ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Ը.

ԱԼՔՈՀՈԼԻԶՄ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Թունաւորուած կազմուածքը անկարող է առողջ սերունդ արտադրելու եւ ալքոհոլամոլին երեխաները իրենց վրայ ծնողներուն աւերիչ կնքիը կը կրեն:

Որդիները իրենց ծնողներուն ու պապերուն մեղքին համար սարսափելի կերպով կը տուժեն:

Նշանաւոր բժիշկ մը հետեւեալը կ՚ըսէ.

«Գինովին սերունդը ո՛չ միայն ընդունակութիւններով թոյլ է, այլեւ՝ բարոյական ու մտաւոր այնպիսի ողորմելի դրութեան մը մէջ կ՚ըլլայ, որ անկարող կը դառնայ ինքն ալ սերունդ ունենալու, եւ այդպիսով գինովին ցեղը կը սպառի»:

Ուրիշ գիտնական մը այսպէս կը խօսի.

«Ալքոհոլիզմը արդի հասարակութեան գլուխին վրայ պատուհաս մըն է: Բարոյական տեսակէտէ՝ ան մարդը կ՚ապականէ, կը նսեմացնէ եւ ապուշ կը դարձնէ. ֆիզիքական տեսակէտէ՝ մարդուն կազմուածքը կը հարուածէ եւ կը վատացնէ գլխաւոր գործարաններուն գործունէութիւնը. սերունդի տեսակէտէ՝ ան կը վատթարացնէ եւ ամուլ կը դարձնէ»:

«Ալքոհոլիքը, -կ՚ըսէ բժիշկ Կազալիս,- իր սեփական անձին, իր ընտանիքին, իր ծանօթներուն ու զինք շրջապատողներուն վտանգաւոր ըլլալէ բացի, կը կործանէ նաեւ իր սերունդը: Եւ, իրապէս, ան ժառանգական արբեցողներ կ՚արտադրէ, որոնց ներքին, անդիմադրելի ուժ մը դէպի այդ թոյնը կը մղէ. ան ծնունդ կու տայ քիչ թէ շատ ջղային արարածներու, ջղագարներու (neuropath), կամ նոյնիսկ ուղեղի եւ ընդհանրապէս ջղային դրութեան գործարանական վնասներու եւ հիւանդութիւններու տէր սերունդի:

Ալքոհոլիքի ժառանգները նոյնպէս թունաւորուած դուրս կու գան, ինչպէս բարակացաւոտինն ու սիֆիլիսոտինը:

Ամենէն առաջ պէտք է սաղմի հիւանդական կազմութիւնը յիշենք.- ալքոհոլիզմը, ինչպէս եւ սիֆիլիսն ու բարակացաւը, սաղմասպան թունաւորումն է: Անգլիոյ մէջ երկու-երեք սերունդէ ետք բազմաթիւ ընտանիքներ ալքոհոլիզմէն սպառած են: Բայց միայն Անգլիոյ մէջ չէ, որ այն աւերումներ կը գործէ. այլ՝ բազմաթիւ երկիրներ պղծած է, ինչպէս օրինակ՝ Բրովանս (Ֆրանսա), ուր նախապէս անծանօթ էր, եւ ուր բնիկները շատ քիչ կը խմէին այն գինիէն, որ այդ նահանգը առատօրէն կու տար:

Այնուհետեւ, գինովցողի սերունդին մէջ մենք այլ արատաւորութիւններ կը գտնենք (որ սիֆիլիսի մասին խօսած ժամանակ յիշած ենք), ինչպէս՝ աճումի դանդաղութիւն, շեղումներ եւ վրիպումներ կազմուածքի կանոնաւոր զարգացումէն. օրինակ, մանկանմանութիւն, ֆիզիքական զանազան անկանոնութիւններ (գանկի անհամաչափութիւն, փոքրագլխութիւն կամ գլուխի ջրգողութիւն). ատկէ բացի, ատոնց մէջ մտաւոր ու բարոյական անկատարելիութիւն կը նկատուի (թոյլ բանականութիւն, խելապակասութիւն, ապուշութիւն), եւ առանձին տրամադրութիւն մը դէպի ջղային եւ հոգեկան հիւանդութիւններ, եւ այլն:

Հիստերիա եւ զգացողական ու հոգեկան շեղումներ շատ յաճախ կը պատահին ալքոհոլիկներու սերունդին մէջ. ատոնց հետ միասին նաեւ ընդունակութիւններու անհաւասարաչափութիւն, ուշադրութեան պակասութիւն, թուլակամութիւն կամ անդիմադրելի կրքային յառաջմղումներ (impulse), ծայրայեղ բարոյականութիւն կամ անբարոյականութիւն, վաղաժամ արթնցած հեշտասիրութիւն: Յանցագործներու վիճակագրութիւնը կապ մը կ՚ենթադրէ երիտասարդներու, պատանիներու, նոյնիսկ երեխաներու յանցանքներու թիւի աւելնալուն եւ ալքոհոլիզմի տարածումին մէջ:

Սակայն ըսածներովս չի՛ սպառիր ալքոհոլիքներու ժառանգներուն այլասերումը։ Բարակացաւը (tuberculosis) կը սպառնայ ու յաճախ կը հարուածէ զանոնք մատաղ հասակին մէջ եւ թոքախտը վերջ կու տայ այդ հիւանդներուն, այդ վատասերուածներուն ողորմելի կեանքին: Ի՛նչքան ալ ցաւալի ըլլայ այս վախճանը, բայց եւ այնպէս ցանկալի է, որ այդ հիւանդութիւնը ստացած անհատները անհետանան, որպէսզի ցեղի մէջ այլասերածներու, արատաւորներու թիւը չբազմացնեն, մտաւորապէս ու ֆիզիքապէս նսեմացածներուն սերունդները, որոնք ո՛չ միայն կը լեցնեն գժատները, յիմարանոցները կամ բանտերը, այլեւ՝ դերակատարութիւն կ՚ունենան քաղաքական աշխարհի մէջ, գրականական եւ գեղարուեստական շրջաններու մէջ, եւ որոնք բոլորն ալ ծանր բեռ կը դառնան հասարակութեան վիզին իրենց ապրելու անընդունակութիւնով, իրենց դատարկաշրջիկութեամբ, իրենց կրաւորական դիրքով, իրենց վնասաբերութեամբ եւ ողորմելիութեամբ իբրեւ վրիպածներ ու անզօրներ, որոնք ամէնուրեք եւ միշտ անյաջողութեան կը հանդիպին, հասարակութեան համար մի՛շտ սպառնացող եւ միշտ վնասակար մնալով»:

Ցանկալի՞ է արդեօք, որ այսպէս արատաւորուած, այլասերուած սերունդը բարգաւաճի: Ալքոհոլիք ընտանիքի մէջ հնարաւո՞ր է արդեօք երջանկութիւն: Հնարաւո՞ր է արդեօք ընտանեկան խաղաղ կեանք մը այն ամուսնութեան մէջ, ուր ամուսինը կա՛մ գինով է եւ կամ իր վրայ ժառանգական ալքոհոլիզմի կնիքը կը կրէ. ամուսնութիւն, որ կա՛մ անպտուղ պիտի մնայ, կամ կիսախելար, ապուշներ, ընկնաւորներ պիտի արտադրէ, ինչպէս նաեւ գինետուներու, բանտերու եւ աքսորի ապագայ թեկնածուներ:

«Աղջիկները, -կ՚ըսէ Րիպպինկ-, յաճախ կը վստահին իրենց ձեռքը տալ այնպիսի մարդոց, որոնք իսկապէս վատ մարդիկ չեն, բայց գինովներ են. այդ կ՚ընեն այն յոյսով, թէ ի վիճակի կ՚ըլլան ուղղել իրենց ապագայ ամուսինները, անոնց ետ պահել այդ ախտէն:

Դժբախտաբար այդ բանը միշտ չի՛ յաջողիր»:

Իրաւ է, որ որոշ ժամանակ մը նորապսակը կը ձգէ խմելը, բայց կիրքը դարձեալ կ՚արթննայ անոր մէջ եւ գինովը գինետուն կը վերադառնայ:

***

Ահաւասիկ այն վտանգները, որոնք կապուած են գինովներու ամուսնութեան հետ: Ինչքա՜ն ուրեմն զգոյշ պէտք է ըլլան ծնողները, երբ կը պատրաստուին իրենց երեխաները պսակել գինովի մը կամ գինովի մը զաւակին հետ:

Պէտք է միշտ յիշել, որ գինովութեան կիրքը հիւանդութիւն մըն է, որմէ բժշկուիլը շատ դժուար է: Ֆրանսական առածը կ՚ըսէ. qui a bu, boira (ո՛վ խմելու վարժուած է, ան միշտ կը խմէ):

Պէտք չէ մոռնալ այն, որ գինովին զաւակը կրնայ հօր ախտը ժառանգել, ինչպէս թոքախտաւորին զաւակը՝ թոքախտ կը ժառանգէ: Այս ժառանգական գինովներուն, այս գինեմոլներուն (dipsomaniac) մէջ գինովութեան կիրքը նոյնպէս սոսկալի, գրեթէ անբուժելի հիւանդութիւն մը դարձած է:

Ըսածներէս կ՚երեւի.

1) Գինովը, իսկական ալքոհոլիքը, պէտք չէ ամուսնանայ:

2) Պէտք չէ ամուսնանայ նաեւ ալքոհոլիքին զաւակը, եթէ ինքն ալ ժառանգական գինով է, նոյնիսկ եթէ որոշ ժամանակ մը դադրած է խմելէն, քանի որ կիրքը կրնայ դարձեալ բռնկիլ:

3) Պէտք չէ մոռնալ, որ ալքոհոլիքին զաւակը կրնայ գինով ալ չըլլալ, բայց այնուամենայնիւ կրնայ կրել ժառանգական արատներ ու տրամադրուած ըլլալ դէպի բարակացաւ, թոքախտ:

4) Բոլորվին առողջ մարդը, որ թէեւ որոշ ժամանակ գինով եղած է, բայց երկար ժամանակ ձգած է խմելը եւ լուրջ կեանք ապրած է, կրնայ լաւ ամուսին ըլլալ ու լաւ սերունդ արտադրել:

5) Ալքոհոլիքին զաւակները, որոնց վրայ ժառանգական ալքոհոլիզմի ո՛չ մէկ նշան կ՚երեւի եւ որոնք տրամադրութիւն չունին դէպի գինովութիւն, նոյնպէս ամուսնութեան համար պիտանի են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 20

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023