ԿԵՆԱՑԴ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մայիս 28 է...
Սակայն տակաւին հոս-հոն, մահամերձի նման կ՚ապրինք տառապանքով եւ պառակտումով: Տխուր է մեր հոգին մեր երկրի նման: Կործանուած են մեր զգաստութեան աշտարակները, որմէ կ՚անձագանգուէր ազատութեան եւ անկախութեան կարգախօսները: Ապականուած մթնոլորտով կ՚ապրինք ամէն օր, գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար ու դարձած՝ փառամոլներ եւ մէկական նիւթապաշտներ: Մեր կեանքի գետերուն ջուրերը նեխած են եւ մամուռ կապած: Մեր սրբազան իտէալները, որոնք մեզ կ՚առաջնորդէին, մեռած են մեր անձնասիրութեան, եսասիրութեան, ձրի ծափահարութիւններուն եւ փառամոլութեան հարուածներուն տակ: Կարծես մկրտուած ենք զրպարտութեան ջուրերուն մէջ: Կարծես մեր գիտակցութենէն հեռացած ենք: Նիհար յաղթանակներու վազքին մէկական սիրահարներ դարձած ենք: Ժլատ յաջողութիւններով, հիասթափող իրականութիւններով հպարտացողներ:
Յուզիչ է մեր ձայնը եւ նոյնքան ալ տխուր, յուսահատական եւ խռպոտ: Եւ կարծես այս ձեւով ալ պիտի մնանք, այնքան ատեն որ մեր ներկայ սողացող կեանքին մէջ կառչած մնանք մեր անձնասիրութեան, անձնական հակումներուն:
Մեր առօրեայէն ատելութիւնը տակաւին արմատախիլ չէ եղած: Արդ, ինչպէ՞ս պիտի ակնկալենք նոր սերունդէն հայրենի տան սահմաններու պահպանումը, ստեղծագործելու կորովին եւ արդարութեան փնտռտուքին կողքին: Սխալ պատուանդաններու վրայ զետեղած ենք մեր պաշտամունքի աստուածները: Օտարները նոր շղթաներ դարբնած են մեր վզին մեր սխալ ուղղութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Թունաւորուած հոգիներով շրջապատուած ենք: Տակաւին չենք կրցած նոյնիսկ կարդալ ազդանշանները այն մեծ աղէտին, որ ծնած է պապենական հողերու կորուստին պատճառով, որովհետեւ նստած ենք անտարբերութեան գիրկը պատմութեան հորիզոնին վրայ:
Պատմութիւնը մեզի դասեր սորվեցուցած էր, բայց աւա՜ղ... տակաւին տող մը իսկ չենք հասկցած... աւելի ճիշդ՝ չենք ուզած կարդալ եւ հասկնալ...
Կարծես մեր տագնապը թոյնի եւ ատելութեան խմորով է շաղուած: Մոռցած ենք ստեղծագործ արդարութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրիլը: Կանգ առած ենք կոյր ատելութեան եզրին, եւ աննպատակ քայլերով առաջնորդուած:
Անհատական եսին եւ ախորժակին ճարակ դարձած ենք: Մենք ատելութեան խոլական վազք մը ունինք, որ գրկած է մեր ամբողջ միտքը: Ամօթ է...
Կորսնցուցած ենք ճշմարտութիւններ տեսնելու մեր աչքերը: Մեր հոգիները դարձած են անապատ: Տեսանելի է ամէն բան:
Ասոնք են մեր սխալներուն միջուկները, որոնցմով տարիներէ ի վեր կը սնանինք:
Դարձեալ Մայիս 28 է... կ՚ըսեմ: Վերյիշենք: Սորվինք:
Սկզբունքներու ճշմարտութիւնը եւ յաղթանակը միաբանութիւնն է, ըսած են մեր բոլոր հերոսները: Ուստի, իրաւունք չունինք վաղուան սերունդներուն կեանքը պղտորել մեր կեղծ եւ նոյնքան ալ պիղծ պարկեշտութեամբ:
Չենք ուզեր, որ մեր դէմքն ու ազգային զգեստը աղտոտի աշխարհի փողոցներու ցեխին մէջ: Աւելին... անպայման թագաւոր կամ ղեկավար մը պէտք չէ ըլլալ, այս բոլորը ընելու համար: Ճշմարիտ հաւատքը անհատական համոզումէն կը ծնի:
Ուրիշներու հաւատալը հիմնական պատճառ մը չի կրնար ըլլալ մեր հաւատալուն: Վէճ, վիճել յաճախ յառաջդիմելու կը ծառայէ: Երբ այս ճշմարտութիւնը որդեգրուի, դիւրին կ՚ըլլայ ըմբռնել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ քննադատել եւ քննադատութիւն:
Ինքնագիտակցութիւնը կենսական աւիշ է հասնելու նպատակին:
Այս բոլորին մէջ յաղթող կամ պարտուող չկայ. կայ միայն զոհաբերութիւն եւ յարգանք իրարու կարծիքի նկատմամբ: Ուժերու մէկտեղում է պէտք, որպէսզի արժանի ըլլանք ժառանգորդները այն մեծերուն, որոնք եկան եւ կերտեցին Մայիսեան այս անկախութիւնը:
Այս ձեւով, վերջ ի վերջոյ յաւիտենական նախատինք պիտի քսուի մեր ճակտին:
Բոլորս հայրենիքը փրկելու եւ ազգը վերստեղծելու կոչուած ենք եւ ոչ թէ զիրար հալածելու, ստորնացնելու եւ կամ վարկաբեկելու: Մենք, որ մեր հողերուն եւ երկրին ազատութեան մարտիրոսներ ծնած ենք, աւա՜ղ այս օրերուն ատելութեամբ եւ ոխով լեցուցած ենք մեր աչքերը: Մենք նաեւ ապրելու եւ ապրեցնելու կոչուած ազգ էինք, եւ եթէ մենք զմեզ լաւ ճանչնանք ու մնանք նոյն ձեւով, պիտի կորսուինք: Մեզմէ կ՚օրինակուէին շատ ազգեր: Իսկ հիմա՝ հակառակը: Նոյն այդ մեր «մենք»ը դարձած է ուրիշները ընդօրինակող:
Դարձեալ Մայիս 28 է... պատեհ առիթ է զգաստանալու... կը կրկնեմ:
Կը հաւատամ, որ վերջապէս բախտաւոր օր մը գիտակցութեան գալով պիտի կարենանք յաղթանակել մեր բոլոր դժուարութիւններուն, նուիրումի եւ անձնազոհութեան պատմական բոցով եւ ազգովին դարձեալ պիտի ջերմանանք:
Ուստի, նախապայման է պահել մեր ամբողջութիւնը, որպէսզի ուժի մեր մեծ ու փոքր բոլոր մասնիկները չկորսուին:
Այս մէկը նուիրական պարտք մըն է բոլորիս ճիտին:
105 տարի առաջ նոր պատմութիւն կերտեցինք: Մեզի կ՚իյնայ նոյն այդ պատմութենէն մեզի հասնող պատգամները անգամ մը եւս լսել, որպէսզի մեր միջնաբերդը ամրանայ, որպէսզի վաղուան սերունդներուն բերնին մէջ կրկին անգամ ազատութեան երգը թրթռայ, բարձրաձայն եւ աշխարհի հասանելի:
Վաղուան սերունդը պէտք ունի փրկարար ներշնչումի, նոր ծրագիր-աշխատանքներու իրագործման, դրական մտածողութեան, վեհանձնութեան, արիութեան, քաջութեան, նուիրումի եւ հպարտանքի անկեղծութեան, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան օրինակներու:
Հաւատացէ՛ք, տակաւին շատ հերոսներ, նոյնպէս ալ դաւաճաններ, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ պիտի գան ու երթան, պիտի արձանագրուին ու պիտի լուսաւորեն կամ մթագնեն մեր պատմութեան էջերը:
Մենք մինչեւ հիմա պէտք էր, որ գիտնայինք ոչ միայն սիրել մեր թշնամիները, այլեւ ատել կեղծ բարեկամները:
Օրէնքի համազօր եւ համահաւասար կարգապահութիւնն ու գիտակցութիւնն է, որոնք պիտի ապահովեն մեր ազգի գոյութիւնը, հայրենիքի ներկան եւ ապահովեն անոր փայլուն ապագան: Ժամանակն է, որ խորտակենք մեր իսկ ձեռքերով ստեղծած մեր կեղծ կուռքերը: Չարիքը խափանենք: Ստեղծենք համերաշխութեան ոգին, մոռնալով անմիաբանութեան բոլոր լծակները:
Մենք ազատութիւն եւ արդարութիւն կը տենչանք մեր հայրենիքին մէջ, ոչ թէ բռնակալ եւ քարացած մտայնութեամբ առաջնորդ: Կարծես սկսած ենք աշխարհի գռեհիկ տիղմերու մէջ ման գալ: Պատիւի եւ արժանապատուութեան սին ծափողջիւններով յղփանալ եւ կեղծ պաշտամունքով գոհանալ:
Այս բոլոր պատրանքներէն սթափիլ է պէտք, որովհետեւ ազգովին համոզուած ենք, որ մեր վերելքը գրաւականն է մեր յաղթանակին:
Չփորձենք երեք տասնամեակներէ աւելի մեր ազատ եւ անկախ հայրենի շէնքին քարերը քանդել: Լաւ գիտցէ՛ք... Վաղը, դուք ձեր ստեղծած այդ աւերակներուն վրայ պիտի ապրիք եւ այդ քարերը հաւանաբար ալ ձեր տապանաքարերը կրնան ըլլալ: Հոգ չէ, սխալներ եղած են: Գործուած են: Բայց շնորհիւ լայնախոհութեան եւ ինքնաճանաչման, վաղը նոր սերունդի շինարար քարակոփներու ձեռքերը, օրինակուելով Մայիսեան յաղթանակէն, նորէն պիտի ձեւաւորեն շէնքը, նոր կառոյցով, նոր ճարտարապետութեամբ:
Թէեւ շէնքին եւ քարերուն ձեւերը կամ տեղերը կրնան փոխուիլ կամ իրենց ծաւալէն կրնան որոշ մասեր կորսնցնել, բայց չեն դադրիր նոր եւ արդիական շինուածքի մը ծառայելու յարմարութիւններ ըլլալէ:
Այս բոլորը, որպէսզի չդառնանք ամբոխային եւ աններդաշնակ: Այլապէս կը քանդուինք եւ կը կազմալուծուինք ու վերջապէս սիրոյ եւ համերաշխութեան թաղումը մեր ձեռքերով կը կատարենք, լքումի եւ հիասթափութեան խորշումներովը մեր ճակտին:
Մեր ազգային կորովը պէտք է նոյն աւազանին մէջ հոսի ստեղծելու համար մեր միասնակութիւնը: Որովհետեւ, եթէ մեր բարոյական արժէքները անշարժութեան մատնուին... կը քանդուինք:
Ի՞նչ փոյթ եթէ վիճինք, կամ վիճաբանինք: Էականը, մեր ազգային սկզբունքներէն չշեղիլն է: Ներդաշնակենք մեր դրական գաղափարներու թելերը իրականութեան լանջին, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան ոգիով, յօժարակամութեամբ, յարգանքով, սիրով եւ գիտակցութեամբ: Հաւատացէ՛ք... ժողովուրդ մը երիտասարդ է, երբ իր հոգին նաւարկել գիտէ:
Տկար հոգիները միայն կը մնան կառչած անձնասիրութեան աթոռներուն:
Հարկ է անպայման հետեւիլ Մայիս 28-ի խորհուրդին եւ ոգիին, որպէսզի ապահովենք Մայիսեան նոր արշալոյս:
Մինչ՝
Մայիսեան յաղթանակդ շնորհաւոր, հա՛յ ժողովուրդ:
Կենացդ՝ Հայաստան, հայ ժողովուրդի միակ հայրենիք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024