ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Ապա հետեւելու վարձքը կը ցուցնէ.

Խօսք. «Ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ» (Յհ 12.26):

Մեկնութիւն. բարւոք կ՚ըսէ. «Ուր Ես եմ», եւ չ՚ըսեր՝ ուր պիտի ըլլամ, որովհետեւ Քրիստոս ըստ Աստուածութեան երանութիւն է էութեամբ, այլեւ ըստ մարդկութեան երանելի է՝ հոգիով ու մարմինով Բանն Աստուծոյ միաւորուած: Դարձեալ՝ ուր եւ հոն ըսելը ոչ միայն երանութիւնը, այլեւ երկինքին տեղիքը կը նշանակէ, որ ճշմարիտ եւ կատարեալ ծառաները Քրիստոսէ պիտի ընդունուին:

Խօսք. «Եւ Հայրս պիտի պատուէ Ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26):

Մեկնութիւն. խօսքը երեք բան կը ցուցնէ.

Նախ՝ թէ Քրիստոսին ինչպէ՞ս կը ծառայեն:

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Քրիստոսի ծառայելը հաւատքով է եւ սիրով սպասաւորել Անոր իբրեւ Աստուծոյ, ու Անոր պատուիրաններուն հնազանդիլ սիրտով ու գործով:

Երկրորդ. թէ ինչո՞ւ համար Հօրմէն կ՚ըսէ:

Կ՚ըսենք, երեք պատճառով. նախ՝ քանի որ Հօր ու Քրիստոսի միասնաբար կը սպասաւորէ: Երկրորդ՝ Հօր հետ միակամութիւնը կը ցուցնէ: Երրորդ՝ որովհետեւ ինչքան մեծ է պատուողը. Այնքան մեծ կ՚ըսուի պատիւը, իսկ այս պատիւը Աստուծմէ կ՚ըլլայ:

Երրորդ. թէ ինչպէ՞ս կը պատուուի:

Կ՚ըսենք, թէ պատուելի կ՚ընէ այստեղ եւ այնտեղ, քանի որ այս կեանքին մէջ մարդ մարդու պատիւ կ՚ընէ՝ ի պատիւ առաքինութեան, իսկ այնտեղ մարդը Աստուծմէ կը պատուուի առաքինութեան վարձքով:

Այսքանը այս մասին:

Ասկէ ետք կը ճառէ, թէ ինչպէ՞ս փառաւորուեցաւ Հօր Աստուծմէ:

Խօսք. «Բայց հիմա հոգիս խռոված է» (Յհ 12.27):

Մեկնութիւն. այս խօսքը երկուքի կը բաժնուի. նախ՝ այստեղ փառքի խնդրուածքը կը դնէ: Երկրորդ՝ փառքի խոստումը, այնտեղ՝ «ձայն մը եկաւ երկինքէն» (Յհ 12.28):

Առաջինին համար գիտելի է, թէ Քրիստոս Իր մարդկային ճշմարիտ բնութիւնը յայտնելով կը ցուցնէ զգայական մասին տենչումը՝ ըսելով. «Բայց հիմա հոգիս [գրաբարով՝ անձն իմ] խռոված է» (Յհ 12.27):

Այստեղ հինգ բան կը ցուցնէ. նախ՝ Ապողինարին դէմ, որ կ՚ըսէր, թէ Քրիստոս հոգի եւ միտք չունի: Այստեղ անձս հոգիին համար կ՚ըսէ, իսկ խռովիլ՝ միտքին:

Երկրորդ. անոնց դէմ, որոնք չարչարանքները աչքին երեւցող կ՚ըսեն, քանի որ Քրիստոս ուրիշները յօժարեցուց հետեւիլ Իր մահուան: Եւ որպէսզի չըսեն, թէ Դուն վախ չունիս մահէն եւ չարչարանքները չես զգար, այդ պատճառով՝ այս կարծիքին հակառակ, Քրիստոս յիշեց Իր հոգիին խռովութիւնը, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ:

Երրորդ. բան մը կը խռովի, երբ կը շարժի, եւ ըստ այսմ ծովը, քանի որ յուզուած եւ խռովուած կը կոչուի, իսկ Քրիստոսի մօտ, որովհետեւ Աստուածութիւնը կ՚արտօնէր զգայական մասինը գործել, ինչ որ յատուկ էր Անոր՝ առանց մեղքերու: Իսկ այստեղ, երբ Քրիստոսի չարչարանքը մօտեցաւ, զգայական յօժարութիւն, որ խորթ կամք կը կոչուի, շարժեցաւ դէպի երկիւղ, բնական կրումներուն համար՝ սոսկալու եւ քստմնելու, ու ասիկա է որ այստեղ հոգիի խռովութիւն կը կոչէ: Ո՞ր ժամուն. «Հիմա հոգիս խռոված է», այսինքն՝ նեղուած ու տրտմած՝ չարչարանքներուն մօտիկ ըլլալուն համար:

Չորրորդ. գիտելի է, թէ այս երկիւղն ու տրտմութիւնը Քրիստոսի մօտ աւելի էր երեք պատճառով. նախ՝ քանի որ Հօրմէն ստուգապէս գիտէր, որ մահուան տրուած է: Երկրորդ՝ որովհետեւ Ինք կամովին եկաւ: Երրորդ՝ կը տեսնէր, թէ բոլոր հրեաները յօժար էին զԻնք չարչարելու: Իսկ մենք այն ատեն կը զգանք ու կը ցաւինք, երբ ցաւը զգալապէս կը հասնի մեզի, իսկ Տէրը նախապէս գիտէր:

Հինգերորդ. գիտելի է, թէ Քրիստոս չորս պատճառով տրտմեցաւ. առաջին՝ Քրիստոս երբ կ՚ուզէր Հօր աղօթել, նախ տրտմեցաւ ըստ մարդոց սովորութեան, [որոնք] երբ կ՚ուզեն բան մը խնդրել, նախ տրտմութիւնը կը յայտնեն: Երկրորդ՝ տրտմեցաւ անհաւատներուն կորուստին՝ խաչելութեան ներկայ եւ յետոյ եկողներուն համար: Երրորդ՝ տրտմեցաւ, որովհետեւ ոչ թէ ուրուական, այլ՝ ճշմարիտ չարչարանքները ու ճշմարիտ մարմինը կը ցուցնէ, որով ներգործեալ ճշմարիտ փրկութիւն կ՚ըլլայ: Չորրորդ՝ տրտմեցաւ, որպէսզի նախահօր եւ բնութեան տրտմութիւնը կրէ ու վերացնէ:

Ասկէ ետք Քրիստոսի Հօր ուղղուած աղօթքը կը դնէ.

Խօսք. «Եւ ի՞նչ ըսեմ» (Յհ 12.27):

Մեկնութիւն. այս խօսքը վարդապետները վեց կերպով կը մեկնեն. նախ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ. ոչ թէ հրաժարելով կը մաղթէ խաչի չարչարանքները, այլ՝ որպէսզի աշխարհի փրկութեան արգելք չըլլայ: Նախ հաւատացեալներուն հաստատութեան համար, եւ երկրորդ, որպէսզի վերացնէ առ աչօք ըսողներուն կարծիքը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Իսկ ըսելը՝ «ասոր համար եկայ», չարչարանքներուն կամաւորաբար գալը: Եւ դարձեալ՝ կը խրատէ մեզ յօժարութեամբ կրել տրտմականները, որ մեր փրկութեան համար է եւ հատուցումի վարձքի, ինչպէս Մեկնիչէդ յայտնի է: Երկրորդ՝ ոմանք կը մեկնեն. «Եւ ի՞նչ ըսեմ», իբրեւ թէ ըսել, թէ այս զգայական յօժարութիւններէն խնդրուածք ըրի:

Խօսք. «Հա՜յր, ազատէ՛ զիս այս ժամէն» (Յհ 12.27):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ փրկէ՛ զիս մօտալուտ չարչարանքներէն, սակայն ըստ բանական կամքին, որ միացած էր Բանին կամքին, որ ամբողջութեամբ կը տիրէր զգայական մասին, կը կամենար չարչարուիլ Հօր հնազանդելու եւ մարդոց փրկութեան համար, այդ պատճառով ետքէն կ՚ըսէ.

Խօսք. «Այս ժամուն համար եկած եմ» (Յհ 12.27):

Մեկնութիւն. որպէս թէ ըսել. «Այդ բանին համար աշխարհ եկայ, որպէսզի չարչարուիմ»: Դարձեալ՝ այս ժամուն համար եկայ, որպէսզի Հօր կամքը կատարեմ: Դարձեալ՝ անոնց համար չարչարանքներուն եկայ, որպէսզի մարդիկը փրկեմ: Ասիկա երկրորդ միտքը:

Երրորդ. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Եւ ի՞նչ ըսեմ, Հա՜յր փրկէ զիս», այսինքն՝ ոչինչ կրնամ ըսել, խնդրելով զերծ մնալ մահէն, որովհետեւ այդ բանին համար աշխարհ եկայ, որպէս թէ ըսել՝ «Ես խռոված եմը չեմ ըսեր՝ մահէն խոյս տալու համար»:

Չորրորդ. ոմանք կ՚ըսեն, թէ ի՞նչ ըսեմը, խորհրդական անդամներս ուսուցանելու համար է, որովհետեւ Քրիստոս աղօթեց մեզի աղօթքի օրինակ տալու համար:

Հինգերորդ. ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ ի՞նչ ըսեմ, այսինքն՝ որո՞ւ դիմեմ [աղօթեմ], եթէ ոչ Հօր, Որուն կամքը նախ կը դնեմ, քան՝ Իմ կամքս, այդ պատճառով այս ժամուն համար եկայ, որպէսզի ըստ Հօր կամքին չարչարուիմ: Ասիկա Քրիստոսի մէջ երկու կամք չի՛ ցցներ, որպէս թէ մէկը կը խնդրէ մահէն ազատիլ, իսկ միւսը զԻնք մահ կը կամենայ, այլ՝ մէ՛կ է բանական հոգիին կամքը Բանին միացած կամքին հետ, որով մեռնիլ կը խնդրէր, եւ նոյն կամքը արտօնեց զգայական յօժարութեան խնդրել փրկուիլ, որովհետեւ միեւնոյն կամքով Հօրմէն կը խնդրէր զգայականով չմեռնիլ, իսկ բանականով՝ մեռնիլ:

Վեցերորդ. դարձալ նոյն վարդապետը կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս երբ Իր խռովութիւնը ցոյց տուաւ՝ ըսաւ. «Ի՞նչ ըսեմ», ասով մեզի սորվեցնելով, թէ երբ այսպիսի խռովութիւն կը կրենք, պէտք չէ յուսահատինք կամ անյուսութեամբ ինչ-որ բան բարբառինք, այլ՝ Հօր դիմենք ու Անոր յուսանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ     

•շար. 121

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021