Կին մը հազիւ անցնելով այդ նեղ միջանցքէն մօտեցաւ ինծի ուսիս զարկաւ.

-Էտեպսիզ, ես կը մեռնիմկօր, դուն կը խնդասկօր։

-Դուն մեռնիս՝ ես ալ պիտի մեռնիմ։ Աւելի լաւ չէ՞ խնդալով մեռնինք։

-Շաբաթ օրը տղուս նշանտուքն է, եթէ մեռնիմ ի՞նչ պիտի ընեն…

-Նշանտուքը պիտի յետաձգեն…

-Արսըզ, քեզի բան մըն ալ չ՚ըլլար…

«Քեզի բան մըն ալ չ՚ըլլար», կ՚ըսէ… Ծաղիկ հասակիս պիտի մեռնիմ, «Քեզի բան մըն ալ չ՚ըլլար», կ՚ըսէ…

-Տիկին, աւելի դիւրին է զաւակդ քու վրադ լայ, քան ծնողքս իմ վրաս… Բան մըն ալ չ՚ըլլար եղեր…

Որքան տեւեց այս բոլորը, չեմ յիշեր, բայց տագնապալից վիճակէն ջիղերս թուլցած էին եւ միայն կը խնդայի… Պիտի մեռնիմ, թող խնդալով մեռնիմ։ Եւ սկսայ մտածել, թէ մոխիրներուն մէջէն ինչպէս պիտի ճանչնան զիս։ Ահ, վիզիս խաչէն։ Խաչը համբուրեցի եւ խնդրեցի ինչ ալ պատահի վիզէս չպոկուի։ Մահէս ետք միակ մխիթարութիւնը ծնողքիս։

Յայտարարեցին, որ օդանաւը Պէյրութ պիտի չերթայ, այլ Օտեսսա պիտի իջնէ։

Ծովուն վրայ կլոր-կլոր դարձանք ու դարձանք…. Պենզինը պէտք է թափէ եղեր, որպէսզի օդանաւը կրակ չառնէ… Ինչե՜ր սորվեցայ… Մինչ այդ աթոռներուն տակէն փրկարար զգեստներ սկսան հանուիլ։

-Կրնա՞յ ըլլալ ծով պիտի իյնանք… Բայց ծովեզերքը կ՚երեւի, այդ լաւ է, ուրեմն խորունկ չէ։ Ուրեմն շանաձուկ ալ դժուար թէ ըլլայ այստեղ։

Երեւակայութիւնս անսահման էր։ Ընդամէնը երկու տարի առաջ տեսած էի «Shark» շարժապատկերը եւ սկսայ շանաձուկին հետ կռուիլ… Մինչեւ իսկ մտածեցի, եթէ շանաձուկը հեթանոս ըլլայ՝ կրնայ խաչս տեսնէ ու փախչի եւ փրկուելուս համար դարձեալ սկսայ խնդալ… Յետոյ երեւակայեցի, թէ քանի հոգի պիտի ազատեմ… Լիբանանցի կինը անպայման տղուն նշանտուքին պիտի հասցնեմ… Թերեւս մէկ տարեկան կամ քիչ մը աւելի գիրկի «պէպէք» մը կար, եթէ ծնողքը չազատին՝ ես կ՚որդեգրեմ…

Այսպէս յանձնուեցայ երեւակայութեանս եւ զօրաւոր ցնցումէ մը դարձայ իրականութեան։ Օդանաւը անբնական ձեւով, այլեւ ուղղիղ վար իջաւ, կարծեմ աթոռս տեղէն ելաւ, որովհետեւ գլուխս բանի մը զարնուեցաւ, թերեւս ալ պայուսակ մըն էր, որ վերէն ինկաւ։

Փառք Աստուծոյ… Հազար փառք Աստուծոյ… Միլիոն փառք Աստուծոյ…

Փրկուած ենք։

Օտեսսայի օդակայանը սրահ մը իգական սեռին համար պատրաստեցին, սրահ մըն ալ՝ արական սեռին համար։ Քով-քովի «լիժանքա»ները շարեցին եւ քնանալէ առաջ թափանցիկ հացի վրայ թափանցիկ շերտ մը դեղին պանիր հրամցուցին։

Չեմ յիշեր ինչպէս ըրի ընթրիքը եւ ինկայ «Լիժանքա»յի մը վրայ։ Քնանալ կ՚ուզէի, որպէսզի արթննայի եւ կարծէի, թէ այս բոլորը երազ է։

Բայց դատապարտուած էի արթուն մնալու…

Թերեւս միայն կէս ժամ գոցած էի աչքերս, աղմուկ մը, ծանրութիւն մը վրաս, երեք-չորս հոգիով Նուարդ անունով աղջիկ մը կը քաշեն վրայէս, որուն ձեռքը ընթրիքի սեղանէն փախցուցած դանակ մը կայ։

-Պիտի սպաննեմ ասիկա, օդանաւին մէջ վրաս կը խնդարկօր…

Օդանաւին մէջ չեմ տեսած նոյնիսկ այս աղջիկը։ Կ՚երեւի ցնցումէն խելքին բերեր է։ Թմրեցուցիչ տուին, յաջորդ օրն ալ թմրեցուցիչներով օդանաւ հանեցին, թէ ոչ ասոր կ՚ըսեն «Քէօր դանակով պիտի մորթուէի»։

Կը յիշեմ այդ կինը, որ շունչի նեղութիւն ունեցած էր, կաթուած անցուց։

Յամենայնդէպս քիչ փորձանքով ազատեցանք։

Ծնողքս Երուսաղէմէն Յորդանան գացած էին զիս դիմաւորելու, օդակայանը կը սպասեն՝ Անուշը դուրս չի գար։ Ներկայ դիւրին ժամանակները չէին, որ ձեռքի հեռախօսիդ վրայ օդանաւին ո՛ւր հասնիլը ստուգէիր։ Առաւել, կրնա՞յ ըլլալ Սովետը յայտարարէր, որ օդանաւին չորս շարժակներէն երկուքին աւրուելուն պատճառով օդանաւը փոխանակ Լիբանանի, Օտեսսա վայրէջք կատարած է։

Լիբանանէն լուր կու գայ, որ օդանաւը ճամբայ ելած է, բայց տեղ չէ հասած, դեռ կը սպասեն։

Մայրս կը մարի կ՚իյնայ… Այդ ալ ուրիշ պատմութիւն…

Այսպէս ուսանողական առաջին արկածախնդրութիւններով լեցուն տարիս փակեցի կուրաղիէս մինչեւ դրացիիս սենեակին գողութիւնը, օդանաւի արկածէս մինչեւ մորթուիլէ ազատիլս…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

- վերջ -

Երուսաղէմ, 2024

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2024